Կիրակի, յունուար 11-ին ցուցարար պիտի ըլլամ: (Յօդուածը գրուած է 10 յունուարին, Խմբ.)
«Շարլի Էպտօ»-ի խմբագրութիւնը ջարդած են, որպէսզի մեռցնեն ազատ խօսքը:
Ոչ ոք պիտի նկատէ իմ ներկայութիւնս ցուցարարներուն շարքին: Ցոյցին պիտի մասնակցիմ զօրակցութիւն յայտնելու համար «Շարլի Էպտօ» երգիծական շաբաթաթերթին, որպէսզի անիկա շարունակէ հրատարակուիլ: Յարգանք նաեւ երգիծաթերթի աշխատակիցներուն, զորս ուզեցին լռեցնել: Ցարդ իմ ընթերցումներուս մաս չէր կազմեր այս երգիծաթերթը: Աւելի միւս երգիծաթերթը կը կարդայի նախանձով, «Քանար Անշէնէ»-ն, եւ բազմիցս ըսած եմ, որ մեծ ժողովուրդ կ՛ըլլանք այն օրը, երբ «Քանար Անշէնէ» մը կ՛ունենանք: Եւ կը վերականգնինք:
Երգիծանքը ազատութեան արտայայտութիւն է: Երգիծանքը կը պահանջէ իրատեսութիւն, ողջմտութիւն, քաջութիւն եւ ուշիմութիւն` մատը դնելու հոն, ուր ցաւ կամ կեղ կայ: Համաժողովրդական ընդվզումի ալիքը, Ֆրանսայի եւ աշխարհին մէջ, վկայեց այն մասին, որ երգիծանքը ազատութեան յատկանիշ է, կեանքի պողոտաներէն խուփ աչքերով չանցնելու հպարտութիւն, ինքնահաստատում եւ իսկական մարդկայնութիւն: Երգիծողը խօսքով եւ մատիտով յանձնառու անձ է, որ մեր մէջ բոյն դրած ախտի եւ կեղտի պալարները կը նշդրակէ:
«Շարլի Էպտօ», «Քանար Անշէնէ», Հայաստանի «Ոզնի», մօտաւոր անցեալի հայ մեծ երգիծագիրները` Յակոբ Պարոնեան, Երուանդ Օտեան, Նշան Պէշիկթաշլեան, հայ մեծ երգիծանկարիչները` Սարուխան, Տիրան Աճէմեան, Մասիս, Հովիւ, հանրային առողջապահութեան յառաջամարտիկներ եղած են եւ են:
Հոգեպէս ախտաւոր, նեղմիտ, անհանդուրժող, եսակեդրոն եւ պզտիկ մարդիկ, քաղաքակրթական-մշակութային յառաջընթացի հակադրուող կեթոյի մէջ իրենք զիրենք բանտարկած եւ հոն իրենց երջանկութիւնը գտնողներ չեն հանդուրժեր երգիծանքը` իր բոլոր ձեւերով:
Չեն հանդուրժեր, որ վերցուի ճշմարտութիւնը թաքցնող վարագոյրը, հայելիի առջեւ կանգնեցնենք զիրենք:
Չեն հանդուրժեր, որ կրօնական անհեթեթութիւններ մերկացուին իրենց արտառոցութիւններով:
Չեն հանդուրժեր, որ իրենց հանգամանքներու ետին գտնուող դատարկութեան վրայ լուսարձակ ուղղեն:
Չեն հանդուրժեր իրենց սնամէջ եսին հանդէպ զլացուած յարգանքի բացակայութիւնը:
Չեն հանդուրժեր, որ ըսուի, թէ թագաւորը մերկ է: Յիշել մանուկներուն գիրքերուն մէջ գտնուող Թայթանիան եւ Օպերոնը:
Դաստիարակիչ է երգիծանքը, երբ անմիջականի սահմանէն դուրս կու գայ: Օրինակ, յիշել Արժանթինի անգրագէտ նախագահ Խուան Փերոնը, որ Սերվանթեսի «Տոն Քիշոթ»-ը չէր կարդացած, բայց անոր հատորներուն առջեւ կը նկարուէր եւ ակադեմիոյ մէջ անոր մասին դասախօսած է:
