ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
Շաբաթ, 14 փետրուար 2015-ի վեցերորդ էջը լեցնող Արարատ Կոստանեանի ՏԵՍԱԿԷՏը` «Որոշ նկատառումներ Սիրիայի տագնապի մասին», նաեւ «Ազդակ»-ի 2015-ի բացառիկին մէջ տեղ գտած Ստեփան Թոփչեանի յօդուածը` «Այս երկրում ինչպէ՞ս էք ապրում, ինչպէ՞ս էք սա յաջողեցնում», ինչպէս նաեւ Հայաստանի պետական Հ1 հեռատեսիլի 30 դեկտեմբեր 2014-ի գլխաւոր լուրերէն ետք սփռուող հարցազրոյցին, արաբագէտ Սարգիս Գրիգորեանին ելոյթը նուազագոյն վարկածով կը ցոլացնէ անտրամաբանութեան հասնող միակողմանի տեսակէտներ: Ես պիտի փորձեմ, ըստ էութեան, քննարկում չկատարել (գործս չէ), այլ` ընթերցողի մը տրամաբանութիւնը չարչրկող մատնանշումներ կատարել:
- Սկսինք վերջինէն, որուն նիւթը 2014 թուականի Թուրքիա – Միջին Արեւելք ընդհանուր գնահատումն էր (ներկայ էր նաեւ թրքագէտ մը, որուն ելոյթին մասին ոչ մէկ նկատողութիւն): Հաղորդավարը դրական պատասխանի ակնկալութեամբ, ոճով, հարցուց` «Իսլամական պետութիւնը Թուրքիոյ աջակցութի՞ւնը կը վայելէ». Սարգիս Գրիգորեան առանց վարանելու կտրուկ կերպով ըսաւ` ՈՉ: Հապա՞ Մուսուլի գրաւումի պարագային, 1000-է աւելի (կարգ մը աղբիւրներ` 1400) զինամթերքով եւ հազարաւոր զինեալներով լեցուած 2014 թուականի արտադրութիւն «Թոյոթա» տիպի ռազմական բեռնակառքերը ո՞ր երկրի սահմանէն մուտք գործեցին հիւսիսային Իրաք, եթէ ոչ` Թուրքիոյ: Հիւսիսային Սուրիոյ մէջ Թուրքիոյ սահմանին մօտ Քեսապ հայկական աւանի վրայ յարձակումը ո՞ր երկրի աջակցութեամբ եւ ծրագիրով տեղի ունեցաւ, եթէ ոչ` Թուրքիոյ:
- Արարատ Կոստանեանի տեսակէտի երրորդ պարբերութիւնը կը սկսի` «Հայաստանեան դէպքը ցոյց տալու նպատակս է պարզապէս շեշտել այն, որ ժողովրդավարութիւն կարելի է հաստատել այլ երկրներում, բայց` ոչ Սիրիայում»: Նախ ամբողջ յօդուածին մէջ որեւէ ակնարկութիւն չկայ «Հայաստանեան դէպքը»-ի մասին: Երկրորդ, այսպիսի պատասխանատու եւ կտրուկ հաստատում կ՛ենթադրէ ուսումնասիրած ըլլալ բոլոր այլ երկիրներու ժողովրդավարութիւն հաստատելու կարելիութիւնը, ինչ որ կը բացակայի գրութեան մէջ:
Եօթներորդ պարբերութեան մէջ կը կարդանք, «Այնպէս որ, դժուար է գտնել որեւէ փաստարկ, որում կը նշուի, թէ հնարաւոր է, որ «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման մարտիկներն օգտուեն քարիւղի հումքից»: Եթէ ըսել կ՛ուզէ, թէ քարիւղը զտելու եւ վառելանիւթէն մինչեւ կերպընկալ նիւթեր արտադրելու ենթակառոյցը կամ կարողութիւնը չունին, ապա շատ մը քարիւղ արտադրող երկիրներ քարիւղը որպէս հում նիւթ կը վաճառեն. նոյնպէս ալ «Իսլամական պետութիւն»-ը հիւսիսային Սուրիայէն եւ Իրաքէն Թուրքիոյ կը վաճառէ ցած գիներով (կարդալ վերեւ յիշուած Ստեփան Թոփչեանի յօդուածը):
Այլ տեղ կը կարդանք. «Մինչ օրս Սիրիան միակ համաարաբական երկիրն է, որը դեռեւս չունի երկարամեայ ոխերիմ թշնամի Իսրայէլի հետ խաղաղութիւն հաստատելու ծրագիր»: Ահա կրկին չհիմնաւորուած հաստատում մը: Նուազագոյն պարագային` Լիբանանը նաեւ չունի այդպիսի ծրագիր:
Նախավերջին պարբերութեան մէջ կը կարդանք. «Դժբախտաբար Սիրիայի արմատական իսլամականները չօգտուեցին Թուրքիայում, ինչպէս նաեւ Եգիպտոսում այսպէս կոչուած «Արաբական գարունից» յետոյ յաջողութեամբ կիրառուած «իսլամական ժողովրդավարութեան» մոտելից»: Այս հաստատումը կրնանք ընկալել միայն որպէս իրականութեան չհամապատասխանող ձախողած լոզունգ: Եգիպտոսը շատ կարճ ժամանակամիջոցին արդէն դուրս եկաւ այսպէս կոչուած թրքական «մոտելից»: Իսկ Թուրքիան շատ հեռու է ժողովրդավարութենէն: Նուազագոյն պարագային, երբ ամէն առաւօտ Թուրքիա բնակող բոլոր տարբեր ժողովուրդներու պատկանող աշակերտներ պարտադիր կերպով սուտ պիտի խօսին եւ բացագանչեն` «Փառք Աստուծոյ, որ թուրք եմ»:
