Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երեւան Աժան Հնարք Կ՛անուանէ Հայ Սպայի Մահուան Պաքուի Վարկածը

February 12, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
21115_Ardzroun
Արծրուն Յովհաննիսեան

Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ «առնուազն ծիծաղելի աժան հնարք» անուանած են Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան այն հաղորդագրութիւնը, թէ հայկական կողմը երկու ներթափանցում  իրականացուցած է` փորձելով կտրել սահմանը, եւ  ազրպէյճանական զինեալ ուժերու կանխարգելիչ միջոցառումներուն իբրեւ հետեւանք տուած է զոհեր, որոնց շարքին ջոկատի հրամանատար Տիգրան Սիմոնեան:

«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Արծրուն Յովհաննիսեան ըսած է նաեւ, որ կ՛առաջարկէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին միակողմանի առաքելութիւն կատարել եւ տեղւոյն վրայ շուտով ծանօթանալ իրողութեան: «Տեսնենք` Ազրպէյճան կրնա՞յ փաստեր ներկայացնել: Անշուշտ` ոչ: Եթէ զոհեր կան, ներթափանցում եղած է, ուրեմն ինչո՞ւ զոհերէն գոնէ փշրանք մը ազրպէյճանական կողմին մէջ չէ մնացած», շեշտած է պաշտպանութեան նախարարութեան բանբերը:

Ըստ Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութեան, սպայ Տիգրան Սիմոնեան զոհուած է նախանցեալ օր երեկոյեան, պաշտպանութեան բանակի հիւսիսային ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պաշտպանութեան դիրքին վրայ, թշնամիին արձակած կրակոցներէն: Անոր մահուան փաստով քրէական գործ յարուցուած է Հայաստանի քրէական օրէնսգիրքի 365-րդ յօդուածի 3-րդ մասով` «մարտական հերթապահութեան կամ մարտական ծառայութիւն կրելու կանոնները խախտելը, որ  յառաջացուցած է ծանր հետեւանքներ»:

 

Նախորդը

Սահակեան Իրան Կ՛այցելէ

Յաջորդը

Կիրօ Մանոյեան. «Լեւոն Տէր Պետրոսեան Փորձած Է Ամէն Ինչ Խառնել»

RelatedPosts

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
Ռուսիայէն Ազրպէյճանի Տարածքով Հայաստան Հացահատիկ Ուղարկուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիայէն Ազրպէյճանի Տարածքով Հայաստան Հացահատիկ Ուղարկուած Է

February 2, 2026
Մասլեննիքով. «Հայաստանի Եւրոպական Միութեան Հետ Մերձեցումը Պիտի Ազդէ Ռուսիոյ Հետ Անոր Դաշնակցային Յարաբերութիւններուն Վրայ»
Հայկական

Մասլեննիքով. «Հայաստանի Եւրոպական Միութեան Հետ Մերձեցումը Պիտի Ազդէ Ռուսիոյ Հետ Անոր Դաշնակցային Յարաբերութիւններուն Վրայ»

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.