Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասիլ Պաշտօնական Այցելութեամբ Մը Կ՛ուղղուի Լատինական Ամերիկա

February 23, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

10957681_856734044383175_3647696773242864249_nԱրտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ շաբաթավերջին պաշտօնական այցելութեամբ մը ուղղուեցաւ Լատինական Ամերիկայի երկիրներ:

Պասիլ իր շրջապտոյտը սկսաւ Քուպայէն, ուր հանդիպում մը ունեցաւ քուպացի իր պաշտօնակիցին` Պրունօ Պարիայի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի եւ Քուպայի արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ ստորագրուած համաձայնագիրներուն գործադրութեան հեռանկարները:

Պարիա շեշտեց Քուպայի զօրակցութիւնը Լիբանանին, անոր անկախութեան եւ գերիշխանութեան` ընդգծելով անոր գերիշխանութեան դէմ գործուող իսրայէլեան ոտնձգութիւններուն վերջ տալու անհրաժեշտութիւնը:

Իր կարգին, Պասիլ ողջունեց Քուպայի եւ Միացեալ Նահանգներուն միջեւ յարաբերութիւնները բարելաւելու իրականութիւնը:

Քուպայի Միջազգային յարաբերութիւններու հիմնարկին մէջ իր դասախօսութեան ընթացքին Պասիլ շեշտեց լիբանանեան համերաշխութեան օրինակը: Ան ըսաւ, որ իսկական ժողովրդավարական վարչակարգերը կ՛արգիլեն արտաքին միջամտութիւնները` աւելցնելով, որ Լիբանան այս հոգեբանութեամբ կը փորձէ լուծել նախագահական ընտրութեան հարցը:

Ան հաստատեց, որ Լիբանան առանց հանրապետութեան նախագահի չի կրնար գոյատեւել, սակայն արտաքին պետութիւնները իրենց կարգին չեն կրնար Լիբանանը կառավարելու ցուցմունքներ տալ:

Ան նկատել տուաւ նաեւ, որ ներքին երկխօսութիւնը միակ միջոցն է հարցերը լուծելու եւ ծայրայեղութեան ու ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու:

Նշենք, որ Պասիլ լիբանանցի առաջին արտաքին գործոց նախարարն է, որ 45 տարի ետք կ՛այցելէ Քուպա:

Երէկ Պասիլ այցելեց Մեքսիքօ, ուր ընդունուեցաւ Մեքսիքոյի արտաքին գործոց նախարարութեան Ափրիկէի եւ Միջին Արեւելքի գրասենեակի ընդհանուր տնօրէն, դեսպան Մարիա տի Քարմեն Օնիաթիի կողմէ:

Պասիլ այցելեց Մեքսիքոյի յոյն ուղղափառ համայնքի առաջնորդարան, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Անթոնիոս Շատրաուի եպիսկոպոսին հետ:

Պասիլ հանդիպում մը ունեցաւ Մեքսիքոյի մէջ լիբանանեան գաղութի ներկայացուցիչներուն հետ, որոնց ներկայութեան շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքար կը մղուի` աւելցնելով, որ առանց Լիբանանի ահաբեկչութիւնը ամբողջ աշխարհին պիտի տիրէ:

 

 

Նախորդը

Միշել Սլէյման Կոչ Ուղղեց Միջազգային Ընտանիքին Արաբական Երկիրներուն Հետ Պատերազմելու Ահաբեկչութեան Դէմ

Յաջորդը

Պըրրի – Հարիրի Հանդիպում

RelatedPosts

Լիբանանեան Նախարարական  Պատուիրակութիւն Մը  Դամասկոս Այցելեց
Լիբանանեան

Լիբանանեան Նախարարական Պատուիրակութիւն Մը Դամասկոս Այցելեց

November 3, 2026
Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ  Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական  Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան  Մատակարարումը Ընդհատել
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան Մատակարարումը Ընդհատել

November 3, 2026
Ժողովրդավարական Հանդիպում  Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Ժողովրդավարական Հանդիպում Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.