Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուստամեան Հաստատեց, Որ Սարգսեան- Ծառուկեան Հաշտութիւն Եղած Է

Փետրուար 19, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

21815_ArmenՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան երէկ լրագրողներուն հետ զրոյցի մը ընթացքին մանրամասնութիւններ պատմած է Գագիկ Ծառուկեան-Սերժ Սարգսեան հանդիպումին եւ հաշտութեան մասին: Ան հաստատած է, որ հաշտութիւն եղած է:

«Մենք ինչ որ ըսած ենք, հրապարակաւ ըսած ենք: Այս երկու-երեք օրերուն, իսկապէս մեր բոլոր ջանքերը, կարելիութիւնները դրած ենք, որ լուծում գտնուի եւ բոլորը բաւարարող պայմաններ ստեղծուին: Մեր տեղեկութիւններով, այդ հանդիպումը տեղի ունեցած է: Եղած է, որ այսպիսի շրջադարձային փոփոխութիւններ նկատելի են: Ինչ որ կը կատարուի այս ընթացքին, շատ ողջունելի է: Շատ ուրախ ենք, որ առողջ տրամաբանութիւնը յաղթանակած է: Ունինք այնպիսի վիճակ մը, որուն միջոցով լաւ նախադրեալներ ստեղծուած են, որպէսզի հետագայ քայլերը ուղղուին դէպի ժողովուրդին ունեցած խնդիրներու լուծում: Եթէ կողմերը  այս տրամաբանութեամբ առաջնորդուին, մենք ամբողջութեամբ կ՛աջակցինք զարգացումներուն եւ մեր ամբողջ կարողութիւնը կը ներդնենք, որպէսզի կարենանք բարենպաստ նախադրեալները արժեւորել: Չենք կարծեր, թէ  այս քայլով խնդիրները լուծուեցան: Զոհերու եւ արիւնահեղութեան ճամբան պէտք է բացառուի մեր երկրին մէջ: Յօնքը շտկելու  փոխարէն աչքը չհանենք: Ասիկա ողջունելի է, կը մնայ, որ միւս քայլերը կատարենք: Յառաջիկային կը սպասուին լրջագոյն քննարկումներ: Ասիկա պէտք է բոլորին զգօնութեան համար լուրջ ահազանգ ըլլայ, յատկապէս իշխանութիւններուն: Պէտք է ըստ արժանւոյն գնահատուին այն յայտարարութիւնները, որոնք  կը կատարուին Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան առաջնորդին կողմէ: Ասիկա պէտք չէ դիտուի իբրեւ կողմերէն մէկուն համար յաղթանակ, միւսին համար պարտութիւն: Կա՛մ բոլորս կը յաղթենք, կա՛մ բոլորս կը պարտուինք: Բոլոր անոնք, որոնք կը սպասէին, որ երկու կողմերուն բախումէն ձեռքերը տաքցնեն, անոնք հիասթափ պիտի ըլլան, բախում պիտի չըլլայ», ընդգծած է Ռուստամեան: Լրագրողները հարցուցած են, թէ եռեակի ուժե՞րը նկատի ունի, Արմէն Ռուստամեան պատասխանած է. «Անոնք, որոնք իւղ կը լեցնէին կրակին վրայ, որպէսզի ձեռքերը տաքնան, անոնք հիասթափ կ՛ըլլան: Ինչ ըսես կ՛ըսեն: Երկու օր անցած էր յայտարարութենէն, սկսած էին  ատելութեամբ լի սփռումներ կատարել: Ասիկա մեզ կը մտահոգէր, այս կիրքերուն բորբոքումը կ՛աւելցնէր արիւնահեղութեան կարելիութիւնը եւ զոհերու քանակը»:

