Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հոլլանտ Կոչ Ուղղած Է Թուրքիոյ Առերեսուելու Սեփական Պատմութեան Հետ

January 30, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ֆրանսուա Հոլլանտ
Ֆրանսուա Հոլլանտ

«Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի ներկայութիւնը Ֆրանսայի Հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի  տարեկան ընթրիքին բացառիկ քաղաքական զօրակցութեան նշան էր: Ֆրանսայի նախագահը իր ներկայութեամբ յայտարարած է, որ իր պաշտօնական աջակցութիւնը կը ցուցաբերէ հայերուն, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով», ըսած է ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ֆրանսայի Հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի նախագահ Մուրատ Փափազեան, «Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցին ընթացքին:

«Նախագահը նշեց, որ 24 ապրիլին պիտի ըլլայ Երեւանի մէջ` իր աջակցութիւնը յայտնելու Հայ դատին, եւ դիւանագիտական պատգամով կոչ ուղղեց Թուրքիոյ, այս տարի առերեսուելու սեփական պատմական յիշողութեան հետ եւ ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը», յայտնած է Փափազեան` մէջբերելով նախագահ Հոլլանտի խօսքը: Ֆրանսայի Հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի նախագահը վստահ է, որ 100-ամեակի տարուան մէջ նոր վերաբերմունք, նոր քայլեր կը տեսնենք Ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղութեամբ:

«Ֆրանսա կրնայ դեր խաղալ ե՛ւ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն, ե՛ւ Լեռնային Ղարաբաղի խնդրի լուծման հարցին մէջ», նշած է Ֆրանսայի նախագահը:

Ըստ Մուրատ Փափազեանի, երկրորդ տարին ըլլալով կազմակերպուող ընթրիքին ներկայ եղած են 450 հիւրեր, որոնց շարքին եղած է ֆրանսական քաղաքական ընտրանին` Ֆրանսայի նախագահը, նախարարներ, խորհրդարանականներ, Փարիզի քաղաքապետը, Շարլ Ազնաւուր, յայտնի լրագրողներ եւ մտաւորականներ: «Լուրջ քաղաքական բարեկամութիւն ունինք Ֆրանսայի նախագահին հետ, եւ այս նախաձեռնութիւնը կրկին փաստեց, որ մեզի փայլուն ապագայ կը սպասէ», հաւաստած է Մուրատ Փափազեան:

Թուրքերը Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին
Հոլլանտի Կոչը Անուանած Են «Լկտի»

Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ ճաշկերոյթին ժամանակ արտասանած իր խօսքին մէջ թուրքերուն կոչ ուղղած է շարունակելու ճշմարտութեան բացայայտման ուղղուած ջանքերը եւ յիշեցուցած, որ ինք կ՛ողջունէ նախորդ տարի Էրտողանի յղած ցաւակցական ուղերձը:

Թրքական «Հապերլեր» կայքը արդէն իսկ արձագանգած է Հոլլլանտի կոչին` ատիկա  անուանելով «լկտի»:

 

Նախորդը

Չաւուշօղլու. «Հայաստան Լաւ Կերպով Չ՛ընդունիր Թուրքիոյ Առաջարկները»

Յաջորդը

Ծիծեռնակաբերդի Յուշահամալիրին Մէջ Հրապարակուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցի Համահայկական Հռչակագիրը

RelatedPosts

Բրիտանիոյ Խորհրդարանին Մէջ Արցախի  Վերաբերեալ Խորհրդարանական Հետաքննութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Բրիտանիոյ Խորհրդարանին Մէջ Արցախի Վերաբերեալ Խորհրդարանական Հետաքննութիւն

February 25, 2026
Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց  Փոխնախարարները Քննարկած Են Միջազգային Կազմակերպութիւններու Ծիրին Մէջ  Վստահութեան Ամրապնդման Քայլերը
Հայկական

Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Փոխնախարարները Քննարկած Են Միջազգային Կազմակերպութիւններու Ծիրին Մէջ Վստահութեան Ամրապնդման Քայլերը

February 25, 2026
Պապիկեան Պաշտօնական  Այցելութիւն Կու Տայ Իրան
Գլխաւոր լուրեր

Պապիկեան Պաշտօնական Այցելութիւն Կու Տայ Իրան

February 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.