Այս յօդուածին մէջ բոլորովին անտեսուած է 150,000-ի հասնող օտար (85 երկիրներէ եկած, ներառեալ թուրք եւ ազերի) ահաբեկիչներու մասնակցութիւնը Սուրիոյ դէմ պատերազմին` միամտօրէն կոչելով զայն յեղափոխութիւն: Նաեւ բոլորովին անտեսուած է օտար երկիրներու, արաբական եւ արեւմտեան, տիրապետող հակասուրիական գործօնը:
- Ստեփան Թոփչեանի վտանգաւոր, զգայացունց եւ ահազանգային յօդուածը, իր խորագիրին հարազատ, առաջին պարբերութեան մէջ կը գրէ. «Մերձաւոր Արեւելքի ներկայ դժոխային իրադրութիւնում, ի՞նչ է սպասում այնտեղ հայութեանը, եթէ ոչ` նորից ցեղասպանութիւն, փրկութիւնը որից` հայերի ելքը կազմակերպելն է»:
Ապա տեղին հարցադրում կը կատարէ առաջին հատուածի վերջաւորութեան. «Բայց նախորդ բոլոր ցեղասպանութիւններն արհամարհելով` ինչո՞ւ է հայը (ներկայի Հայաստանի քաղաքացի, Յ. Չ.) վերստին գնում թուրքի եաթաղանին տակ ապրելու: … կամաւոր պատանդի վիճակում յայտնուած հայութիւնը ապահով գոյութեան պատրանքով դեռ ինչքա՞ն կ՛ապրի Թուրքիա կոչուող սպանդանոցում, այն էլ` արեան ծովում խեղդուող ներկայ Մերձաւոր Արեւելքի պայմաններուն:
Ապա ընդհանուր պատմականը կ՛ընէ իսլամ հաւատադրժողական եւ ծայրայեղ շարժումներուն` մանրամասն եւ իրաւացի կերպով նկարագրելով անոնց անմարդկային եւ գազանաբարոյ վայրագութիւնները:
Դժբախտաբար, սակայն, գրութեան մէջ բոլորովին անտեսուած է այս շարժումներուն հակառակորդ կողմի` յաջողութեամբ դէմ կեցող սուրիական եւ իրաքեան բանակի եւ ժողովուրդներուն կարեւոր հատուածին (վերջերս` Եգիպտոսի ալ), ինչպէս նաեւ լիբանանեան Դիմադրութեան որակաւոր յառաջխաղացքը: Ընթերցողը այն տպաւորութիւնը կը ստանայ, որ այս կազմակերպութիւնները կատարուած իրողութիւն են եւ առանց խոչընդոտի յաջողած են տիրապետել Միջին Արեւելքին: Բան մը, որ երբեք իրականութեան չի համապատասխաներ:
Յօդուածի աւարտին կը գրէ. «Պատերազմական շրջանում Սիրիայից միայն Հայաստան ներգաղթել են 12000 հայեր: Նրանց օժանդակութիւն տրւում է, բայց աշխատանք չգտնելով, բնակարանի վարձի, առօրեայ կարիքների վրայ սպառելով իրենց հետ բերած գումարը` շատերը մեկնել են արեւմտեան երկիրներ: Ուրիշ ի՞նչ կարող էր լինել մի երկրում, որտեղ մոլեգնում են գործազրկութիւնը, աղքատութիւնը, վայրենի բարքերը, անօրինականութիւնը, փտածութիւնը, որտեղ շարունակ խորանում է վիհը հարուստների եւ աղքատների միջեւ, որտեղի անտանելի պայմաններին չդիմանալով` տեղի ժողովուրդն է տարեցտարի արտագաղթում է տասնեակ հազարներով:
Յօդուածի վերջին տողերն են. «Մերձաւոր Արեւելքի ներկայ դժոխային իրադրութիւնում յստակ է, որ հայութեան փրկութիւնը զանգուածային արտագաղթն է, ինչն էլ սկսուել է եւ կը շարունակուի: Իսկ Թուրքիայի հայութիւնը ե՞րբ զանգուածաբար կը հեռանայ այնտեղից (մեր հողերէն, Յ. Չ.)` վերջապէս հասկանալով, որ ազգային փոքրամասնութիւնների կոտորածները վաղը միւս օրը անխուսափելի են…
Ուրեմն, ըստ հեղինակին, քանի որ սուրիահայերու փորձառութիւնը Հայաստանի մէջ ձախողեցաւ, երբ հայաստանցին արդէն Հայաստանէն կ՛արտագաղթէ, ուրեմն Միջին Արեւելքի ամբողջ հայութիւնը պէտք է փախուստ տայ դէպի իր կողմէ չմատնանշուած «ապահով» երկիր(ներ):
Բարեբախտաբար «Ազդակ Բացառիկ»-ի այս յօդուածին կը յաջորդէ Ասպետ Մանճիկեանի ազգաշունչ, հոյակապ գրութիւնը` «Քեսապ 2014-ին. գրաւում եւ ազատագրում» որուն կը յաջորդէ Միհրան Քիւրտօղլեանի նոյնպէս հոգեպարար գրութիւնը` «Արամ Մանուկեան` հայ ազգի գիտակցութեան մէջ անկախութեան գաղափարը եւ արժէքը ամրացնող կերպարը»:
Այս երկու գրութիւնները գրեթէ ամբողջական եւ իրաւացի կերպով կը պատասխանեն Ստեփան Թոփչեանին` ներկայացնելով տոկուն եւ պայքարող հայու կերպարը, որ կերտեց Սարդարապատը եւ ազատագրեց Արցախը եւ պիտի կերտէ Միացեալ, Ազատ, Անկախ Հայաստանը:
17 փետրուար, 2015