Այն հարցումին, թէ ի՞նչ գիտէ, որ սառոյցը հալած է, ներկա՞յ եղած է հաշտեցման հոլովոյթին, Արմէն Ռուստամեան պատասխանած է, որ ի տարբերութիւն երկու կողմերուն, որոնք կամուրջները կ՛այրէին, Դաշնակցութիւնը պահպանած է այդ կամուրջները բոլոր կողմերուն հետ: Ռուստամեան մանրամասնութիւնները չուզեց  պատմել, այլ կարեւոր նկատեց արդիւնքը, հաշտեցման ուղղուած իրենց քայլերը: Ըստ անոր, էական չէ թէ յատկապէս ի՛նչ խօսած են եւ ի՛նչ հարցերու շուրջ պայմանաւորուած: Ռուստամեան ընդգծեց, որ կարեւորը այն է, որ իրավիճակի փոփոխութիւն տեղի ունեցած է, ասիկա ակնյայտ է: Ըստ անոր, մագլցումը կանգ առած է եւ նախադրեալներ ստեղծուած են շատ տրամաբանական, հանդարտ պայմաններու մէջ  խօսելու եւ խնդիրներու մասին լուծումներ առաջարկելու:

Հարցումին, թէ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը հիմա Սահմանադրական փոփոխութիւններու ճամբո՞վ պիտի երթայ, Արմէն Ռուստամեան յստակ պատասխան չէ տուած. «Այս պայմաններուն մէջ շատ դիւրաւ  կարելի է դուրս գալ զգացական դաշտէն եւ նստիլ բանական կերպով քննարկել: Ո՞վ կը խանգարէ, որպէսզի աշխատինք ընդդիմութեան մասին օրէնքի վրայ, որ մեր 12 կէտերէն եղած է: Ես վստահ եմ, որ Գագիկ Ծառուկեան եւ Սերժ Սարգսեան այս երկիրը կը սիրեն»:

Հարցումին, թէ ինչո՞ւ այդ պարագային չեն հաստատեր, որ հաշտեցում եղած է, Արմէն Ռուստամեան պատասխանած է, որ ատիկա թերեւս Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան մարտավարական հարցերն են:

Յորդոր` Հայաստանի Առաջին Նախագահին

Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեան Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի համահայկական հռչակագիրին վերաբերեալ քննարկումներ սկսելու համար նախագահ Սերժ Սարգսեանին բաց նամակով դիմելէ առաջ պէտք չէ քննադատութեան ենթարկէր Համահայկական հռչակագիրը: Ազգային ժողովին մէջ լրագրողներուն հետ զրոյցին ընթացքին նման կարծիք յայտնեց Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան: «Եթէ Լեւոն Տէր Պետրոսեան նման նամակով պէտք է դիմէր հանրապետութեան նախագահին, անկէ առաջ պէտք չէ քննադատութեան ենթարկէր հռչակագիրը: Հանդիպումին չեն երթար` նախապէս փաստաթուղթը խայտառակ որակելով: Չեն երթար հանդիպումին ըսելու բաներ, որոնք իրականութեան չեն համապատասխաներ», նշեց Ռուստամեան:

Անդրադառնալով Լեւոն Տէր Պետրոսեանի կողմէ Համահայկական հռչակագիրի քննադատութեան` Ռուստամեան յիշեցուց, որ Տէր Պետրոսեանին համար անհասկնալի է հռչակագիրին մէջ տեղ գտած ձեւակերպումը պատմական արդարութեան մասին: «Եւ ան մատնացոյց կ՛ընէ մեր Անկախութեան հռչակագիրը: Անով ինք կը փաստէ, որ ինք դէմ է Անկախութեան հռչակագիրին: Անկախութեան հռչակագիրը կարդացէ՛ք եւ այնտեղ կը գտնէք պատմական արդարութիւն ձեւակերպումը: Ինչպէ՞ս կարելի է ըսել, թէ այս Համահայկական հռչակագիրը չի համապատասխաներ Անկախութեան հռչակագիրին եւ խօսիլ այն մասին, որ պատմական արդարութիւն ձեւակերպումը սխալ է, երբ Անկախութեան հռչակագիրին մէջ այդ ձեւակերպումը կայ: Այդպիսի մարդու մը համար նման բաներ ըսելը լուրջ չէ: Ես գիտեմ, որ ան խելացի քաղաքական գործիչ է, սակայն ես միշտ ըսած եմ, որ ան կրնայ 10 հաստատում ընել, որոնցմէ 8-ն շատ ճիշդ կ՛ըլլան, իսկ մնացած երկուքը այնպէս պահուած կ՛ըլլան այդ 10-ին մէջ, որ ամբողջութեամբ կ՛աղաւաղեն այն իմաստն ու նպատակը, որուն համար այդ ձեւակերպումները բերուած են: Հիմա ասիկա այդ դէպքերէն մէկն է», ընդգծեց ան:

