Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուորլիք. «Մինսքի Խմբակի Համանախագահները Մտադիր Են Լուրջ Բանակցութիւններ Ունենալ Ազրպէյճանի Ղեկավարութեան Հետ»

February 17, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ճէյմս Ուորլիք
Ճէյմս Ուորլիք

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ յայտարարած է, որ Մինսքի խմբակի համանախագահները Լեռնային Ղարաբաղի հարցի խաղաղ լուծման համար ձեռնարկուող քայլերու վերաբերեալ լուրջ բանակցութիւններ կ՛ակնկալեն Ազրպէյճանի իշխանութիւններէն:

«Մենք լուրջ բանակցութիւններ կ՛ակնկալենք Ազրպէյճանի նախագահին եւ միւսներուն հետ` Լեռնային Ղարաբաղի հարցի խաղաղ լուծման ուղղութեամբ ձեռնարկուող քայլերուն վերաբերեալ: Բոլորը կրնան շահիլ», գրած է ան:

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Ճէյմս Ուորլիք (Միացեալ Նահանգներ), Իկոր Փոփով (Ռուսիա) եւ Փիեռ Անտրիօ (Ֆրանսա) երէկ հասած են Պաքու` ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման հարցով Ազրպէյճանի ղեկավարութեան հետ բանակցութիւններու համար:

Ազրպէյճանական Trend.az կայքը կը հաղորդէ, որ այցելութեան ընթացքին համանախագահները նաեւ հանդիպումներ պիտի ունենան Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի եւ պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովի հետ:

Մինսքի խմբակի համանախագահները այսօր պիտի այցելեն Երեւան: Կ՛ակնկալուի, որ անոնք նաեւ այցելեն Ստեփանակերտ:

Մամետեարով. «Համանախագահները Պէտք Է
Աշխատին Մատրիտեան Սկզբունքներու
6
Յօդուածներով Խաղաղութեան Համաձայնագիրին Վրայ»

ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով յայտարարած է, որ սկսած է Մինսքի խմբակի համանախագահներուն հերթական այցելութիւնը Պաքու:

«Դժբախտաբար, Լեռնային Ղարաբաղի հարցով բանակցութիւնները արդիւնք չեն տուած: Այսօր ժամը 17:00-ին մենք պիտի հանդիպինք համանախագահներուն: Ատկէ ետք պիտի կարենանք ըսել, թէ ի՛նչ առաջարկներով ու գաղափարներով անոնք մեզի այցելած են», ըսած է Մամետեարով:

Ան նշած է. «Համանախագահները պէտք է աշխատին Մատրիտեան սկզբունքներու 6 յօդուածներուն հիմքով` խաղաղութեան համաձայնագիրի հասնելու համար»:

Նախորդը

Հայ Մը Պաշտօն Ստացած Է Փերինչեքի Կուսակցութեան Մէջ

Յաջորդը

Նուլընտ Ազրպէյճանի Մէջ Պիտի Քննարկէ Լեռնային Ղարաբաղի Հարցը

RelatedPosts

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը Յայտարարեց,  Որ Հայ Գերիներու Հարցը Իրենց Համար  Մեծ Կարեւորութիւն Ունի
Գլխաւոր լուրեր

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը Յայտարարեց, Որ Հայ Գերիներու Հարցը Իրենց Համար Մեծ Կարեւորութիւն Ունի

October 17, 2026
ԵԱՀԿ-ի Գործող Նախագահը Հայաստանէն  Յայտարարեց` Մարդասիրական Հարցերու Մէջ  Մարտահրաւէրները Կը Յամենան
Հայկական

ԵԱՀԿ-ի Գործող Նախագահը Հայաստանէն Յայտարարեց` Մարդասիրական Հարցերու Մէջ Մարտահրաւէրները Կը Յամենան

October 17, 2026
ՔՈՓ17-ի Շրջանակին Մէջ Տեղի Ունեցաւ  Առաջնորդներու Վեհաժողովը
Հայկական

ՔՈՓ17-ի Շրջանակին Մէջ Տեղի Ունեցաւ Առաջնորդներու Վեհաժողովը

October 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.