Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մարաշի Աղէտի Ազդեցութիւնը Երգ-Երաժշտութեան Վրայ (Մարաշի Աղէտին 95-րդ Տարելիցին Առիթով)

Փետրուար 20, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

22015_Marash122015_Marash2Այս տարի 2015-ը համահայկական առումով երբ կ՛ոգեկոչենք Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը, միւս կողմէ կը զուգադիպի Մարաշի աղէտին 95-րդ տարելիցը:

100 տարուան ընթացքին ակնյայտ է, որ հայ ժողովուրդը երգ-երաժշտութեամբ նաեւ յիշել տուաւ, քարոզեց, ոգեկոչեց ու հատուցման համար  պահանջեց իր արդար իրաւունքը` նախահայրերու հողերը, արիւնը եւ մշակութային կալուածները: Այս բոլորը արտացոլաց երգ-երաժշտութեան բնագաւառի համատարած բոլոր ճիւղերուն մէջ:

Օսմանեան կայսրութեան կողմէ կանխամտածուած եւ ծրագրուած Մեծ եղեռնը շարունակուեցաւ նաեւ Թուրքիոյ քեմալական վարչակարգի ընթացքին նաեւ:

Արդարեւ, 6 փետրուար 1920-ին քեմալական արշաւանքներուն զոհ գացած են նաեւ աւելի քան 13 հազար մարաշցի հայրենակիցներ, քանդուած են` հայկական դպրոցներ, եկեղեցիներ, վանքեր եւ մշակութային այլ կոթողներ:

Հակիրճ ակնարկ մը տալու համար նշենք, թէ Մարաշ անունը յայտնի է հին ժամանակներէն ի վեր: Պտղոմէոսը կը յիշէ Marash ձեւով: Քաղաքի Գերմանիկ(է) անունը տրուած է հռոմէական զօրավար Գերմանիկոսի (Տիբերիոս կայսեր եղբօրորդին) անունով, որ Ք.Ա. 18-ին կու գայ Կոմագենէ` այս երկրի գործերը կարգաւորելու:

Բիւզանդական տիրապետութեան ժամանակաշրջանին քաղաքի հայերը մեծ թիւ կը կազմէին, ուստի քաղաքը կը յանձնուի հայ իշխաններու տիրապետութեան: Այդ իշխաններէն էր Փիլարտոս Վարաժնունին, որ 1071-ին կը հիմնէ բաւականին ուժեղ իշխանութիւն մը Մարաշ կեդրոնով, որ կը գոյատեւէ մինչեւ 1090: Սելճուքներու տիրապետութեան անկումէն ետք  Մարաշ կը միացուի Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութեան: Լեւոն Բ. քաղաքը կը գրաւէ 1189-ին, Հեթում Ա.` 1266-ին:

16-րդ դարուն Մարաշ անցած է օսմանեան տիրապետութեան տակ: Մարաշի մէջ կը գտնուէին ուխտատեղիներ, վանքեր եւ աւելի քան 10 հայկական եկեղեցիներ` առաքելական, կաթոլիկ, աւետարանական եւ Ֆրանչիսկեան հայրերու (Ս. Գէորգ, Ս. Աստուածածին, Ս. Կարապետ, Ս. Սարգիս, Ս. Ստեփանոս, Ս. Քառասուն Մանուկ եւ այլն), որոնցմէ 6-ին կողքին կային նախակրթարան դպրոցներ: Մարաշի մօտ կը գտնուէին Շուղուրի Կարմիր վանքը եւ Վարագայ վանքը: Անմիջապէս յայտնենք, որ վերջինս պէտք չէ շփոթել Վասպուրականի Վարագի հետ:

Կոտորածի նախօրէին Մարաշի մէջ գործող նշանաւոր վարժարաններն էին Ազգային կեդրոնականը եւ Հ. Մալճեանինը: Ունէր` ճեմարան, բարեսիրական հաստատութիւններ, հիւանդանոցներ: 1919-ին լոյս տեսած է «Ճշմարտութիւն» պարբերականը: Եղեռնէն առաջ Մարաշի մէջ կը բնակէին մօտ քսան հազար հայեր:

Մարաշը քեմալական արշաւանքէն ետք Մուսթաֆա Քեմալի կողմէ կոչուեցաւ թրքերէն Քահրաման Մարաշ (հերոս Մարաշ), որ կը գտնուի Լեռնային Կիլիկիոյ` Ատանայէն մօտ 60 քմ հիւսիս, Տաւրոսի լանջերուն, Սէյխան կամ Ճիհուն գետի արեւելեան հովիտի մէջ:

Մարաշի հայերը բռնագաղթի ենթարկուելէն ետք զանազան երկիրներու մէջ հիմնեցին հայրենակցական միութիւններ:

Հետագային Մարաշի աղէտը արտացոլաց երգահաններու եւ երաժշտահաններու ստեղծագործութիւններուն մէջ:

Այսպէս, ուրեմն հայրենակցական միութիւններու շարժումը առաջին անգամ սկսաւ զինադադարի շրջանին, Պոլսոյ մէջ, երբ բիւրաւոր վերապրողներ, տարագրութեան դժոխքէն ազատողներ, ողողեցին Պոլսոյ, Կիլիկիոյ եւ հիւսիսային Սուրիոյ քաղաքներուն դռները: Արեւմտեան Հայաստանէն եւ Կիլիկիայէն տարագրուած համաերկրացի հայերը միաւորուելով` կազմեցին հայրենակցական միութիւններ: Անշուշտ նպատակը նախ իրարու միանալն էր, յետոյ` օժանդակել իրարու, պահել քաղաքին, գիւղին կամ շրջանին կենցաղն ու մշակոյթը, կարօտը: Հայրենակցական այս միութիւնները բնականաբար ունեցան իրենց վարչութիւնները, կանոնագիր-ծրագիրը ու մանաւանդ` միութեան քայլերգը:

Այստեղ կը ներկայացնենք Մարաշի հայրենակցական միութեան երգը (չշփոթել քայլերգին հետ), որ Արամ Պետրոսեանի հեղինակութիւնն է: Հեղինակը կը նկարագրէ Մարաշի պարպումը, փլատակութիւնը, սրբութեան պղծումը եւ այլն:

Մարաշի Հայրենակցական Միութեան Երգը

Մարաշ մընաց առանց հայի,
Փողոցները ամայի,
Շուկայ, խանութ եւ շէն տուներ
Փըլատակ են` գոց, անտէր:

Եկեղեցի, դաս եւ խորան`
Միակ պարծանք հայութեան,
Ժամագիրքեր, Աւետարան
Անարգուեցան ու կորան:

Օ՜ն, ուրեմն, հոգւով, սըրտով`
Մարաշցի՛ք, գանք քովէ քով,
Հարուստ, աղքատ, տըգէտ, գիտուն,
Ուխտենք պահել Միութիւն:

Հոգ չէ` ըլլանք իսկ կարեվէր`
Ջանա՛նք փութով կանգնիլ վեր,
Պիտի բերէ մեզ կեանք, աւիւն,
Մեր պանծալի միութիւն:

Նահատակներ գերեզմանէն
Գլուխներն իրենց պիտ՛ հանեն`
Ըսեն, «Հանգիստ երթանք ի քուն,
Քանզի տեսանք միութիւն»:

Կենդանութիւն իբըր նըշան`
Ծըլին մեխակ, վարդ, շուշան,
Երգէ հայուն սոխակ սիրուն,
«Կեցցէ՛ Մարաշ – միութիւն» :