Մեր կեանքին մէջ, մեր անմիջական շրջանակին մէջ, Խուան Փերոններ կան, բայց «Շարլի Էպտօ» չունինք, որպէսզի հոն գրողներ ըլլան եւ երգիծանկարով նշաւակեն (եթէ թոյլ տրուի) մշակոյթի կեդրոնի մէջ աւուր պատշաճի ուրիշին գրած ճառը կարդացողը, հայ բանաստեղծի յոբելեանին հայերէն չկարդացողը եւ օտար լեզուով հայ բանաստեղծութեան մասին ճառողը, կամ հրապարակին վրայ երթեւեկող մարդիկ, որոնք ըսեն, թէ հիմա ժամանակ ու դրամ ունին եւ աթոռ կ՛ուզեն: Եւ այդ ցանկութեան ընդառաջողներ ըլլան:
Մեր իրականութեան մէջ ալ կան ահաբեկիչներ, որոնք կ՛արգիլեն ծիծաղելիութեան ճշմարտութիւնները ըսել:
Փորձեցէ՛ք ամպագորգոռ ճառախօսի մը ըսել, որ իր խօսքը բեմէն վար չիջաւ: Կը բանադրուիք: Եթէ իշխանութիւն ունենայ ենթական` կը գլխատուիք: Գրեթէ:
«Շարլի Էպտօ»-ն ուզեցին գլխատել:
Բայց միշտ ի մտի պէտք է ունենալ, որ ժողովուրդները երբ նուաճած կ՛ըլլան ազատութիւնները, դուրս եկած կ՛ըլլան Պղատոնի նկարագրած քարայրէն, ուր
ստուերները իրականութիւնն էին քարայրաբնակներուն, եւ մահուան գնով կը պաշտպանեն իրենց ազատութիւնները:
Կիրակի օր, յունուար 11-ին, ազատութիւն եւ ճշմարտութիւն կրող զանգուածները, հարազատ ղեկավարութիւնները, երկիրի մը սահմաններէն ներս եւ դուրս, ազատութեան եւ խօսքի ազատութեան տօնին համար պիտի հաւաքուին:
Որպէսզի չխաւարի միտքի պայծառութիւնը, տեղի չունենայ հոգիներու ստրկացումը, չխափանուի ճշմարտութեան լոյսը, առանց որուն մարդը կը վերադառնայ այն խաւար դարերը եւ վիճակը, երբ ինք ալ ի միջի այլոց գազանի նման կենդանի մըն էր:
Այս սարսափի հեռանկարին դէմ պայքարին համար, աշխարհի մեծերուն եւ փոքրերուն հետ ցոյցի պիտի մասնակցիմ:
Ըսելու համար, որ «Շարլի Էպտօ»-ի պայծառ դէմքերը հռոմէացի զոհուած զինուորի պէս գացին վահանին վրայ, բայց անոնց փոխարէն բիւրաւորներ եկան կանգնելու վահանին ետին:
Որպէսզի մեր թերութիւններուն վրայ հրաւիրենք մեր ծիծաղը:
Հանրի Պերկսոն կ՛ըսէր, որ սրամտութիւնը, humour-ը, իմացականութեան վերին ոլորտն է:
Եւ ազատ խօսքն ու երգիծանքը հզօր զէնքեր են: Խաւարածներ անոնց կը հակադրեն մեր քաղաքակրթութեան հնարած մահասփիւռ զէնքերը, անոնք ըլլան թնդանօթներ թէ հանգամանքի-դիրքի չարաշահումներ:
Ըսողներ եղան, խօսքը գործի վերածեցին, որ «Շարլի Էպտօ»-ն պէտք է ապրի, շարունակուի:
Երգիծանքը հոգիները փտախտէ փրկող լաստ է:
Նոյնիսկ երբ մեղանչումի ուժով կը հարուածէ:
Մեր ծիծաղելիութիւններու առջեւ որպէս հայելի դրուած «Շարլի Էպտօ»-ն պիտի շարունակուի:
Որպէսզի յոյն իմաստասէրներու կամ ֆրոյտեան հոգեվերլուծողներու catharsis-ին ենթարկուինք:
Երբ ստացուած կամ լոյս տեսած կ՛ըլլայ այս «Մակարական»-ը, «Շարլի Էպտօ»-ն, համաժողովրդական զօրակցութեամբ, հրատարակուած կ՛ըլլայ մէկ միլիոն տպաքանակով:
Քաջութեան, երգիծանքի եւ խօսքի ազատութեան յաղթանակ մը, որմէ անմասն պէտք չէ մնալ` վասն թապուները մերժող իրաւ հիւմանիզմի:
Կարեւորը ազատ խօսքն է: Դատաւորը` լսողը:
Ինչո՞ւ վերեւները պիտի որոշեն, թէ ի՛նչ պէտք է լսենք եւ ըսենք:
ՄԱԿԱՐ Ի ԳԱՂՂԻԱ
Յունուար 10, 2015