ՆՈՐԱ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ-ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ
Լուրը նոր չէ, բայց կ՛արժէ վերյիշել ու պահ մը կեդրոնանալ անոր վրայ:
17 տարեկան փաքիստանցի պարմանուհի Մալալա Եուսաֆզային (Yousafzai) եւ երեխաներու իրաւունքներուն համար պայքարող հնդիկ Քայլա Սաթիարթին միասնաբար` երկուքով պարգեւատրուեցան 2014-ի Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակով:
Մալալային պատմականը հարազատ կը հնչէ բոլորիս. այնպէս որ, կենցաղային ընթացիկ խօսակցութեան մէջ երբ անոր մասին խօսք կ՛ըլլայ, կը յիշատակուի անիկա իր մկրտութեան անունով եւ ոչ թէ ազգանունով, կարծես մտերիմ մը եղած ըլլար ան:
Նախնական կրթութիւնը ստանալով դպրոցի սեփականատէր եւ բանաստեղծ իր հօրմէն` պայքարունակ պարմանուհին տասնմէկ տարեկանին իր ձայնը լսելի կ՛ուզէ դարձնել եւ Թալեպաններու վարչակարգին տակ իրենց առօրեային մասին ծածկանունով գրութիւններ կը ղրկէ «Պի. Պի. Սի. Ուրտու» կայքին:
Իր երկրին մէջ աղջիկներուն դպրոց յաճախելը արգիլուելէն ետք, Մալալան այդ նախաձեռնութեամբ, փոքր տարիքի համար անօրինակ հասունութեամբ մը ու մեծ յանդգնութեամբ կը խզէ պարտադրուած լռութիւնը, քաջաբար պայքար կը յայտարարէ ուսում ստանալու իր ու իգական սեռի իրաւունքին համար:
2012-ի հոկտեմբերին, տասնհինգ տարեկանին, դպրոցական ինքնաշարժին մէջ գտնուած միջոցին իր վրայ արձակուած կրակոցէն ծանրօրէն կը վիրաւորուի գլուխէն: Կը փոխադրուի Լոնտոն, ուր վիրաբուժական գործողութիւններէ ետք կը յաջողի մահէն ազատիլ: Վերանորոգուած հաւատքով եւ արդէն իսկ միջազգայնօրէն ծանօթ անուն դարձած` յարատեւ կը հետապնդէ ուսանելու եւ զարգանալու իրաւունքի դատը` աշխարհի անխտիր բոլոր երեխաներուն համար:

Տասնվեց տարեկանին, ՄԱԿ-ի Երիտասարդական խորհրդաժողովի բեմէն, ի միջի այլոց, Մալալան կը յայտարարէ. «Երեխայ մը, դաստիարակ մը, գիրք մը եւ գրիչ մը կրնան աշխարհը փոխել»: Ահա իմաստութիւն մը, որուն ճշմարտութեան վկայութիւնը արժանաւորապէս կու տայ իր իսկ կեանքին օրինակը…
Անշուշտ, այս եղելութեանց ամբողջ ընթացքին մէջ կարելի չէ անուշադրութեան մատնել դերը անոր ծնողքին, որոնց նեցուկին ու քաջալերանքին եւ տուած դաստիարակութեան շնորհիւ է, որ փոքրիկն Մալալան կը թրծուի ազնիւ զգացումներով, ազատատենչ ու յառաջդիմական գաղափարներով: Պատահական պէտք չէ նկատել ուրեմն անոր հօր յաճախ կրկնած խօսքը, թէ` «Մալալան թռչունի պէս ազատ պիտի ըլլայ»…
Ըստ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր քարտուղարին, աշխարհի վրայ աւելի քան 57 միլիոն երեխաներ կարելիութիւնը չունին դպրոց յաճախելու, նոյնիսկ կարդալ-գրել սորվելու` նախնական կրթութեան համար: Մեծամասնութեամբ աղջիկ, իսկ մօտաւորապէս անոնց կէսը կ՛ապրի պատերազմի ահաւոր պայմաններու տակ:
Մինչդեռ բարգաւաճ ու յառաջադէմ երկիրները իրենց սերունդներուն կը տրամադրեն ուսանելու տարբեր հնարաւորութիւններ եւ գիտութեանց մէջ հմտանալու բարձրագոյն ուսում ու փորձագիտական միջոցներ: Այդ հնարաւորութիւնները եւ ուսումի իրաւունքը այնքան բնական ու սովորական «տուեալ» կը համարուի սերունդներուն կողմէ, որ հարցական կը դառնայ, թէ արդեօք անոնք կը գիտակցի՞ն իրենց վայելած առաւելութեան ու բարիքին, թէ՞ ոչ: Հարցականը աւելի շեշտակի կը դառնայ, երբ յաճախ կը հանդիպիս ուսանողներու իսկ կողմէ ուսումնական հաստատութեանց դէմ գործուած արարքներու կամ ուսումի նկատմամբ անտարբեր վերաբերումներու:
Մալալան բոլորիս համար ներշնչումի աղբիւր ըլլալէ ետք, ուսանելու դիւրութիւն ունեցող պատանի-երիտասարդներու գիտակցութեան ուղղուած կոչ է, որ անդրադառնան իրենց վայելած առաւելութեան ու օգտուին անկէ:
Հակառակ իր փոքր տարիքին` ան կը հանդիսանայ իգական սեռի քաջ, աշխուժ եւ մտաւոր մարտիկի ներկայացուցիչ մը: Աղջիկներուն եւ կիներուն համար հիանալի օրինակ մը, թէ ինչպէ՛ս եւ ինչո՞ւ պէտք չէ համակերպիլ անիրաւ կացութիւններու, թէ ինքնազարգացումով ու հնարամտութեամբ եւ մանաւանդ չտկարացող կամքով կարելի է յաղթել դժուարութիւններու եւ անիրաւութիւններու:
Կը ներշնչեն նաեւ Մալալայի ծնողքը:
Հայրը` իր փոխանցած գաղափարական սնունդով եւ մայրը` իբրեւ նեցուկ անոր թիկունքին ըլլալով: Նոյնիսկ այն օրերուն, երբ իրենց զաւակը մահուան դէմ կը մաքառէր:
Պատմութեան մէջ բազմաթիւ օրինակներ կան կին թէ այր քաջագործներու, որոնք կուրծք ցցած են յետադիմութեան դէմ, անիրաւութեան դէմ, շահագործումի դէմ: Պարզապէս Մալալան ներկայի օրինակն է եւ` մեզի աւելի հասանելի… իր կիրթ նկարագիրն ու զօրաւոր կամքը աւելի ազդեցիկ են ու ներգործող…
Երանի՜ թէ իրեն նման պատանի աղջնակներ շատ ըլլային աշխարհիս վրայ եւ փոխէին դժբախտ ճակատագիրը 57 միլիոն դպրոցազուրկ երեխաներուն…: