Առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ 10 փետրուար 2015-ին, հաշմանդամներու յատուկ բացիկ մը կրող քաղաքացի Լորիս Խալիլ ուղղուած է «Օթել Տիէօ» հիւանդանոց` այցելելու համար ոսկրաբուժ Խալիլ Խարրաթի:
Լորիս Խալիլ 16 մայիս 2013-ին Հատաթի մէջ ենթարկուած է արկածի մը, որուն պատճառով մարմնական ծանր վնասուածքներ կրած է:
Խորհրդակցելէ ետք բժիշկ Կապրիէլ Սալիպայի հետ, վերջինս որոշած է զայն անմիջական վիրահատումի ենթարկել եւ յանձնարարած է երկու ամսուան հիւանդանոցային խնամք:
Այս մասին բժիշկ Սալիպա տեղեակ պահած է բժիշկ Խարրաթը եւ Լորիս Խալիլէն պահանջած ուղղուիլ «Օթել Տիէօ» ու ամբողջացնել առողջապահութեան նախարարութեան հաշուոյն բուժուելու յատուկ փաստաթուղթերը:
Հիւանդանոցը Լորիս Խալիլին յայտնած էր, թէ անոր պարագան պիտի սերտուի: Սակայն «Օթել Տիէօ»-ի կողմէ հիւանդը անպատասխան ձգելու իրականութիւնը մղեց, որ Խալիլի հարցին հետեւող Տեղեկատուութեան կաթողիկէ կեդրոնի նախագահ հայր Ապտօ Ապու Քասմ ուղղակի կապ հաստատէ առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի հետ եւ այս մասին տեղեակ պահէ զայն:
Իր կարգին, Ապու Ֆաուր նախարարութեան բժշկական խնամքի բաժանմունքի տնօրէն բժիշկ Ժոզեֆ Հըլուէն պահանջած էր «Օթել Տիէօ» հիւանդանոցին տնօրէնութեան հետ հետապնդել Լորիս Խալիլի հարցը:
Բժիշկ Հըլու հիւանդանոցին տնօրէնութիւնը բազմիցս տեղեակ պահեց, որ Խալիլ նախարարութեան հաշուոյն պիտի բուժուի, սակայն ան մնայուն կերպով լսեց հիւանդանոցին մերժումը, այն պատճառաբանութեամբ, որ կատարուելիք վիրահատումը շատ սուղ է:
Այս հարցով բժիշկ Հըլու անցեալ ուրբաթ, 20 փետրուար 2015-ին այցելեց «Օթել Տիէօ»-ի տնօրէն Սամի Ռըզքի, որ հաստատեց իր մերժումը:
Նկատի ունենալով այս իրականութիւնը, նախարար Ապու Ֆաուր խզեց «Օթել Տիէօ»-ի հետ նախարարութեան գործակցութիւնը:
Նախարարը շեշտեց, որ կարգ մը հիւանդանոցներու կողմէ քաղաքացիներուն միջեւ դասակարգային խտրութեան համաձայն գործելու ընթացքը պէտք է վերջ գտնէ: Ան շեշտեց, որ ինք վայրկեան մը իսկ պիտի չվարանի այլ հիւանդանոցներու պարագային նման որոշումներ տալէ:
«Այն պետութիւնը, որ կը ձախողի համոզել հիւանդանոց մը` համեստ դասակարգի քաղաքացի մը իր հաշուոյն բուժելու իմաստով, պետութիւն չէ: Հետեւաբար քաղաքացիներն ու պետութիւնը նուաստացնելու որեւէ փորձ արտօնելի չէ: Իսկ պետութիւնը միշտ բոլորէն հզօր է», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ: