
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շաբաթավերջին հանդիպում մը ունեցաւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ:
Պըրրի յայտնեց, որ Հարիրիի հետ հանդիպումը դրական եղած է ինչպէս միշտ` աւելցնելով, որ քննարկուած են Լիբանանի շահերը պաշտպանելու եւ նախագահական ընտրութիւն կատարելու հեռանկարները:
Միւս կողմէ, Պըրրի գոհունակութիւն յայտնեց Պեքաայի մէջ լիբանանեան ապահովութեան ուժերուն գործադրած ապահովական ծրագիրին առումով: Ան հաստատեց, որ Պաալպեքի Պրիթել շրջանը կարելի է զբօսաշրջական կեդրոնի վերածել` նկատի ունենալով, որ ան մաքրուած է առեւանգող աւազակախումբերէ եւ թմրեցուցիչի մաքսանենգներէ: