Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«10, 100, 1000 Տարի Եւ Երթը Կը Շարունակուի»

Փետրուար 16, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ

21615_Hariri_photo14 փետրուար 2005-ը կը խորհրդանշէ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան թուականը: Այս առումով, աւանդութեան վերածուած է նոյն օրը,  կէսօրուան ժամը 12:55-ին` Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան վայրկեանին, մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգել սպանեալ վարչապետին յիշատակը:

Այդ վայրկեանին եկեղեցիներուն զանգերն ու մզկիթներուն մինարէներէն հնչող էզանները կը միախառնուին` իբրեւ խորհրդանիշ լիբանանեան ազգային միասնականութեան:

Այս աւանդութեան կողքին, պէտք է նշել նաեւ, որ Հարիրիի սպանութեան օրը վերածուած է ազգային սգատօնի, որուն ընթացքին Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը կը համախմբուին` նշելու համար նախկին վարչապետին յիշատակը:

Անոնք իրենց կազմակերպած ձեռնարկներուն ընդմէջէն կը փորձեն վառ պահել լիբանանցիներուն յիշողութիւնը` 14 փետրուար 2005-ի պատահարին մասին, հակառակ անոր որ անոր կարիքը չկայ, որովհետեւ լիբանանցին գրեթէ օրական դրութեամբ կը լսէ Լիբանանի յատուկ միջազգային դատական ատեանին մասին, որուն պատասխանատուութիւնն է բացայայտել Հարիրիի սպանութեան դրդապատճառներն ու յանցագործները:

Այս առումով լիբանանցին տարեկան դրութեամբ կ՛իմանայ նաեւ, որ Լիբանանի կառավարութիւնը, այլ խօսքով` ինք, ֆինանսաւորած է Լիբանանի յատուկ միջազգային դատական ատեանին ծախսերը:

Այս տարի կը զուգադիպի Հարիրիի սպանութեան 10-ամեակին, որուն առիթով Մուսթաքպալ հոսանքը որդեգրած է «10, 100, 1000 տարի եւ երթը կը շարունակուի» կարգախօսը:

Այս կարգախօսին նպատակն է շեշտել Հարիրիի ուղեգիծէն անշեղ մնալու եւ անոր շարունակականութիւնը ապահովելու միտքը:

Սակայն այս կարգախօսը կը բախի իրականութեան հետ, նկատի ունենալով, որ 14 փետրուար 2015-ը բաւական տարբեր է 14 փետրուար 2005-էն. այս մասին համոզումով կ՛արտայայտուին նաեւ Մուսթաքպալ հոսանքի անդամներ եւ համակիրներ` կանխելով իրենց հակառակորդները:

Լիբանանցիները, իրենց տարբեր պատկանելիութեամբ եւ յարանուանութիւններով, տակաւին կը յիշեն 14 փետրուար 2005-ը: Ճի՛շդ է, որ Հարիրիի սպանութիւնը ցնցիչ եղած է, եւ երկրին մէջ գործուած միակ քաղաքական սպանութիւնը չէ, սակայն անիկա փոխած է Լիբանանի դիմագիծը:

Ոմանք այդ գործողութիւնը նկատած են «երկրաշարժ» մը, եւ իրապէս ալ տասը տարիէ ի վեր Հարիրիի սպանութիւնը ինքզինք կը պարտադրէ:

Հարիրիի սպանութիւնը պայթեցուց այսպէս ըսուած «Մայրիներու յեղափոխութիւն»-ը, որուն հետեւանքները տակաւին զգալի են լիբանանցիներուն կեանքին մէջ: Այդ հետեւանքներէն կարելի է նկատել Լիբանանի յատուկ միջազգային դատական ատեանին կազմութիւնը, որուն յետին նպատակներուն եւ ստեղծման պայմաններուն մասին ըսի ըսաւներու հսկայ փոթորիկ մը կայ:

Սակայն միջազգային դատական ատեանին ստեղծումէն աւելի, լիբանանցիներուն վրայ  Հարիրիի սպանութեան ազդեցութիւնը անխուսափելի էր` նկատի ունենալով առաջին պահէն իսկ անոր սպանութեամբ Սուրիոյ դէմ ուղղուած դատապարտումները:

Այս դատապարտումները պատճառ դարձան, որ լիբանանցիները երկփեղկուին` Սուրիոյ հակառակորդներ եւ Սուրիոյ զօրակիցներու միջեւ:

Սուրիոյ զօրակցող ղեկավարները առաջին հանգրուանին բանտարկուեցան` հիմնուելով այն անգիր տարազին վրայ, թէ դահիճին կողքին կանգնողը անոր մեղսակից է, իսկ ապա երբ Միջազգային դատական ատեանը հրաժարեցաւ Սուրիան ամբաստանելէ եւ սկսաւ մատնացոյց դարձնել Հըզպալլայի անդամներ, ապահովական կառոյցի բանտարկուած պատասխանատուները ազատ արձակուեցան: Իսկ Հըզպալլա կտրականապէս մերժեց այդ ամբաստանութիւնը` զայն նկատելով ամբողջովին քաղաքականացուած ամբաստանութիւն մը:

Վերոնշեալ տուեալներուն եւ իրականութիւններուն կողքին, Հարիրիի սպանութեան Ժ. տարելիցը ներկայ քաղաքական պայմաններուն ներքեւ կը ստանայ արտակարգ կարեւորութիւն, յատկապէս նկատի ունենալով, որ Մուսթաքպալ հոսանքին կողմէ զիջումներ կատարուած են` Հըզպալլայի հետ երկխօսութիւն կատարելու համաձայնութեան, իսկ անկէ առաջ` ազգային գործակցութեան կառավարութեան մէջ միասնաբար գործելու հաւանութեան, որմէ ամիսներ առաջ Մուսթաքպալ հոսանքը կը բարձրացնէր ոճրագործներուն հետ նոյն սեղանը չնստելու կարգախօսը:

Հաւանաբար Մուսթաքպալ հոսանքի համակիրներուն մօտ տիրող տրամադրութեան եւ մթնոլորտին պատճառով է, որ Մուսթաքպալի ղեկավարութիւնը որդեգրեց «Երթը կը շարունակուի» կարգախօսը` շեշտելու համար, որ իրենց սկզբունքներէն բան չէ փոխուած, փաստելու համար, որ Ռաֆիք Հարիրիի օրով հիմնուած այս հոսանքը կառչած կը մնայ անոր սկզբունքներուն, ինչպէս նաեւ` ընդգծելու համար, որ Մուսթաքպալ հոսանքը անշեղ պիտի մնայ Հարիրիի սպանութեան ճշմարտութիւնը բացայայտելու իր պահանջէն եւ որեւէ պայմանի ներքեւ պիտի չսակարկէ զայն:

Մուսթաքպալի ղեկավարութիւնը այս կարգախօսը որդեգրելով` իր համակիրներուն կը հաստատէ, որ լիբանանեան ներքին լարուածութիւնը մեղմացնելու նպատակով սկսած երկխօսութիւնը երբեք պիտի չըլլայ պատճառ մը` շեղելու կողմնացոյցէն կամ մոռացութեան ենթարկելու ճշմարտութեան պահանջը:

«Երթը կը շարունակուի», սակայն ոչ ոք կրնայ ժխտել, որ Մուսթաքպալ հոսանքին եւ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն միջեւ շատ բան փոխուած է:

Միւս կողմէ` «Երթը կը շարունակուի» կարգախօսը շփոթի կը մատնէ Մուսթաքպալի հակառակորդները, որոնք հարց կու տան, որ եթէ Ռաֆիք Հարիրիի սկզբունքներով է, որ երթը կը շարունակուի, ապա ինչպէ՞ս կարելի է բացատրել այն իրականութիւնը, որ միայն Մուսթաքպալ հոսանքը Քնայթրայի մէջ Իսրայէլի հրթիռներուն թիրախ դարձած Դիմադրութեան մարտիկները նահատակներ չնկատեց:

«Արդեօք Հարիրի եթէ ողջ ըլլար, պիտի ընդունէ՞ր, որ իր զօրակցած Դիմադրութեան նահատակուած մարտիկները իր իսկ ստեղծած հոսանքին կողմէ նահատակներ չնկատուէին: Արդեօք եթէ ան ողջ ըլլար, պիտի ընդունէ՞ր, որ իր պլոքին մաս կազմող երեսփոխաններ մերժէին Իսրայէլի գործողութեան հակադարձելու Հըզպալլայի իրաւունքը եւ նման քայլ մը նկատէին Լիբանանը դէպի անդունդը առաջնորդող աքթ: Աւելի՛ն. ան պիտի ընդունէ՞ր, որ իր չափաւորական պլոքին մաս կազմող երեսփոխան մը ցեխարձակումներ կատարէր երկրին քրիստոնեայ համայնքին դէմ եւ մերժէր լիբանանեան բանակի զինուորներ գլխատող բարբարոսները ահաբեկիչ անուանել», հարց պիտի տային Մուսթաքպալի հակառակորդները:

Նոյն աղբիւրները կը հաստատեն, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն ներքին խոհանոցը վերակառուցման կարիք ունի, որովհետեւ այդ ուժերը իրարմէ բաժնող ազդակները շատ աւելի են, քան անոնք, որոնք կը միացնեն, հետեւաբար այս ուժերուն միջեւ գոյութիւն ունեցող տարբերութիւնները կարելի չէ «հարստութիւն» կամ «առողջ երեւոյթ» նկատել, ինչպէս ոմանք կ՛ըսեն, այլ վերատեսութեան ենթարկուելու կարօտ «իսկական խախտումի» փաստեր են:

Յառաջիկային Մուսթաքպալ հոսանքին ընթացքը ցոյց պիտի տայ, թէ ի՛նչ ուղեգիծով եւ ի՛նչ սկզբունքներով ան պիտի շարունակէ իր երթը, յատկապէս նկատի ունենալով, որ ՏԱՀԵՇ-ի ներկայութեամբ համակուած այս օրերուն անոր չափաւորականութիւնը բաղձալի դարձած է:

Նախորդը

Նշմար. Մալալա «Թռչունի Պէս Ազատ…»

Յաջորդը

Որքա՛ն Դիւրին Է Յուսահատիլը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?