ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները 27 յունուարին Քրաքովի մէջ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հետ իրենց ունեցած հանդիպումէն ետք տարածած են յայտարարութիւն մը, որուն մէջ նշուած է, որ «պէտք է վերջ դնել անցեալ տարուընէ աճող բռնութիւններուն` վստահութեան վերականգնման եւ ղարաբաղեան բանակցութիւններուն մէջ յառաջընթաց կատարելու համար»:
«Մենք կոչ կ՛ուղղենք Ազրպէյճանին կատարելու տագնապի խաղաղ լուծման վերաբերեալ իր յանձնառութիւնները: Մենք նաեւ կոչ կ՛ուղղենք Հայաստանին բոլոր միջոցներուն ձեռնարկելու` լարուածութիւնը մեղմացնելու համար: Բոլոր կողմերը պէտք է պահպանեն զինադադարի համաձայնագիրը: Բռնութիւնները կը նուազեցնեն խաղաղութեան հասնելու ջանքերը», յայտարարած են համանախագահները: