Աւետիսեաններու ընտանիքի դաժան սպանութենէն 40 օր անցած է: Երէկ Աւետիսեաններու տան մօտ հաւաքուած հարազատները կը բողոքէին, որ սպանդէն 40 օր անցած է, սակայն իբրեւ նաեւ տուժողի իրաւայաջորդներ որեւէ հարցումի պատասխան չեն ստացած:
Հարազատները լրագրողներուն հետ զրոյցի մը ընթացքին նշեցին, որ չեն հաւատար, որ զինուոր մը առանձին կրնայ նման բան կատարել: Անոնք ըսին նաեւ, որ կը պատրաստուին նստացոյց եւ հացադուլ յայտարարելու Գիւմրիի մէջ Ռուսիոյ հիւպատոսարանին մօտ:
Աւետիսեաններու բնակարանէն հարազատները ուղղուեցան «Շիրակ» գերեզմանատուն, ուր ամփոփուած են Աւետիսեաններու ընտանիքին աճիւնները: Գերեզմանատան մէջ տեղի ունեցած հոգեհանգստեան արարողութեան կը մասնակցէին նաեւ մարզային ու քաղաքային իշխանութեան ներկայացուցիչներ եւ մարզէն ընտրուած Ազգային ժողովի պատգամաւորներ: