Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ` Հայոց Բանակի Օրուան Առիթով . Հայ Վրիժառու Դիպուկահարուհիին Նուէրը Իր Ժողովուրդին (28 Յունուար)

Յունուար 28, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

09-4-1-1Այդ ե՛րբ է պատահեր, որ դաժան մարտերու թէ կռիւներու ընթացքին իր սրբազան պարտականութեան վրայ գտնուող հայ զինուորը նուէր ուղարկէր իր ժողովուրդին, այդ ալ հայոց պարագային:

Նուէր, որ իւրայատուկ է իր նիւթեղէն պարունակով:

Նուէր, որ հարազատ է արեան կանչին ու մտքի փայլատակումին:

Նուէր, որ սնուցիչ է իր գաղափարայնութեամբ եւ արժէքով:

Նուէր, որ հոգեգրաւ է իր մտածողութեամբ, ամուր ու պինդ` իր կշիռով, բոցավառ ու կորովի` իր հնչեղ ազդուութեամբ, այլապէս սրտապնդիչ` իր մարտունակութեամբ, որով ազգեր շատ անգամ կ՛ապրին ու կը շնչաւորեն իրենք զիրենք` դէմ յանդիման գտնուելով յուսահատ թէ ընդարմացած պահերու:

Յուսահատ` երբ գրեթէ ամէն օր, յատկապէս վերջին ամիսներուն, հայ կեանքի կիզակէտին, ինքզինք պարտադրող երեւոյթ թէ իրողական վիճակ կը հանդիսանայ հայ զինուորի մը նահատակութիւնը:

Եւ ասիկա այն պահուն, երբ թուրք-ազերի հորդաներ գրեթէ ամէնօրեայ դրութեամբ եւ դաւադրաբար կը յարձակին հայկական սահմանի դիրքապահներու ուղղութեամբ, բարոյալքելու համար հայ զինուորն ու հայութիւնը: Վեհերոտ թշնամին, ճիշդ է, որ կը ստանայ հայ քաջարի բանակայիններու համապատասխան հակազդեցութիւնը` կրելով ծանր վնասներ, այդուամենայնիւ, ան կը շարունակէ թիրախ դարձնել հայ զինուորի հոգեկան աշխարհը, իրերայաջորդ հետախուզական թէ ուղղակի յարձակումներ շղթայազերծելով, պարզապէս հոգելլկելու ընդհանրապէս հայոց բանակի ոգեկան ուժը:

Արդարեւ,

Արցախեան ազատագրական պայքար մղած եւ հայրենիք կերտած  ժողովուրդի մը համար, ճիշդ է, որ նման իրավիճակներ ոչ մէկ ազդեցութիւն պէտք է ունենան, այդուամենայնիւ, զգալի է ժողովրդական մակարդակի վրայ որոշ ընկճուածութիւն եւ յուսախաբութիւն, ի տես թանկագին կեանքերու ամէնօրեայ կորուստին:

Այո՛, ծանր է աննման տղաներու եւ երիտասարդ կեանքերու շիջումը, մանաւանդ որ անոնք հայրենիքի եւ ժողովուրդի պաշտպանութեան համար իրենց մատղաշ տարիքի եւ խոստմնալից ապագայի երազներն ու հայավայել ժպիտները կը զոհեն, ասիկա կ՛ընեն ազգային արժանապատուութեան պահպանման, հայ պետականութեան ամրապնդման, անվտանգ ու բարօր ապագայի մը հաստատման ի խնդիր:

Եւ այս քաղաքական թէ զինուորական խառնափնթոր կացութիւններու հետ միատեղ, հայոց բանակի մարտունակութեան կանչն է, որ կը ղօղանջէ հայրենիքի երկնակամարին թէ սփիւռքեան կեանքի ամէն մէկ գաղութին մէջ, ուր հայութիւնը սրտայոյզ կը հետեւի ամէն քայլափոխի, որ խորապէս կ՛առնչուի ազգի ճակատագիրին ու լինելութեան:

Կա՜նչը, սրբազան ու անտեղիտալի:

09-4-1-211-420x311Իրօք, զինուորական արհեստավարժութեամբ յագեցած կեցուածք մը, խիզախութեամբ եւ յանդգնութեամբ լիացած որոտ մը, ոգեկան ներշնչումի վայել արարք մը, դէպի թշնամի որջեր սաւառնելու եւ հարուածելու կորովի նախաձեռնութիւն մը, նահատակութեամբ նորովի մկրտուելու պատրաստակամութիւն մը, բայց մանաւանդ` հայ զոհուած զինուորի թէ սպայի արեան վրէժը լուծելու եզակի քաջութիւն մը:

Իսկ ի՛նչ էր յիշատակելին, զգայացունցն ու խորապէս համբուրելին:

Այս անգամ` հայոց բանակի մասնայատուկ արձակազէններու վրիժառական գործողութիւններու ամբողջ փառատօն մը` գիտակցական նուիրումի յստակատեսութեամբ եւ թիրախի ստոյգ ոչնչացումի վճռակամութեամբ:

Յայտնապէս, ամէնօրեայ դարձած նման հոգեպնդիչ մարտական արարքներու մէջ կ՛առանձնանար սրբազան աքթ մը, երբ հայոց բանակի ծառայութեան կոչուած կին արձակազէն  մը սրտաշարժ արարքով եւ անվրէպ հարուածով կը զգետնէր թշնամի արձակազէն հրամանատար մը, որ համարձակութիւն է ունեցեր մօտենալ հայոց հայրենիքի սահմաններուն եւ իր զազիր փամփուշտը արձակած հայ զինուորներուն ուղղութեամբ:

Հակառակ բազմաթիւ հայ զինծառայողներու նահատակութեան, հրաշափառ այս լուրը կայծակնային արագութեամբ կը տարծուէր ի լուր աշխարհին, այնպիսի զգացողութեամբ եւ հարազատօրէն, որ ամբողջ ազգ մը կը խոնարհէր հայ կին արձակազէնի աննման քաջութեան դիմաց եւ կը համբուրէր անոր սրբազան աջը:

Աջը, որ զսպանակուած էր Հայկեան ուժականութեամբ:

Աջը, որ միախառնուած էր իր ազգի ահաւոր անցեալի յուշերուն:

Աջը, որ խարսխուած էր հայոց սրբազան լերան` Արարատի ընդերքին:

Աջը, որ թաթախուած էր հայ զինուոր նահատակի արեան խորհուրդով:

Աջը, որ կը գործէր յանուն արդարութեան եւ ազատութեան:

Աջը, որ կը թնդացնէր ազգի մը ներաշխարհը, դառնալով հարազատ պոռթկումներու եւ ցասումի տարերքը:

Աջը, որ կը յաւակնէր ըլլալ իր ժողովուրդի բարոյահոգեբանական վիճակի ղօղանջը:

Միւս կողմէ, պիտի առարկուի, հաւանաբար, թէ ռազմական գործողութիւններու ամբողջ պաստառին վրայ որքանով ճիշդ է առանձնացնել անհատական դէպք մը, ցնցող աքթ մը, մարտական արարք մը, որքան որ ալ ատիկա ըլլայ ազդու եւ նպատակաուղղուած:

Փաստօրէն, այս հասկացողութիւնն է առհասարակ ընդգծելին:

Որովհետեւ, հայ կեանքի ներկայ ժամանակներու անմիջական առօրեային հետ սերտ աղերս ունեցող հարցերու տուայտանքին հետ ու միատեղ, երբ զազիր թուրք¬ազերին ամէն քայլափոխի կը դիմէ ազգի մը սիրտը խոցել, ժողովուրդի մը կամքը ջլատել, պետութիւն մը վհատեցնել,  ազգային գիտակցութեան եւ նուիրումի ջահը շիջեցնել, այլապէս հայ երիտասարդութիւնը բարոյալքել, ահաւասիկ, նման քաջարի եւ խիզախ մարտական գործողութիւններ հարկ է, որ լուսարձակուին դէպի հայոց հոգիներու ալքերը, բոցավառելու համար ոգեկան արժէքներու կրակը:

Թէ ինչու մեր սրտերը անմիջապէս արձագանգեցին ի լուր այս սխրանքին, պարզապէս համայն մարդկութեան յայտնելու, որ, ինչպէս քաջարի քիւրտ ազատամարտիկներ անցնող ամիսներուն ցոյց տուին արիութեան եւ հայրենասիրութեան բացառիկ օրինակներ, կռուելով ծայրայեղ իսլամ մարդակերներու դէմ, հայութիւնը, իր կարգին ծնունդ կու տայ կրկնակի հերոսութեամբ յագեցած հայուհիներու եւ Անահիտեան պաշտամունքին ծնրադիր աստուածութիւններու:

Հայոց բանակի օրուան նշումը, խորքին մէջ ազգային ամէնէն նուիրական եւ ոգեշնչող տօներուն տօն է, հայու մարտունակ եւ ռազմավարի ունակութիւններուն ներկայացման պատեհ առիթն է, հայ պետական ու քաղաքական մտածողութեան շունչ ու ոգի մատակարարող անկրկնելի հնոցը, ազգային պաշտպանական համակարգի ամրակուռ դարբնոցը, այո՛, ազգին հմայք ու փայլք յանձանձող կառոյցը:

Հայրենիքը ամուր եւ անվտանգ պահող կռուանը:

Յարաճուն, բարգաւաճ եւ ինքնավստահ կեանք մը պարգեւելու ամէնէն էական արժեհամակարգը, հայոց բանակը:

Հաւատալ է պէտք, որ, հայ զինուորը կորովի, կամքի ու նուիրումի մեծագոյն դաստիարակն է, հայոց հոգիները եւ կամքերը բոցավառող ատրուշանը:

Փառքն ու պատիւը անոնց:

 

Նախորդը

«Սա Վտանգաւոր Խաղ Է Ազրպէյճանի Իշխանութիւնների Կողմից…», Ասում Է Արտակ Բեգլարեանը

Յաջորդը

Անդրադարձ. Ապականած Աղբիւրէ Բխած Հաղորդագրութիւն Մը

RelatedPosts

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» Կոմիտէին` Գարեգին Նժդեհի Կիսանդրիի Բացում
Անդրադարձ

Մենք Պէտք Է Յաջողինք Վերստին Հրապարակ Բերել Հայու Նժդեհի Հաւատացած Տեսակը*

Յուլիս 15, 2025
Ընդդիմութիւնը Պէտք Է Նուազագոյն Ազգային Համաձայնութիւնը Ձեւակերպէ
Անդրադարձ

Ընդդիմութիւնը Պէտք Է Նուազագոյն Ազգային Համաձայնութիւնը Ձեւակերպէ

Յուլիս 14, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Լուրջ… Երգիծանք. Ուղեղի Բորբոսը Դարմանելու Ձեւ Կա՞յ

Յուլիս 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?