Անդրադառնալով առաջին նախագահի այն դիտարկումին, թէ Համահայկական հռչակագիրին մէջ կարելի չէ խօսիլ համազգային միասնականութեան մասին` Ռուստամեան յիշեցուց, որ նոյն Անկախութեան հռչակագիրին մէջ կը խօսուի համազգային իղձերու, երազանքներու մասին: «Տէր Պետրոսեան կը պնդէ, որ Համահայկական հռչակագիրը պէտք է դրուէր հանրաքուէի, որմէ ետք միայն կարելի կ՛ըլլար ըսել, թէ անիկա կ՛արտայայտէ ամբողջ հայ ժողովուրդին կամքը: Ի՞նչ է, Անկախութեան հռչակագիրը հանրաքուէի՞ դրուած է: Ոչ, սակայն այնտեղ կը խօսուի հայ ժողովուրդի միասնական կամքին մասին», ըսաւ Ռուստամեան:

Ան ընդգծեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը կարելիութիւն է Հայ դատի գործընթացի շարունակութեան ճիշդ ուղղութիւնը հասկնալու համար: «Ասիկա կարելիութիւն է, որ մենք հասկնանք, թէ ինչպէ՛ս պէտք է ընենք, որ աշխարհն ալ մեզի ճիշդ հասկնայ, ճիշդ ընկալէ: Այս բաժինով ես համաձայն եմ: Սակայն պէտք չէ հրաժարիլ քու կենսական իրաւունքներէդ: Մենք կ՛ըսենք, որ մեր ազգը անանցանելի իրաւունքներ ունի, իսկ այդ իրաւունքներուն պաշտպանը պէտք է դառնայ հայ ժողովուրդը, որուն յենարանն է անկախ Հայաստանի Հանրապետութիւնը», նշեց Ռուստամեան:

Ան Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահին յորդորեց նստիլ եւ մէկ անգամ ուշադրութեամբ կարդալ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Համահայկական հռչակագիրը:

Պատգամաւորը նաեւ տեղեկացուց, որ ՀՅԴ-ն անմիջականօրէն մասնակցած է Համահայկական հռչակագիրի մշակման` ընդգծելով, որ Լեւոն Տէր  Պետրոսեանի քննադատութիւնը ուղղուած էր նաեւ ՀՅԴ-ին:

Նախորդը

Նուլընտ Ընդգծեց Հայաստանի Արձանագրած Նուաճումները

Յաջորդը

Միջդպրոցական Պասքեթպոլի 6-րդ Մրցաշարք. Շանվիլ Տիտղոսը Պահեց Իր Մօտ

RelatedPosts

«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գաղութային

«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 16, 2025
Կալուզին. «Չի Բացառուիր, Որ Լեռնային Ղարաբաղէն  Հեռացածները Որոշ Փուլի Որոշեն Վերադառնալ.  Խաղաղապահներու Ներկայութիւնը Այս Մարդոց Համար  Պիտի Դառնայ Հանգստութեան Լրացուցիչ Գործօն»
Հայկական

Կալուզին. «Պաքուի Եւ Երեւանի Միջեւ Վերջնական Հաշտութիւնը Պէտք Է Ստորագրուի Մոսկուայի Մէջ»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Ձերբակալուեցան Արագածոտնի Թեմի Առաջնորդը Եւ Խումբ Մը Հոգեւորականներ
Գլխաւոր լուրեր

Ձերբակալուեցան Արագածոտնի Թեմի Առաջնորդը Եւ Խումբ Մը Հոգեւորականներ

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?