
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 12-րդ եւ դարձի 5-րդ հանգրուանի մրցումները դարձեալ յաղթանակի առիթ չեղան ՀՄԸՄ-ի համար` նկատի ունենալով, որ այս անգամ Պիպլոսն էր, որ պատճառ դարձաւ, որ ՀՄԸՄ կրէ իր 5-րդ յաջորդական պարտութիւնը, այս անգամ` 15 կէտի տարբերութեամբ, 94-79 արդիւնքով (29-14, 50-33, 77-58 եւ 94-79):
Պիպլոսէն 21-ական կէտ նշանակեցին Ճեսմըն Եանկպլատ եւ Ռաթքօ Վարտա, մինչ Մազեն Մընէյմնէ եւ Ալի Քանաան յաջորդաբար նշանակեցին 16 եւ 13 կէտ:
Ինչ կը վերաբերի ՀՄԸՄ-ին, խումբին մարզիկները դաշտ ներկայացան հետեւեալ կազմով (փակագիծերուն մէջ` անոնց դաշտ ներկայացած ժամանակը եւ նշանակած կէտերը).
Մարիօ Ապպուտ (4′ 14″), Ռաշատ Մաքանթց (40′ 00″, 34 կէտ, 3 ռիպաունտ), Սեւակ Քեթենճեան (24′ 03″, 2 կէտ, 3 ռիպաունտ), Մայքըլ Ֆրէյզըր (40′ 00″, 25 կէտ, 16 ռիպաունտ), Մարք Քորճեան (20′ 22″, 5 կէտ, 1 ռիպաունտ), Ճիմի Սալեմ (35′ 34″, 11 կէտ, 3 ռիպաունտ) եւ Ճօ Վոկըլ (35′ 45″, 2 կէտ եւ 7 ռիպաունտ):
Օրուան իրաւարարներն էին` Ռապիհ Մասրի, Ժորժ Սաատ եւ Նիքոլա Մաալուֆ:
Այսօր կը սկսի դարձի 6-րդ հանգրուանը Շանվիլ – Թատամոն մրցումով, որ տեղի պիտի ունենայ Տիք Մըհտիի մէջ, երեկոյեան ժամը 17:50-ին:
ՀՄԸՄ երկուշաբթի, 23 փետրուարին երեկոյեան ժամը 18:00-ին «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ կը հիւրընկալէ Հուփսը:


