Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած են այսպէս կոչուած «Խոջալուի ցեղասպանութեան» նուիրուած ձեռնարկներ, որոնց ծիրին մէջ երկրին տարբեր վայրերուն մէջ խիստ հակահայկական, խտրական եւ ատելութիւն սերմանող պաստառներ տարածուած են:
Թուրք երիտասարդներու խումբ մը Հրանդ Տինքը սպաննած Օկիւն Սամասթը գովաբանող կարգախօսներ վանկարկած է: Աւելի ուշ երկրին տարբեր քաղաքներուն մէջ տեղադրուած են պաստառներ, որոնց վրայ գրուած է. «Կը շնորհաւորեմ մեր երկիրը հայերէն մաքրելու 100-ամեակը. կը հպարտանանք մեր փառապանծ նախահայրերով»:
Նկարները նաեւ տեղադրուած են համացանցի վրայ, որուն շատ օգտատէրեր, սակայն, տեղի ունեցածը նկատած են 1915-ին տեղի ունեցած ցեղասպանութեան հաստատում եւ խոստովանութիւն: