Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճեն Փսաքի, մամլոյ ասուլիսի ընթացքին պատասխանելով անցեալ տարի սահմանը կտրած եւ պատանի մը սպաննած ազրպէյճանցիները ազատ արձակելու մասին հարցումին, վերահաստատած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի օգնական Վիքթորիա Նուլընտի` զանոնք մարդասիրական դրդապատճառներով Ազրպէյճանին վերադարձնելու անհրաժեշտութեան մասին յայտարարութիւնը:
«Այդպիսի մարդասիրական քայլ մը պիտի նուազեցնէ ճնշումը եւ վստահութիւն կառուցէ կողմերուն միջեւ: Ահա թէ ի՛նչ նկատի ունէր ան», ըսած է Փսաքի:
Յիշեցնենք, որ ազրպէյճանցի հետախոյզ Տիլհամ Ասքերով Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ դատապարտուած է ցկեանս բանտարկութեան, իսկ Շահպազ Կուլիեւ` 22 տարուան` լրտեսութեան, առանց պատշաճ արտօնութեան Լեռնային Ղարաբաղի պետական սահմանը կտրելու, ապօրինի կերպով զէնք ու զինամթերք կրելու, մարդու բացայայտ առեւանգումի եւ սպանութեան համար: