Շուէտի մէջ սկսած դահուկարշաւի աշխարհի ախոյեանութիւնը, որ կ՛ընթանայ բաւական հետաքրքրական մթնոլորտի մէջ, պիտի տեւէ մինչեւ 1 մարտ:
Դահուկավազքի աղջկաց 5 քիլոմեթրի զտումի մրցումներուն Հայաստանէն հանդէս եկան 4 մարզիկներ:
Լաւագոյն տասնեակը եզրափակեց Քաթիա Գալստեան (15’13”), որ յառաջատարէն զիջեցաւ 1′ 49″ արդիւնքով:
22-րդ դիրքը գրաւեց Աննա Մխիթարեան` 2′ 53″ ուշացումով:
Լիլիթ Տօնոյեան 17′ 12″ արդիւնք մը արձանագրելով գրաւեց 32-րդ դիրքը:
42 մասնակցողներուն մէջ 37-րդ դիրքը գրաւեց Հայկանուշ Երիցեան` 4′ 55″ ուշացումով:
Արձանագրելով 13′ 33″ արդիւնք մը` առաջին հանդիսացաւ Չինաստանէն Չուն Ժուէ: