ԿԱՐՕ ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Հարազա՛տ սիրելի,
«Friend» բառին հայերէնը «ընկեր» է: Անիկա իմաստով հարուստ բառ է: Այսօր կ’ողջունեմ «ընկեր»-ս անոր եւ իմ մայրենի լեզուով, որովհետեւ, ճիշդ է, որ ան հեղինակ էր, որ կը գրէր տիրաբար երկու լեզուներով` անգլերէն եւ հայերէն, սակայն ան կ’ըմբոշխնէր մեր խօսակցութիւնը հայերէնով: Սիրելի՛ ընկեր Վարդգէս,
Սիրելի՛ սգակիրներ,
Սիրելի՛ եղբայրս, Զաւէն,
«Այս ինչ փորձանք եկաւ մեր գլխուն». այսպէս սկսաւ Վարդգէսը իր բազմաթիւ եւ բազմատպագրուած յօդուածներէն մին, որ հրատարակուած էր Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթին մէջ, մայիս 1971-ին, «Ամերիկահայութիւնը իր ցաւերով» վերնագիրով: Ան շարունակեց այսպէս. «Աստուա՛ծ իմ, ո՛ւր հասաւ մեր ժողովուրդը», աւելցնելով` «Բախումը հին եւ նոր սերունդներուն միջեւ աննախընթաց համեմատութիւններու հասած է: Ամերիկան` զմայլելի այս աշխարհը, ծնունդ տուած է այս մթնոլորտին»:
Ինք` Վարդգէսը, հին սերունդին կը պատկանէր, ես` նորին: Ինք` աշխարհ եկած էր Հայոց ցեղասպանութեան աւարտէն 3 տարիներ ետք, իսկ ես` իր ծնունդէն 25 տարիներ ետք:
Սակայն մերը բախումի յարաբերութիւն մը չէր: Մերը միացման առաքելութիւն մըն էր. հինը` նորին հետ, եւ հինը` նորին ներշնչման հետ միատեղ. Վարդգէսը յորդորեց նորը, նոր սերունդը, որ մենք ալ մեր հերթին, օրէ օր մեծնալով եւ դառնալով հին` մեր զաւակներուն եւ նոր սերունդին ներշնչենք, իր խօսքերով, լաւ հասկնանք եւ հասկցնենք, որ մենք` ժառանգորդներս այդ ջարդուած, հալածուած, բայց հերոսական ժողովուրդին, առանց ետ քայլ մը առնելու, արդարութեան զանգը հնչեցնենք անպայման:
Վարդգէսը նաեւ գրեց ապրիլ 24-ի մասին` ըսելով. «Մեր ժողովուրդին իրաւունքները արեան հեղեղներու մէջ սրբագործուեցան եւ փոխանցուեցան մեզի` իբրեւ աւանդ ապագայ իրագործումներու»: Ան գրեց. «Վա՛յ է եկեր, եթէ օր մը մեր ըմբռնումը տկարանայ, եւ մենք թուլնանք մեր ուխտի կատարման մէջ»:
Անդրադառնալով անտարբեր աշխարհին, Վարդգէս գրած է իր սուգի մասին` արտայայտելով իր վիշտը, իր ցասումը, իր ափսոսանքը եւ, մասնաւորաբար, իր արդար զայրոյթը` հանդէպ խուլ ու համր ձեւացող եւ Ցեղասպանութեան իրողութենէն խուսափող աշխարհին, որ, ըստ Վարդգէսի, կը խորհի, թէ մեր թշնամին մեզ կոտորելէ, թալանելէ եւ բռնաբարելէ ետք փակած է իր արեան հաշիւը:
Իսկ Վարդգէսի պատասխանը, իր բառերով, այս է. «Այդպէս մտածողները չարաչար կը սխալին, որովհետեւ մեր հաշիւը չէ փակուած եւ կը փոխանցուի սերունդէ սերունդ, մինչեւ այն օրը, երբ ցեղասպանը կ՛ընդունի իր ոճիրը եւ հատուցում կը կատարէ մեր ժողովուրդին»:
Սգակիրնե՛ր, Շիքակոյի ՀՅԴ «Քրիստափոր» կոմիտէի մայիս 28-ի տօնակատարութեան առիթով Վարդգէս Սինանեանի արտասանած բանախօսական բառերը ի զօրու են նաեւ այս օրերուն.
«Սիրելինե՛ր, մայիս 28-ի յաղթանակով սրբուեցան յուսահատութեան, բարոյալքումի արցունքները, եւ հայ ժողովուրդը ապահով զգաց պանծալի Եռագոյնի հովանիին տակ: Իսկ այսօր մեր հայրենիքն ու Արցախը, մահու կենաց գոյամարտ է, որ կը մղեն, ոչ միայն թուրք եւ ազերի վոհմակներու դէմ, այլ այսպէս կոչուած` քրիստոնեայ աշխարհի քաղաքակիրթ աշխարհին դէմ, որուն անտարբերութիւնն իսկ կը նշանակէ լքումը մեր ժողովուրդի արդար իրաւունքներուն»: Շարունակելով` ան աւելցուց. «Ճի՛շդ այդ պատճառով, այսօր, աւելի քան երբեք, պէտք է ուխտենք, որ մայիս 28-ի խորհուրդը պիտի կրենք մեր հոգիներուն, մեր սիրտերուն, մեր արեան մէջ»:
Համաձայն եմ քեզի հետ, սիրելի՛ ընկերս Վարդգէս: Շիրիմիդ առջեւ մենք այսօր անգամ մը եւս կ՛ուխտենք հաւատարիմ մնալ գաղափարական տեսակէտիդ: Կը լսենք քու ազնիւ, սակայն խիզախ ձայնդ: Ես կարդացի խօսքերդ, այնտեղ, ուր դուն գրած ես.
«Արդեօք մեր արիւնը աւելի նուա՞զ կը կշռէ, քան` միւս ժողովուրդներու արիւնը: Ինչո՞ւ երկու չափ, երկու կշիռ»:
Կը վստահեցնենք քեզի, սիրելի՛ Վարդգէս, հայու արիւնը, մեր արիւնը, քու եւ բոլոր գործընկերներուդ չարչարանքը, ճակտի քրտինքը եւ, աւելի՛ն, ունի այնպիսի ծանր կշիռք, որ մենք ազգովի է, որ պիտի յաջողինք վերապահել:
Ծառայութեամբ եւ նուիրումովդ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան, պարգեւած ես մեզի ուղեցոյց մը: Կ’առաջնորդուինք մենք քու օրինակելի կեանքով, պահելու երազդ ողջ եւ իտէալը` բարձր. մինչեւ յաղթանակ` ի պատիւ քեզի եւ ի շնորհակալանք քու կամաւոր յեղափոխական ոգիին:
Այո՛, ինչպէս անցեալին ըսած ես, մեր ժողովուրդը թէկուզ կրնայ պահ մը լռեցուիլ, բայց երբե՛ք թաղուիլ, այնքան ատեն որ մեր ժողովուրդը դրօշները չէ ծալած:
Այո՛, ինչպէս կ’ըսես, ամէն հայ գիտակցութիւնը պիտի ունենայ, թէ հայն է հայուն յոյսը:
Այո՛, կը լսենք քեզ, երբ կ’ըսես. «Մենք է, որ պիտի սրբենք մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն արցունքը»: Եւ կը հասկնանք, որ կը խօսիս քու սերունդին մասին. այդ առաջին սերունդին, Ցեղասպանութենէն ետք: Կը խօսիս մեր քոյրերու եւ եղբայրներու մասին, մեր հայրերուն եւ մայրերուն մասին:
Եւ քու հետեւեալ խօսքերդ, որոնցմով կ՛ըմբռնենք խոր իմաստը մեր սերունդին, այսօր ես խոնարհաբար կը կրկնեմ, որովհետեւ բառերուդ ընդմէջէն ես կը լսեմ մեր զաւկունքի քայլերգը, երբ կ՛ըսես. «Այսօր, աւելի քան երէկ, կը լսենք նահատակներու անդրշիրիմեան արձագանգը` այնքա՜ն ուժեղ, այնքա՜ն յուզիչ, ու նոյնքան ներգործող, որ կը թափանցէ մեր թմրած հոգիներուն եւ սիրտերուն ամենախաւար ծալքերը եւ անկիւնները»:
Վարդգէս Սինանեան այն մարդն էր, որ ունէր ներքին աշխարհ, որ լեցուած էր երազներու առեղծուածով, հազար ու մէկ ճանապարհներ գացող, կարօտներով, յոյսերով եւ հիասթափութիւններով, կրակներով եւ մոխիրներով:
Իր նմանները շատ քիչ գոյութիւն ունին: Ես սիրեցի՛ իր կերպարը: Սիրեցի իր լրջախոհութիւնը, մարդկայնութիւնը, ընկերասիրութիւնը, ազնուութիւնը եւ վիպասանական ոճը:
Ի՞նչ կարեւոր, թէ Վարդգէս Սինանեան ո՞ւր է ծնած` Կիպրոս, Հայաստան թէ Լիբանան:
Կարեւորը այն է, որ ան ծնած է: Ծնած է, որ ուրախութիւն բերէ, լոյս տայ եւ հայ ազգին պարգեւէ խոյանքի նոր թեւեր:
Այդ ամէնը Վարդգէսը կատարեալ կերպով իրագործեց: Գրականութեամբ հմուտ` մխրճուեցաւ ազգային, միութենական եւ կուսակցական հարցերու մէջ, նուիրուելով իր ազգին ու հայրենիքին: Իրեն համար կարեւորը իր ժողովուրդն էր: Մեր մշակոյթն էր: Հայ մամուլն էր: Եւ ան բերաւ ուրախութիւն բոլորին եւ եղաւ լոյս` իր համայն հարազատներուն:
Ես բախտաւոր կը զգամ, որովհետեւ ինչպէս միշտ, նաեւ Վարդգէսի կեանքի աւարտին, իր սիրելի կինը` Մարկոն, զաւակները` Զաւէնը եւ Անին, փեսան` Յակոբն ու հարսը` Արմէնիան, սրտաբաց ինծի թոյլատրեցին միանալ իրենց եւ Վարդգէսի թոռներուն:
Այնտեղ ես զմայլանքով ականատես եղայ Վարդգէսի քաջութեան եւ պայծառ միտքին: Մարմնապէս տկար, սակայն մտառողջ, ինք իր կեանքի նախավերջին գիշերը համբերութեամբ ինծի հետ զրուցեց:
Ան լսեց իր հարսին` Արմէնիային անուշ ձայնը, երբ ան երգեց «Մեր հայրենիք»-ը:
Այնտեղ ես ականատես եղայ իր աղջկան` Անիին գուրգուրանքին, երբ ան խմցուց իր հօր վերջին ջուրի բաժակը:
Ես յատկապէս երախտապարտ եմ Զաւէնին, որ ընդառաջելով իմ սրտի խորերէն մղուած իղձին` զետեղեց իր հօր կուրծքին վրայ այն երգը, որով կարող էր նկարագրել Վարդգէսի կեանքը.
«Մենք անկեղծ զինուոր ենք, առանց ի վիճակ:
Ուխտել ենք ծառայել երկար ժամանակ»:
Եւ երգի ընթացքին Զաւէնը իր հօր ձեռքը իր ձեռքերուն մէջ, Անին իր հօրը գլուխը իր ափերուն մէջ, տիկին Մարկոյին կսկիծը երեսին, թոռներու արցունքները այտերուն, երբ երգը կ՛աւարտէր, Վարդգէսը կը լսէր.
«Կեցցէ՛ Զէյթունը, խրոխտ Սասունը,
Դաշնակցութիւնը բախտաւոր օրեր պարգեւեց հայուն»:
Երգը աւարտեց, իսկ Վարդգէս ննջեց:
Կ՛ըսեմ. «Երթաս բարով, Վարդգէս», բայց կը շեշտեմ նոյնպէս. «Մնաս բարով, Վարդգէս»:
Այո՛, դուն կը մնաս յաւերժօրէն, կը մնաս բարով մեր սիրտերուն մէջ:
Ուրեմն, ննջէ՛, ընկե՛ր Վարդգէս Սինանեան:
Վարձքդ լիովին կատար:
Մինչեւ մեր յաջորդ զրոյցը իրարու հետ:
Երթաս բարով, մնաս բարով:
* Դամբանական` արտասանուած Վարդգէս Սինանեանի յուղարկաւորութեան ընթացքին: