Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ. Ապականած Աղբիւրէ Բխած Հաղորդագրութիւն Մը

Յունուար 28, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

12815_vahoԹուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ «Ողջակիզումի յիշատակման օր»-ուան առիթով հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ ընդգծեց, որ Թուրքիա մեծ կարեւորութիւն կ՛ընծայէ Համաշխարհային Բ. պատերազմի ընթացքին զոհուած վեց միլիոն հրեաներու յիշատակը յարգելուն, եւ նշեց. «Կը յուսանք, որ իւրաքանչիւր մարդու մօտ զարգանայ հասկացողութիւն մը Ողջակիզումին մասին, որ մարդկային պատմութեան ամէնէն խաւար պահերէն մէկն է, եւ (իւրաքանչիւր մարդ) նկատի ունենայ միասնաբար գործել, որպէսզի այդպիսի ողբերգութիւն մը, եւ այն պայմանները, որ այս անըմբռնելի ոճիրը կարելի դարձուցին, երբեք դարձեալ երեւան չգան»:

Յայտարարութիւնը կը հաղորդէր, որ «Ողջակիզումի յիշատակման օր»-ը, որ անցնող չորս տարիներուն Թուրքիոյ հրէական համայնքին կողմէ տարբեր ձեռնարկներու միջոցով նշուած է, այս տարի Օշուիցի համակեդրոնացման ճամբարի ազատագրութեան 70-ամեակին առիթով տեղի պիտի ունենայ Անգարայի մէջ, եւ Պիլքենթ համալսարանին մէջ տեղի ունենալիք այդ ձեռնարկին պիտի մասնակցի Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Ճեմիլ Չիչեք:

Ինչո՞ւ այս տարի Անգարայի մէջ եւ այս մակարդակով պիտի նշուի յիշատակի այդ օրը: Արդեօք պարզապէս կլոր թուական մը ըլլալո՞ւն համար: Անշուշտ ոչ: Ըստ երեւոյթին, թրքական իշխանութիւնները կը գիտակցին, որ Կալիփոլիի ճակատամարտի 100-ամեակի 24 ապրիլին նշումը բաւարար չէ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը շուքի մատնելու, մանաւանդ որ իրենց` արեւու պէս պայծառ այդ մտադրութիւնը ոչ ոքէ վրիպեցաւ, ուստի այժմ այդ քայլին վրայ կ՛աւելցնեն Օշուիցի ազատագրութեան 70-ամեակը մայրաքաղաք Անգարայի մէջ եւ պետական բարձրաստիճան մասնակցութեամբ նշելու քայլը: Այլ խօսքով` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին զուգադիպող եւ զայն շուքի մատնելու համար շահագործուող Կալիփոլիի ճակատամարտի 100-ամեակին վրայ այժմ աւելցած է Օշուիցի ազատագրութեան 70-ամեակը, եւ բացառուած չէ, որ այլ դէպքերու ամեակներ եւս փութան համալրելու մտատանջուող Անգարայի զինանոցը:

Թուրքիան Օսմանեան կայսրութեան իրաւայաջորդն է եւ կը մերժէ առերեսուիլ մարդկութեան պատմութեան եւ նոյնինքն իր պատմութեան ամէնէն խաւար պահերէն մէկուն` Հայոց ցեղասպանութեան հետ: Անգարա Ողջակիզումի գործադրութեան համար իբրեւ բնորդ օգտագործուած 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան նկատմամբ ժխտողական քաղաքականութիւն կը կիրարկէ, այդ պատճառով ալ անոր արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան իւրաքանչիւր տող ու բառ կեղծ կը հնչէ եւ քարշանք կը պատճառէ, մանաւանդ որ կը փոխանցէ տողատակի այլ ծածուկ պատգամ մը. «Ողջակիզումին նկատմամբ այսպիսի սկզբունքային ու վեհ կեցուածք արտայայտող Թուրքիան չի կրնար ցեղասպանութիւն գործած ըլլալ, ուստի չ՛արժեր հայկական պնդումներու 100-ամեակը նշել»:

Մարդկութեան դէմ  ծանր ոճիրի մը մասին հաղորդագրութեան ճամբով Թուրքիոյ բերնէն հնչած երեւութապէս գեղեցիկ ու դատապարտումի տեսք ունեցող այս խօսքերը իրենց մէջ ժխտողականութիւն կը պարունակեն, որովհետեւ ժխտողականութեամբ ապականած աղբիւրէ մը կը բխին: Այստեղ զարմանալի ոչինչ կայ. ի վերջոյ ո՞վ ապականած աղբիւրէ մը զուլալ ջուր կ՛ակնկալէ:

 

 

Նախորդը

Անդրադարձ` Հայոց Բանակի Օրուան Առիթով . Հայ Վրիժառու Դիպուկահարուհիին Նուէրը Իր Ժողովուրդին (28 Յունուար)

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Շուշիով Կրնա՛նք Վերապրիլ  (9 Մայիս)
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Խրոխտ Շուշիի Ազատագրման Յիշատակին

Մայիս 17, 2025
Մուսա Լերան Պատմական Յուշարձանը Դարձեալ Ծնունդ Կ՛առնէ Ֆրեզնոյի Մէջ
Անդրադարձ

Մուսա Լերան Պատմական Յուշարձանը Դարձեալ Ծնունդ Կ՛առնէ Ֆրեզնոյի Մէջ

Մայիս 17, 2025
Ազրպէյճան Մտադիր Է Գրաւել Հայաստանը Եւ Ստեղծել «Արեւմտեան Ազրպէյճան»
Անդրադարձ

Հայերը Կը Կարծեն, Թէ Միայն Իրենք Անմիաբան Են, Սակայն Իրականութիւնը Այդպէս Չէ

Մայիս 17, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?