Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Կառավարութիւնը 350 Միլիոն Դրամ Կը Տրամադրէ Վերաբնակեցման Ծրագիրներուն

Փետրուար 21, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

22015_pnagՎերաբնակեցման ծրագիրը Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան կառավարութեան առաջնահերթութիւններէն է: Այդ պատճառով Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան իշխանութիւնները տարուէ տարի կ՛աւելցնեն վերաբնակեցման համար նախատեսուած գումարը:

«Արմենփրես»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքինփոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեան շեշտած է, որ արդէն երրորդ տարին ըլլալով կառավարութիւնը կ՛իրականացնէ վերաբնակիչներուն շինանիւթ տրամադրելու ծրագիրը:

«Վերջին 3 տարիներուն պետական պիւտճէէն մէկ երկիլիոնէն աւելի գումար յատկացուած է այդ ծրագիրին: 2015-ին պետական պիւտճէով նախատեսուած է տրամադրել 350 միլիոն դրամ շինանիւթ ձեռք բերելու եւ ատիկա վերաբնակիչներուն յանձնելու համար: Ասիկա շատ կարեւոր ծրագիր է, որովհետեւ նախորդ 10 տարիներուն Քաշաթաղի շրջանը վերաբնակեցուած ընտանիքները կարիք ունէին բնակարանային պայմաններու բարելաւման», ըսած է Արթուր Աղաբեկեան` շեշտելով, որ 2014-ին վերաբնակեցման աջակցող կարեւոր ծրագիրներէն է լիբանանահայ համայնքի նախաձեռնած «ԱՌԻ» ծրագիըը, որուն  ծիրին  մէջ այս տարի 50 առանձնատուն պիտի յանձնուի շահագործման:

Վերաբնակեցման առանցքային ծրագիրներէն մէկը, ըստ փոխվարչապետին, Ազգային վիճակահանութեան կազմակերպումն է: Արթուր Աղաբեկեան վստահեցուցած է, որ արդէն երկրորդ տարին ըլլալով ընթացող ազգային վիճակահանութիւնը բարձր արդիւնքներ ցոյց տուած է. հանրութիւնը ինք կ՛աջակցի Արցախի վերաբնակեցման` գնելով վիճակահանութեան  տոմսեր:

«Արցախի կառավարութիւնը կարեւոր կը նկատէ ազգային վիճակահանութեան կազմակերպումով վերաբնակեցման ծրագիրի խթանումը: Իր աւարտին կը մօտենայ Իշխանաձորի մէջ 10 առանձնատան կառուցումը, որուն  գումարը յառաջացած է 2013-ին` վիճակահանութեան շահէն: 2014-ի վիճակահանութեան շահը նոյնպէս պիտի ուղղուի Իշխանաձորի մէջ ենթակառոյցներու բարելաւման», ըսած է Արթուր Աղաբեկեան` աւելցնելով, որ Իշխանաձորի համայնքը ունի բնակիչներ ընդունելու եւ անոնց բարեկեցութիւնը ապահովելու բոլոր աղբիւրները:

«Իշխանաձորի համայնքին մէջ այսօր 240 բնակիչ կայ, կը գործէ գիւղապետարան եւ դպրոց: Գիւղը ապահովուած է ըմպելի ջուրով եւ ունի հսկայական տարածքներ բնակարանաշինութեան համար: Մեր առաջնային նպատակը Իշխանաձորի համայնքի բնակիչներուն թիւը 1000-ի հասցնելն է», ըսած է Արթուր Աղաբեկեան` աւելցնելով, որ Իշխանաձորի վերաբնակեցումը սերտօրէն կապուած է այլ` Արաքսի ափի վերաբնակեցման ծրագիրին: Փոխվարչապետին գնահատումով, իրենց առջեւ յաւակնոտ եւ պատասխանատու նպատակ դրուած է, եւ վստահ են, որ արդիւնքը դրական պիտի ըլլայ:

«Արաքսի հովիտ» ծրագիրին ուղղութեամբ կառավարութիւնը կը շարունակէ ենթակառոյցներու բարելաւումը եւ գործարար միջավայրի ձեւաւորումը` նպատակ ունենալով այդ շրջանին մէջ եւս իրականացնել վերաբնակեցման աշխատանքներ:

«Արաքսի ափի» վերաբնակեցման ծրագիրի իրագործումը նոր աշխատատեղեր կը բանայ: Կառավարութիւնը նպատակ դրած է 10 հազար հեկտար հող նախապատրաստել հողագործութեան համար: Մէկ հեկտարի համար ներդրուած գումարը 400,000 դրամ է: Լաւ կը հասկնանք, որ այսօր հող օգտագործողը ի վիճակի չէ իր գրպանէն այդ գումարը ներդնելով` մաշումի ենթարկուած հողը վերամշակելու եւ հողագործութեամբ զբաղելու: Ուրեմն, պետական աղբիւրները կը ներդրուին այն ակնկալութեամբ, որ հող օգտագործողը մէկ հեկտարէն կը ստանայ քանի մը միլիոն շահոյթ եւ կարելիութիւն կ՛ունենայ 10 տարուան ընթացքին վճարելու պետական ներդրումը եւ դառնալու հողի սեփականատէր», ըսած է Արթուր Աղաբեկեան:

Արդէն երկրորդ տարին ըլլալով Արցախի կառավարութիւնը կ՛իրականացնէ Ազգային վիճակահանութիւնը, որուն հասոյթը կ՛ուղղուի երկրին մէջ վերաբնակեցման ծրագիրներու իրականացման: Ազգային վիճակահանութեան մէջ շահողները կարելիութիւն կ՛ունենան ձեռք բերելու  «Ղարաբաղ կարպետ» ընկերութեան գորգեր: Ասիկա նաեւ կը խթանէ աշխատատեղերու  բացումը, որովհետեւ նախորդ տարուան ընթացքին  գործարանը Արցախի շարք մը շրջաններուն մէջ  արտադրամասեր բացած է:

 

Նախորդը

«Ուինտի»-Ն Լիբանանէն Մեկնեցաւ Իր Ետին Ձգելով Սպիտակ Գեղեցկութիւն Եւ Սաստիկ Ցուրտ

Յաջորդը

Հրանուշ Յակոբեան. «Արեւմտահայերէնը Մեր Ազգային Հարստութիւնն Է Եւ Սփիւռքի Լինելութեան Հիմքը»

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
Կալուզին. «Չի Բացառուիր, Որ Լեռնային Ղարաբաղէն  Հեռացածները Որոշ Փուլի Որոշեն Վերադառնալ.  Խաղաղապահներու Ներկայութիւնը Այս Մարդոց Համար  Պիտի Դառնայ Հանգստութեան Լրացուցիչ Գործօն»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Ռուսիա Պատրաստ Է Իր Ներդրումը Ունենալու Երեւանի Եւ Պաքուի Միջեւ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Հարցին Մէջ»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?