«Ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանի սահմաններուն նկատմամբ իրականացուած ոտնձգութիւնները կանխելու համար Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) դիմել-չդիմելու համար պէտք է որոշում տայ Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը», յայտարարած է Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան` երէկ տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին: Ան աւելցուցած է, որ Հայաստանի զինեալ ուժերը այսօր կրնան լիարժէք իրականացնել իրենց առաքելութիւնը:
«Չեմ կարծեր, թէ այս վերջին տարիներուն, եւ մանաւանդ հայկական զինեալ ուժերու ընդհանուր ստեղծման եւ կայացման ամբողջ հոլովոյթը, որ բերած է այնպիսի իրավիճակի մը, ուր հայկական բանակը ապացուցած է, որ անընդհատ կատարելագործուող, հզօրացող եւ զարգացող բանակ է, այս լարուածութեան փոքր ձեւերը կրնան մեզի ստիպել, որ մենք դիմենք ՀԱՊԿ-ին: Մենք պատրաստ ենք այսօր որեւէ գործողութեան եւ մենք ե՛ւ այդ գիծը, ե՛ւ շփման գիծը, ե՛ւ նաեւ հակառակորդի տարածքը անհրաժեշտութեան պարագային ճիշդ մօտակայ խորութեան մէջ կրնանք վերածել թէժ կէտի մը, որմէ ինքն ալ գլուխ պիտի չհանէ», յայտարարած է նախարարը:
Ըստ Օհանեանի, Ազրպէյճան այսօր կը շարունակէ գերռազմականացման քաղաքականութիւնը` հետապնդելով մէկ նպատակ. պարտադրել քաղաքական զիջումներ: Դրացի պետութեան այսպիսի գործելաոճը, նախարարին կարծիքով, լրջագոյն վտանգ է ոչ միայն Հայաստանի, այլեւ ամբողջ շրջանի կայունութեան եւ անվտանգութեան համար: «Հարիւր առ հարիւր բացառել, որ մարտական գործողութիւններ այս կամ այն տիպի չեն կրնար ըլլալ, զինուորական կառոյցի ղեկավարը չի կրնար ինքն իրեն արտօնել: Բայց մենք ամէն ինչ կ՛ընենք, նաեւ ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը այդ ուղղութեամբ կ՛աշխատի, որպէսզի ատիկա չվերածուի լայնածիր պատերազմի: Եւ կը կարծեմ, որ այսօր այդ միտումը մենք չենք տեսներ», ընդգծած է Օհանեան:
Նախարարը տեղեկացուցած է, որ անցեալ տարուան 12 նոյեմբերին ղարաբաղեան-ազրպէյճանական սահմանագիծին վրայ հակառակորդի հարուածէն հայկական զինուորական ուղղաթիռի կործանումէն ետք, անհամաչափ պատասխան արդէն իսկ եղած է:
«Լեռնային Ղարաբաղի մէջ վարժական թռիչքի մը ընթացքին հայկական զինուորական ուղղաթիռի` ազրպէյճանական զինեալ ուժերուն կողմէ կործանման առնչութեամբ, հայկական բանակին մէջ տեղի ունեցած է ծառայողական քննութիւն, եղած են պաշտօնանկութիւններ, պատիժներ, յարուցուած է քրէական գործ, որ ընթացքի մէջ է», յայտարարած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան:
Միաժամանակ, նախարարը ընդգծած է, որ «մեղքը չափէն աւելի ոչ թէ ուղղաթիռի անձնակազմինն է, որ ծրագրուած վարժական թռիչք կատարած է` քիչ մը շեղումով, այլ հակառակորդինն է, որ խախտելով զինադադարը, հարուածած է ուղղաթիռը»: