Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ֆրիտըմ Հաուս»-ի Տարեկան Զեկուցումին Մէջ Կը Նշուի Լեռնային Ղարաբաղը Ազրպէյճանէն Աւելի Ազատ Է

Յունուար 29, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

12815_Freedom-HouseԱմերիկեան հեղինակաւոր «Ֆրիտըմ Հաուս» իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը հրապարակեց 2015-ի ազատութեան տարեկան զեկուցումը, որ կը վերաբերի աշխարհի տարբեր երկիրներուն մէջ քաղաքական իրաւունքներու եւ քաղաքացիական ազատութեան հարցերուն:

Փաստաթուղթին մէջ կը նշուի, որ ամբողջ աշխարհի մէջ արձանագրուած է ազատութեան մակարդակի համատարած անկում: Զեկուցումին հեղինակները կը նշեն, որ ներկայիս ժողովրդավարութեան գաղափարախօսութիւնը վերջին 25 տարուան ընթացքին կը գտնուի ամէնէն լուրջ սպառնալիքին տակ:

Դիտելով կազմակերպութեան կազմած աղիւսակը` կարելի է տեսնել, որ Հայաստանը, Լեռնային Ղարաբաղը, Վրաստանն ու Թուրքիան ճանչցուած են մասամբ ազատ, մինչդեռ Ազրպէյճանը, Իրանն ու Ռուսիան` անազատ երկիրներ:

«Ֆրիտըմ Հաուս»-ի փորձագէտները արձանագրած են, որ տնտեսապէս հզօր եւ իրենց շրջանին մէջ ազդեցիկ դիրք ունեցող շարք մը պետութիւններ, որոնց շարքին են Ռուսիան, Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը, ազատութեան առումով յետընթաց արձանագրած են:

Հեղինակները կը նշեն, որ թէեւ բռնապետական Ազրպէյճանի մէջ քաղաքական իրաւունքներու եւ քաղաքացիական ազատութեան հետ կապուած իրավիճակը կայուն կերպով կը վատթարանայ, բայց եւ այնպէս միջազգային ընտանիքը չի քննադատեր Պաքուն` վերջինիս ունեցած ուժանիւթային հարստութիւններուն պատճառով:

Ընդհանուր առմամբ զեկուցումին մէջ ներառուած է 195 երկիր, որմէ 89-ը (46 առ հարիւր) ճանչցուած է ազատ, 55-ը` (28 առ հարիւր) մասամբ ազատ, 51-ը` (26 առ հարիւր) անազատ:

 

 

Նախորդը

Մուսուլի Հայկական Եկեղեցին Կը Հրկիզուի

Յաջորդը

Վատիկանը Կը Հաստատէ. Ֆրանչիսկոս Պապը 12 Ապրիլին Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած Պատարագ Պիտի Մատուցէ

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
Կալուզին. «Չի Բացառուիր, Որ Լեռնային Ղարաբաղէն  Հեռացածները Որոշ Փուլի Որոշեն Վերադառնալ.  Խաղաղապահներու Ներկայութիւնը Այս Մարդոց Համար  Պիտի Դառնայ Հանգստութեան Լրացուցիչ Գործօն»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Ռուսիա Պատրաստ Է Իր Ներդրումը Ունենալու Երեւանի Եւ Պաքուի Միջեւ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Հարցին Մէջ»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?