Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զարիֆի Հաստատումով` Հայ-Իրանեան Երկաթուղիի Կառուցման Վերաբերեալ Եռակողմ Լաւ Որոշումներ Տրուած Են

Յունուար 28, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

9682_bՊաշտօնական երկօրեայ այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ  27 յունուարին հանդիպումներ ունեցած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի, արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի, Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի եւ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեանի հետ:

Նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ հանդիպման ընթացքին կողմերը կարեւոր նկատած են տնտեսական համագործակցութեան ամրապնդումը, նախանշուած մեծ ծրագիրներու իրականացման իմաստով հետեւողական աշխատանքը, որ մեծապէս պիտի նպաստէ երկու երկիրներուն միջեւ առեւտրական շրջանառութեան քանակի աճին եւ իր ազդեցութիւնը պիտի ունենայ այլ մարզերու մէջ յարաբերութիւններու աւելի սերտացման վրայ:

Նախարար Զարիֆ ըսած է, որ հայ¬իրանական յարաբերութիւնները կրնան աշխարհին համար լաւ օրինակ ըլլալ այն իմաստով, որ ինչպէս քրիստոնեայ եւ իսլամ պետութիւններ կրնան կողք¬կողքի ապրիլ եւ խաղաղ համակեցութիւն ունենալ:

Նախարար Զարիֆի եւ նախարար Նալբանդեանի հանդիպումէն ետք տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Զարիֆ յայտարարած է, որ վերջերս հայ-իրանեան երկաթուղիի կառուցման վերաբերեալ եռակողմ լաւ որոշումներ տրուած են, եւ յոյս կայ, որ նախագիծին  իրականացումը արագ կերպով ընթանայ: Ըստ Զարիֆի, վստահաբար, քաղաքական կամք գոյութիւն ունի Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ առկայ նախագիծերու  իրականացումը յառաջ տանելու համար: Զարիֆ ընդգծած է, որ կարգ մը թեքնիք խնդիրներ յաղթահարուած են: «Իրանեան  կողմն է Մեղրիի ջրաելեկտրակայանը կառուցողը, ներկայացուցած ենք որոշ առաջարկներ, անոնց պատասխանը ստանալէ անմիջապէս ետք արդէն կը բացուին յառաջընթացի կարելիութիւնները», ըսած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարը եւ աւելցուցած. «Մնացեալ մարզերուն մէջ` կազի, ելեկտրականութեան, շատ լաւ բանակցութիւններ տեղի ունեցած են Իրանի մէջ, եւ ընդհանուր համաձայնութիւններ գոյացած են: Մենք յոյս ունինք, որ անոնք արդիւնք կու տան: Կարգ մը ելեւմտական խնդիրներ եղած են, սակայն Հայաստանի կառավարութեան շատ լաւ  դերակատարութեան շնորհիւ անոնց մեծ մասը լուծուած է: Կը յուսանք, որ գոյութիւն ունեցող քաղաքական կամքով կարելի ըլլայ լուծել միւս խնդիրները եւս»:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարը չէ մանրամասնած, թէ Հայաստան-Իրան երկաթուղիի վերաբերեալ եռակողմ ի՞նչ բանակցութիւններ եղած են, երկու երկիրներէն բացի ո՞րն է այդ երրորդ երկիրը կամ կողմը, եւ ի՞նչ կը նշանակէ` «լաւ որոշումներ տրուած են»:

Մանրամասնութիւններ չէ հաղորդած նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան: Ան նշած է, որ քաղաքական կամք եւ յոյս կայ, որ շուտով այդ ծրագիրները կեանքի կոչուին:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարը տեսակցած է նաեւ Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի հետ` քննարկելով  Հայ-իրանեան համագործակցութեան վերաբերող հարցեր: Ըստ Հայաստանի կառավարութեան տեղեկատուութեան ծառայութեան, կողմերը անդրադարձած են, մասնաւորապէս, տարբեր մարզերու մէջ ե՛ւ ընթացիկ, ե՛ւ հեռանկարային ծրագիրներուն, որոնք կը նպաստեն առեւտրական-տնտեսական յարաբերութիւններու զարգացման: Այս ծիրին մէջ կարեւոր նկատուած են միջկառավարական միացեալ յանձնախումբի գործունէութիւնը, գոհունակութիւն յայտնուած է յանձնախումբի վերջին` 2014 թուականի դեկտեմբերին Իրանի մէջ տեղի ունեցած նիստի աշխատանքներէն եւ շեշտուած, որ ատոր շնորհիւ  գոյացած համաձայնութիւնները կեանքի պիտի կոչուին:

Անդրադառնալով Եւրասիական տնտեսական միութեան Հայաստանի անդամակցութեան` Իրանի արտաքին գործոց նախարարը, ըստ պաշտօնական հաղորդագրութեան, նշած է, որ ատիկա եւս  կը նպաստէ հայ-իրանեան տնտեսական կապերու  աշխուժացման:

Զրուցակիցները գոհունակութիւն յայտնած են  երկու երկիրներուն միջեւ քաղաքական երկխօսութեան բարձր մակարդակէն եւ ընդգծած, որ պէտք է ջանքեր գործադրել առեւտրական-տնտեսական համագործակցութիւնը եւս  այդ մակարդակին հասցնելու ուղղութեամբ:

Աբրահամեան եւ Զարիֆ նաեւ անդրադարձած են շրջանային իրավիճակին եւ զարգացումներուն, կարեւոր նկատած են տագնապներու խաղաղ լուծումը եւ շրջանին կայունութիւնը:

Զարիֆ նաեւ Աբրահամեանին փոխանցած է Իրանի առաջին փոխնախագահ Էսհաղ Ճահանկիրիի ջերմ ողջոյնները:

Միւս կողմէ, Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեանի հետ տեղի ունեցած քննարկումներուն ընթացքին` տնտեսական համագործակցութեան տեսանկիւնէ յատուկ անդրադարձ կատարուած է երկկողմանի նախագիծերուն, մասնաւորաբար «Մեղրի»-ի կայանին եւ Հայաստան-Իրան ելեկտրահաղորդման երրորդ գիծի նախագիծերու իրագործման: Ազգային ժողովի նախագահը կարեւոր նկատած է Հայաստանի մարզերուն եւ Իրանի նահանգներուն միջեւ համագործակցութեան ընդլայնումն ու խորացումը:

Սահակեան իր երախտագիտութիւնը յայտնած է Իրանի տարածքին հայկական պատմամշակութային ժառանգութեան պահպանման ուղղութեամբ կատարուող աշխատանքներուն համար:

Խօսելով շրջանային վերջին զարգացումներուն մասին` Ազգային ժողովի նախագահը բարձր գնահատած է Իրանի հաւասարակշռուած դիրքորոշումը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցին մէջ:  Գալուստ Սահակեան յոյս յայտնած է, որ ապրիլ 2015-ին` Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի ոգեկոչման նախաձեռնութիւններուն իր մասնակցութիւնը բերէ նաեւ Իրանի բարձրաստիճան պատուիրակութիւնը:

 

 

Նախորդը

Օհանեան Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագիրի Կազմակերպութեան Դիմելու Անհրաժեշտութիւն Չի Տեսներ

Յաջորդը

Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Դատարանին Մէջ. Այսօր «Փերինչեք Ընդդէմ Զուիցերիա» Գործով` Զուիցերիոյ Բողոքարկման Քննութիւնը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?