Հեռուէն հիմա պատկերիդ հետ կը զրուցեմ
Հայրենի՛ տուն, թոյլ տուր կանչեմ թաղեցիքս…
Ես կը տեսնեմ բակերուդ մէջ
Մանուկներուդ վազքը ազատ ու ճիչը սուր,
Տարեցներուն զրոյցները մեր բարբառով…
Ժամիդ խաչն է ու գմբէթիդ զանգը ահա,
Ու կը լսեմ կիրակնօրեայ աղօթը մեր…
Դեռ կը տեսնեմ
Աղբիւր տանող ճամբուդ դափնիները անուշաբոյր.
Կը գլգլայ աղբիւրդ դեռ, գուռդ ահա, ու մեծ ժայռը…
Քիչ մը անդին մեր ջաղացքն է,
Ու դէպի վար հրաշալի մեր ջրվէժը,
Բացատներուդ «ապրիմ-չապրիմ» ծաղիկներէն կ՛ուզեմ քաղել,
Ճամբուդ եզրէն կակաչներէն փունջեր կազմել,
Հին դպրոցը ահա հասանք…
Սա մեր բերդն է.
Մեր դրախտը իսկական ա՛յս է միայն,
Օտար ցուրտին քեզմէ հեռու պատկերիդ քով
Հայրենի՛ տուն, կարօտդ մեծ լուռ կը շալկեմ տաք կուրծքիս տակ…
ՍԻԼՎԻ