Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նուլընտ Ընդգծեց Հայաստանի Արձանագրած Նուաճումները

Փետրուար 19, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

21815_nouԵւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի օգնական Վիքթորիա Նուլընտ, երէկ հանդիպումներ ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ:

Նախագահ Սարգսեան ողջունած է բարձրաստիճան հիւրը եւ յոյս յայտնած, որ Նուլընտի այցելութիւնը Երեւան նոր շունչ կը հաղորդէ  հայ-ամերիկեան բարձր մակարդակի երկխօսութեան: Հանրապետութեան նախագահին համոզումով, այսպիսի այցելութիւնները լաւ կարելիութիւն են, քննարկելու ինչպէս երկկողմանի օրակարգի, այնպէս ալ շրջանային հարցեր եւ միացեալ լուծումներ փնտռելու գոյութիւն ունեցող խնդիրներուն:

Հանրապետութեան նախագահը յոյս յայտնած է, որ Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու նոր դեսպան Ռիչարտ Միլզ, որուն հետ վերջերս հանդիպած է, նոյնպիսի աշխուժութեամբ կը շարունակէ իր նախորդին, Ճոն Հեֆըրնի գործը` մեծ ներդրում  ունենալով հայ-ամերիկեան բարեկամական յարաբերութիւններու ամրապնդման գործին մէջ:

Սերժ Սարգսեան ընդգծած է, որ Հայաստան մեծապէս կարեւոր կը նկատէ Միացեալ Նահանգներու  դերակատարութիւնը մեր շրջանին մէջ  անվտանգութեան եւ կայունութեան պահպանման գործին մէջ, յատկապէս իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիր, Միացեալ Նահանգներու աշխուժ մասնակցութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթին մէջ:

Նախագահը շնորհակալութիւն յայտնած է բարեկամ Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան` անկախութենէն ի վեր Հայաստանին ցուցաբերուած աջակցութեան համար:

Վիքթորիա Նուլընտ գոհունակութեամբ խօսած է Հայաստան այցելութեան ծիրին մէջ, պետական մարմիններու եւ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներուն հետ ունեցած իր հանդիպումներուն մասին: Ան ընդգծած է, թէ Միացեալ Նահանգներ պատրաստակամ են քննարկելու Հայաստանին Միացեալ Նահանգներու  հետագայ աջակցութեան կարելիութիւնները: Նուլընտ նշած է, որ իր երկիրը խորապէս շահագրգռուած է օգտակար ըլլալու Հայաստանին` տնտեսութեան զարգացման, բարեփոխումներու եւ ժողովրդավարութեան, քաղաքացիական հասարակութեան կայացման հարցերուն մէջ եւ ընդգծած է վերոյիշեալ ուղղութիւններով Հայաստանի մէջ արձանագրուած դրական ձեռքբերումները: Ան շնորհակալութիւն յայտնած է Հայաստանին` խաղաղութեան եւ անվտանգութեան պահպանման ուղղուած միջազգային հաւաքական ջանքերուն, մասնաւորապէս Քոսովոյի եւ Աֆղանիստանի խաղաղապահ գործողութիւններուն շահագրգիռ մասնակցութեան համար:

Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման բանակցային հոլովոյթին մէջ գոյութիւն ունեցող մտահոգութիւններուն վերաբերեալ, քննարկած են բանակցութիւնները ի նպաստ շրջանի խաղաղութեան եւ կայունութեան արդիւնաւէտ շարունակելու կարելիութիւնները:

Հանդիպումին ընթացքին անդրադարձ կատարուած է նաեւ միջազգային եւ շրջանային խնդիրներուն, մարտահրաւէրներուն, Հայաստանի ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան օրակարգային հարցերուն, ինչպէս նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով Հայաստանի եւ արտերկրի մէջ նախատեսուած ձեռնարկներուն:

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարը բարձր գնահատած է Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ հաստատուած բարեկամական գործընկերութիւնը եւ յոյս յայտնած, որ միացեալ ջանքերով երկկողմանի համագործակցութիւնը աւելի ամրապնդուի եւ խորանայ:

Շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար` Վիքթորիա Նուլընտ նշած է, որ Միացեալ Նահանգներ մեծ կարեւորութիւն կու տան տարբեր մարզերու մէջ Հայաստանի հետ համագործակցութեան զարգացման եւ պատրաստ են յաւելեալ ջանքեր գործադրելու այդ ուղղութեամբ:

Զրոյցին ընթացքին քննարկուած են երկկողմանի յարաբերութիւններու ընդլայնման ուղղութեամբ ձեռնարկուելիք միացեալ քայլերը:

Անդրադարձ կատարուած է հայ-ամերիկեան տնտեսական գործակցութեան զարգացման հեռանկարներուն, միացեալ նախագիծերու  իրականացման եւ ներդրումներու խրախուսման: Այս առումով կարեւոր նկատուած են երկու երկիրներուն միջեւ իրաւական-պայմանագրային դաշտի ընդլայնման ուղղութեամբ իրականացուող աշխատանքները, մասնաւորապէս Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ առեւտուրի եւ ներդրումներու  շրջանակային համաձայնագիրի մշակումը:

Երկուստեք դրական գնահատուած է 2013 թուականին մուտքի արտօնագրային դրութեան  դիւրացման շուրջ Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարներուն  միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութիւնը այս տարուան  1 յունուարէն ուժի մէջ մտնելը:

Հանդիպումին ընթացքին միտքեր փոխանակուած են  միջազգային եւ շրջանային հրատապ խնդիրներու, ուքրանական ճգնաժամի եւ միջին արեւելեան զարգացումներուն  շուրջ:

Ղարաբաղեան տագնապի բանակցային հոլովոյթի քննարկման ծիրին մէջ, նախարար Նալբանդեան եւ Նուլընտ համակարծիք եղած են, որ պէտք է կարելի բոլոր ջանքերը գործադրել տագնապի բացառապէս խաղաղ լուծման համար, միջազգային իրաւունքի, ուժի եւ ուժի սպառնալիքի չկիրարկման, հողային ամբողջականութեան եւ ժողովուրդներու  ինքնորոշման սկզբունքներու հիման վրայ: Այս առումով նախարար Նալբանդեան կարեւոր նկատած է իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ, Միացեալ Նահանգներու ներդրումն ու դերակատարութիւնը:

Էդուարդ Նալբանդեան խնդրած է իր ողջոյններն ու բարեմաղթանքները փոխանցել արտաքին գործոց նախարար  Ճոն Քերիին եւ վերահաստատած է Երեւան այցելելու անոր ուղղուած հրաւէրը:

Վիքթորիա Նուլընտի եւ լրագրողներուն միջեւ   երէկ տեղի ունեցած զրոյցին ընթացքին լրագրողները մասնաւորապէս հետաքրքրուած են անոր Ազրպէյճանի մէջ ըրած յայտարարութեամբ:   Յայտնենք, որ, ըստ ազրպէյճանական աղբիւրներու, Նուլընտ Պաքուի մէջ յայտարարած էր, թէ իբրեւ  մարդասիրական քայլ, Հայաստան պէտք է Ազրպէյճանին վերադարձնէ գերիներ Շահպազ Կուլիեւը եւ Տիլհամ Ասքերովը: Լրագրողները հարցուցած են` արդեօք կը դատապարտէ՞ զինադադարը խախտելու Ազրպէյճանի գործողութիւնները, եւ արդեօք ներթափանցողներու գործողութիւնները չի՞ նկատեր իբրեւ քրէական յանցանք, Նուլընտ  պատասխանած է. «Մեզի համար շատ մտահոգիչ են սահմանագիծին վրայ  բռնութիւնները, ատիկա իմ այցելութեանս  ընթացքին ըսած եմ թէ՛ Ազրպէյճանի եւ թէ՛ Հայաստանի նախագահներուն: Մենք կ՛ուզենք, որ ըլլան հանգիստ ժամանակներ: Ես խօսած եմ Ալիեւի եւ Սարգսեանի հետ ոչ ոքի օգուտ բերող արիւնահեղութեան դադրեցման մասին: Կը յուսանք, որ յառաջիկային կ՛ըլլայ  խաղաղութիւն, ի շահ բոլոր զինուորներուն, ի շահ շրջանային կայունութեան: Սոսկալի յանցանքը, որ տեղի ունեցած է, անշուշտ,  յանցանք էր, բայց կոչ կ՛ուղղեմ պատկան կողմերուն, կատարել այդ մարդասիրական  արարքը»:

Լրագրողները հարցում ուղղած են Նուլընտին  հայ-թրքական արձանագրութիւններուն մասին` շեշտելով, որ Հայաստանի նախագահը յետս կոչած է զանոնք Ազգային ժողովէն, ուրեմն կարելի՞ է ըսել, որ հոլովոյթը աւարտած է, թէ՞ կրնան ըլլալ այլ հոլովոյթներ: Նուլընտ պատասխանած է. «Մենք հաւատացած ենք, որ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացումը կարեւոր է շրջանային խաղաղութեան եւ կայունութեան համար, եւ մենք կը խթանենք այդ բնականոնացման ուղղուած իւրաքանչիւր ջանք: Կարեւոր է, որ Հայաստան դուրս չէ եկած այդ հոլովոյթէն»: Հարցումին, թէ ինչպէ՞ս կ՛անուանէ իր այցելութիւնը Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր, Նուլընտ պատասխանած է. «Շատ յուզիչ պահեր եղան 1915 թուականի յուշահամալիրին մէջ, ատիկա իմ այցելութեանս  կարեւոր մասն էր»:

Արդարեւ, Նուլընտ երէկ այցելած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր:

Այս մասին կը տեղեկացնէ Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան թուիթըրեան էջը: Այլ մանրամասնութիւններ չեն հաղորդուած:

Յիշեցնենք, որ 2010 թուականին Ծիծեռնակաբերդ այցելած էր նաեւ Միացեալ Նահանգներու օրուան արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն: Այդ մասին տարածուած հաղորդագրութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը նշած էր, որ «արտաքին գործոց նախարարը անձնական  այցելութեամբ եղաւ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ` իր յարգանքի տուրքը մատուցելու 1.5 միլիոն հայերուն, որոնք իրենց կեանքը կորսնցուցին 1915 թուականին»:

 

 

Նախորդը

ՀՅԴ-ն Հանդիպած Է Մտաւորականներու Հետ

Յաջորդը

Ռուստամեան Հաստատեց, Որ Սարգսեան- Ծառուկեան Հաշտութիւն Եղած Է

RelatedPosts

Եւտոքիմով. «Ալիեւի Իմաստութեան Եւ Փութինի Հետ  Անոր Յարաբերութիւններուն Շնորհիւ  Խաղաղութիւնը Վերականգնուած Է»
Հայկական

Եւտոքիմով. «Ալիեւի Իմաստութեան Եւ Փութինի Հետ Անոր Յարաբերութիւններուն Շնորհիւ Խաղաղութիւնը Վերականգնուած Է»

Յունիս 13, 2025
«Հայաստանի Հանրապետութեան Վարչապետի  Բոլոր Միջազգային Այցելութիւններուն Մասին  Ժամանակին Կը Տրամադրուի Պատշաճ Տեղեկատուութիւն»  Կ՛ըսէ Փաշինեանի Բանբերը
Հայկական

«Հայաստանի Հանրապետութեան Վարչապետի Բոլոր Միջազգային Այցելութիւններուն Մասին Ժամանակին Կը Տրամադրուի Պատշաճ Տեղեկատուութիւն» Կ՛ըսէ Փաշինեանի Բանբերը

Յունիս 13, 2025
Փաշինեան Շնորհաւորական Ուղերձներ Յղած Է  Փութինին Եւ Միշուսթինին`  Ռուսիոյ Օրուան Առիթով
Հայկական

Փաշինեան Շնորհաւորական Ուղերձներ Յղած Է Փութինին Եւ Միշուսթինին` Ռուսիոյ Օրուան Առիթով

Յունիս 13, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?