Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Չաւուշօղլու. «Հայաստան Լաւ Կերպով Չ՛ընդունիր Թուրքիոյ Առաջարկները»

Յունուար 30, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Մեւլութ Չաւուշօղլու
Մեւլութ Չաւուշօղլու

«Անատոլու» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու Թուրքմենիստան կատարած այցելութեան ընթացքին պատասխանած է լրագրողներու հարցումներուն եւ անդրադարձած թուրք գործիչ Տողու Փերինչեքի դատավարութեան` նշելով, որ ատիկա ոչ թէ Հայոց ցեղասպանութեան, այլ խօսքի ազատութեան իրաւունքին կը վերաբերի:

Չաւուշօղլու նշած է, որ Հայաստանն ու հայկական լոպին 2015-ին երրորդ երկիրներու մէջ կ՛աւելցնեն իրենց ջանքերը եւ լաւ կերպով չեն ընդունիր Թուրքիոյ` մինչեւ հիմա կատարած առաջարկները: Ան ըսած է նաեւ, որ Հայաստան կը փորձէ քաղաքական ճամբաներով արդիւնքի հասնիլ:

Նախարարը դարձեալ յիշեցուցած է Թուրքիոյ առաջարկը` միացեալ յանձնախումբ ստեղծելու եւ գիտնականներուն այդ հարցը ուսումնասիրելու կարելիութիւն տալու վերաբերեալ: «Մենք ըսինք, որ պիտի ընդունինք արդիւնքը, ինչ որ ալ ըլլայ: Անցեալ տարի մեր նախագահը յայտարարութիւն մը կատարեց: Բարի նպատակներով մեր կատարած քայլերը ամբողջ աշխարհը տեսաւ: Մենք այս հարցին մարդկային տեսանկիւնէ կը նայինք, եւ այդպիսի ողբերգութեան քաղաքականացման դէմ ենք», ըսած է Չաւուշօղլու` նշելով, որ իրենք ալ ստիպուած կ՛ըլլան «կանխարգելիչ քայլերու» դիմելու:

Չաւուշօղլու նշած է, որ արտաքին գործոց նախարարութիւնն ու այլ նախարարութիւններ միացեալ դիւանագիտական ու մշակութային աշխատանքներ կը կատարեն:

Թուրքիոյ, Ազրպէյճանի Եւ Թուրքմենիստանի
Նախագահներու Հանդիպում Մը Կը Նախատեսուի

ԱՓԱ կը հաղորդէ, որ Չաւուշօղլու յայտնած է, որ այս տարի Թուրքմենիստանի մէջ կը նախատեսուի Թուրքիոյ, Ազրպէյճանի եւ Թուրքմենիստանի նախագահներու վեհաժողովը:

Ան ըսած է, որ երէկ Թուրքիոյ, Ազրպէյճանի եւ Թուրքմենիստանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումին ընթացքին կողմերը քննարկած են երկիրներու յարաբերութիւններուն, շրջանի եւ Եւրոպայի համար կարեւոր նախագիծերուն, ներառեալ` փոխադրամիջոցներու, ուժանիւթի մարզերուն, ինչպէս նաեւ երեք երկիրներու յարաբերութիւններու զարգացման առնչուող հարցեր:

«Այս երկիրներուն միացեալ գործողութիւնները շատ կարեւոր են: Մենք կողմ ենք, որպէսզի այս եռակողմ մեքանիզմը շարունակուի նաեւ երկրի նախագահներուն մակարդակով», ըսած է Չաւուշօղլու:

 

Նախորդը

Պաշտօնական Ներկայութեամբ` Կոմիտասի Թանգարան-Հիմնարկի Բացում

Յաջորդը

Հոլլանտ Կոչ Ուղղած Է Թուրքիոյ Առերեսուելու Սեփական Պատմութեան Հետ

RelatedPosts

«Հայաստան» Խմբակցութիւնը Պատրաստ Է  Ստորագրելու Անվստահութեան Գործընթացը,  Երբ Նաեւ Փողոցային Պայքար Սկսի
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութիւնը Պատրաստ Է Ստորագրելու Անվստահութեան Գործընթացը, Երբ Նաեւ Փողոցային Պայքար Սկսի

Յունիս 12, 2025
Գարեգին Բ. Կաթողիկոս. «Կը Հաւատամ,  Որ Կը Յաղթահարենք Այս Դժուարութիւնը»
Գլխաւոր լուրեր

Գարեգին Բ. Կաթողիկոս. «Կը Հաւատամ, Որ Կը Յաղթահարենք Այս Դժուարութիւնը»

Յունիս 12, 2025
Փաշազատէ. «Հայ Առաքելական Եկեղեցին  Վրէժխնդրական Քարոզ Կ՛ուղղէ,  Իր Ժողովուրդը Դէպի Աղէտ Կը Տանի»
Հայկական

Փաշազատէ. «Հայ Առաքելական Եկեղեցին Վրէժխնդրական Քարոզ Կ՛ուղղէ, Իր Ժողովուրդը Դէպի Աղէտ Կը Տանի»

Յունիս 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?