Թրքական «Օտա Թի.Վի.»-ն կը հաղորդէ, որ Սարգիս Քըսաօհանեան Տողու Փերինչեքի ղեկավարած Աշխատաւորական կուսակցութեան ղեկավար խորհուրդին մէջ պաշտօն ստացած է:
Քըսաօհանեան Փերինչեքի կուսակցութեան անդամակցած էր ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան` Անթալիոյ երիտասարդական թեւէն հրաժարական տալէ ետք:
Կուսակցութեան ընդհանուր ժողովին ընթացքին որոշուած է փոխել կուսակցութեան անունը: Աշխատաւորական կուսակցութիւնը այսուհետեւ պիտի կոչուի Վաթան (Հայրենիք. «Ա.»):