Միւս կողմէ, 2006-ին հրատարակուեցաւ «Սայլընթ փրոփականտա» («Silent propaganda», լուռ քարոզչութիւն) խորագիրը կրող խտասալիկը, որ նախաձեռնութիւնն էր խումբ մը հայ երիտասարդներու` «Ազատ» («Azzad»), «Սուլաքթիւ» («Soul active»), «Սմաք» («Smak»), «Պըրտզ աֆ փրէյ» («Birds of prey»), «Սէրուժ» («C-Rouge») եւ այլ ժամանակակից խումբեր, որոնց հիմնադիրները զանազան համալսարաններու մէջ ուսանող հայ երիտասարդներ են: Այս աշխատանքին հեղինակն է Սեւակ Տէր Սարգիսեան: Ան խումբ մը համախոհներու հետ հիմնած է «Ազատ» ռոք խումբը:

Վերոնշեալ խտասալիկին յառաջաբանը վերնագրուած է «Իթ ուազ նաթ է ուոր» («IT WAS NOT A WAR», ասիկա պատերազմ չէ) խօսուն արտայայտութեամբ: Իսկ երգացանկը կը բաղկանայ 9 գործերէ. վերջին գործը Սեւակ Տէր Սարգիսեանին յօրինած «Մարաշ» երաժշտութիւնն է, զոր մշակած է Գառնիկ Պաղտասարեանը: Այս նուագը, որպէս հայկական բնոյթի եղանակ, թէեւ յուզումնալից եւ ցաւալի կը սկսի, բայց ետքը կը նոյնանայ ինչպէս տարագիր հայ մարաշցին, հանգրուանային ձեւով նախ յոյսը կը զօրացնէ իր մէջ, յետոյ ոտքի ելլելով կ՛որոնէ կեանքը, նոյնպէս երաժշտական մեղեդին հետզհետէ կ՛արագանայ եւ պայծառ հնչեղութիւն կը ստանայ:

Մարաշի աղէտէն ետք. 95 տարիներու ընթացքին, մեր ուսումնասիրական այս աշխատանքով երեւան կը հանենք այն ստեղծագործութիւնները, որոնք նուիրուած են Մարաշի:

Թէեւ նոր ստեղծագործողները անցեալին մէջ չեն ապրիր, սակայն անոնք իրենց համոզումներուն եւ գաղափարներուն ներուժը կը ստանան անցեալէն եկող յիշողութենէն: Ուստի, այս ստեղծագործութիւնները եւս շարունակ քանդակուած պիտի մնան մեր միտքերուն մէջ` պահանջատիրութիւն ներշնչելով, պիտի միաձուլուին մեր անցեալին ու ներկային հետ: Հայ դատի պահանջատիրութեան յաջող արդիւնքին համար պարտաւոր ենք պահպանել ու թարմացնել մեր յիշողութիւնը երգ-երաժշտութեամբ, որպէսզի, իբրեւ ազգ, ունենանք մեր բարւոք ապագան:

Արդարեւ, այդ երգերը կը դառնան վճիտ հայելիներ, ուր մենք մեզ աւելի յստակ կը տեսնենք եւ աւելի լաւ կը ճանչնանք ու կը ճանչցնենք:

 

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (20 Փետրուար 1965)

Յաջորդը

43 Որբերու Մկրտութիւնը Անթիլիասի Մէջ

RelatedPosts

Քալիֆորնիոյ Prop 50-ը Եւ Անկէ Անդին
Անդրադարձ

Քալիֆորնիոյ Prop 50-ը Եւ Անկէ Անդին

Հոկտեմբեր 13, 2025
Էջերն Անմահութեան.  Կարօտ Մկրտչեան
Անդրադարձ

Էջերն Անմահութեան. Կարօտ Մկրտչեան

Հոկտեմբեր 13, 2025
Գիր Երախտագիտութեան Եւ Գնահատանքի
Անդրադարձ

Կոմիտասի Բիւրեղեայ Ձայնը Լռեց. Լռութիւնը Դարձաւ Երգ, Դարձաւ Պատարագ Ու Աղօթք

Հոկտեմբեր 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?