«Հայաստանն ու Լեռնային Ղարաբաղը կողմնակից են տագնապի բացառապէս խաղաղ լուծման», յայտարարած է Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան խորհրդարանական վեհաժողովի (ՀԱՊԿ ԽՎ) պատուիրակութեան ղեկավար, Ազգային ժողովի փոխնախագահ Էդուարդ Շարմազանով, Վիեննայի մէջ ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովի ընդհանուր քարտուղար Սփենսըր Օլիվըրի հետ երէկ իր ունեցած տեսակցութեան ժամանակ:
Շարմազանով, որ Վիեննա կը գտնուէր ԵԱՀԿ-ի խորհրդարանական վեհաժողովի ձմեռնային նստաշրջանի աշխատանքներուն մասնակցելու նպատակով, ընդգծած է, որ տագնապը պէտք է լուծուի ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ձեւաչափին մէջ եւ անընդունելի նկատած է Ազրպէյճանի կողմէ խնդիրի զինուորական ճամբով լուծման փորձերը:
Խօսելով Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին մասին` Շարմազանով յոյս յայտնած է, որ ապրիլ 2015-ին ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովի ներկայացուցիչները կը մասնակցին Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի ոգեկոչման արարողութիւններուն: