ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Տրամադիր էք ձեր կատարած մարզանքը դադրեցնելու: Կը մտածէք ուրիշ մարզաձեւ մը որդեգրելու մասին, օրինակի համար` եոկա կամ ուրիշ մարզաձեւ մը:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեր ուժերը մի՛ թերագնահատէք: Պատճառ չունիք ուրիշին նախանձելու: Շարունակեցէք ձեր աշխատանքը` ըստ սովորականին:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Շատ պահանջկոտ մի՛ ըլլաք, պահանջեցէք կարեւորը: Ուշադիր եղէք ձեր առուծախին, որպէսզի ամսուն վերջը նիւթական դժուարութիւն չունենաք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Տրամադրութեան թեթեւ անկում մը պիտի ունենաք. ոմանք զայն պիտի թարգմանեն, թէ մեծ հրաւէր մը ունիք: Մի՛ մտահոգուիք, ամէն ինչ լաւ պիտի ընթանայ:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Մի՛ մտահոգուիք ձեր բարեկամներուն մասին: Անոնք գիտեն, ինչ որ կ՛ընեն: Ներկայ պիտի ըլլաք արուեստի գործերու ցուցադրութեան:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Աշխատանքի մէջ խմբական գործունէութիւն մը պիտի կազմակերպէք, օրը պիտի ունենայ նիւթական եւ բարոյական յաջողութիւն: Միշտ ուրախ մնացէք:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Գործի պաշտօնակից մը կ՛ուզէ ձեզ խորտակել: Ուշադիր եղէք: Չարիքին դէմ չարիքով մի՛ պատասխանէք, կը շահիք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Դէպի արտասահման ձեր երազած ճամբորդութիւնը շուտով չէք կրնար իրագործել: Համբերութեամբ ամէն փափաք կ՛իրագործուի: Քիչ մը եւս սպասեցէք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Հասկացողութեան մը պիտի գաք կարգադրելու համար յարաբերութիւն մը: Ոչ ոքի պարտադրեցէք ձեր փափաքը, հարցը ձգեցէք բախտին:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Մոռցէք անցեալի ձեր ձախողութիւնը, որպէսզի կասկածներ չունենաք: Լաւատեսութեամբ կրնաք յաղթահարել դժուարութիւնները:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Եթէ մարզաձեւի մը կը հետեւիք, պէտք է սահման դնել կիրարկումին: Այս է նաեւ ձեր պարագան, ուրեմն խոհեմութեամբ շարժեցէք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Հիանալի տրամադրութիւն մը ունիք, ձեր շուրջը ամէն բան դրական է, օգտուեցէք այս առիթէն: Բարեկամներ հրաւիրեցէք, որպէսզի ուրախանաք: