Սպարտակ Մոսկուա կը շարունակէ նախապատրատուիլ Ռուսիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան դարձի հանգրուանի մրցումներուն:
Նախորդ շաբաթավերջին Սպարտակ ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին 1-0 արդիւնքով յաղթեց նորվեկիական Շթրոմկորեթցին` շնորհիւ Տմիթրի Քոմփարովի նշանակած կոլին (փենալթիով):
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Եուրա Մովսիսեան իբրեւ հիմնական մարզիկ դաշտ ներկայացաւ Սպարտակի հետ: Սակայն 7-րդ վայրկեանին ան չյաջողեցաւ փենալթի մը կոլի վերածել, երբ մրցակիցին բերդապահը զսպեց դէպի իր բերդը ուղղուող գնդակը: