Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայոց Արեւելից Կողմանց Սահմանապահները

January 17, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀԱԳՆ ԳԱՐԱԳԱՇԵԱՆ

VK_soldiersՍեպտեմբերի արեւաբոյր առաւօտ է Արցախի մէջ: Ասկերանի զօրամասին մէջ զինուորական եռուզեռ է: 1994-ի մայիսին կնքուած հրադադարէն ետք, օգոստոսի սկիզբը ազրպէյճանական կողմէն դաւադիր յարձակումներու պատճառով երկու հակադիր կողմերու սահմանային զօրամասերը ահազանգային վիճակի մէջ են:

Փոխգնդապետ Քամալեան եւ փոխգնդապետ Յակոբեան ինծի կը յանձնեն փամփշտարգել զրահանդերձը` ապահովութեան համար: Զինուորական փոխադրակառքով կ՛ուղղուինք Աղտամի ճակատ: Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութեան յատուկ թոյլտուութեամբ, կը մեկնինք  Աղտամի թիւ X խրամադիրք, կամ` խրամաբջիջ, ինչպէս զինուորական հասկացողութեամբ կը կոչեն հոս ռազմագիծի սահմանային պահակակէտը:

Կը հասնինք Ակնա, Աղտամ: Այժմ ուրուականներու բոյն դարձած այս ազրպէյճանական քաղաքը պատերազմի թէժ օրերուն Ստեփանակերտի խաղաղ բնակչութիւնը ամէնօրեայ ռմբակոծումներով եւ հրթիռարձակութեամբ պատուհասող թշնամիի որջն էր: Այսօր երբեմնի քաղաքի միակ կանգուն կառոյցը մինարէները դէպի երկինք պարզած իսլամական մզկիթն է: Այստեղ 1993-ի յուլիս 24-ին մղուած ճակատամարտով վճռուած է Արցախի արեւելեան սահմանի ապահովութեան ապագայ ճակատագիրը, երբ հայ ռազմիկներու յանդուգն յարձակումով ազատագրուած է Աղտամը եւ այդ գործողութեամբ ամրապնդուած են Ջրաբերդի, Խաչենի, Վարանդայի եւ Դիզակի արեւելեան սահմանադռները:

Կը հասնինք խրամադիրք: Մեր եւ հակառակորդի դիրքերուն միջեւ հեռաւորութիւնը 500 մեթր է, որ կը վկայէ, թէ սահմանային այս ռազմադիրքը վտանգաւոր գիծ է: Այստեղ մարտական հերթապահութիւնը իրականացնող սահմանապահ զինուորները սպառազինուած են ամբողջական զրահանդերձով, նռնականետներով եւ այլ պաշտպանողական զինապահեստով: Զինուորները կարգապահ են, ազնուական կեցուածքով: Կը զրուցենք: Կը հարցնեն քանատահայութեան մասին: Իրենց կը վստահեցնեմ, որ Քանատայի եւ սփիւռքի այլ հայկական ոստաններու մէջ սփիւռքահայ իրենց քոյրերն ու եղբայրները ամուր կառչած են պաշտպանողական երկրորդ գիծին վրայ` քարոզչական պատերազմի խրամներուն մէջ, դիմագրաւելու համար ազրպէյճանական հակահայ քարոզչութիւնը:

Խրամատին մէջ, պահակադիրքին մէջ դիրքաւորուած սահմանապահ զինուորը, դէպի հակառակորդի դիրք նայող նեղ ծերպին ուղղելով ցուցամատը, կը բացատրէ հեռուն դարանակալած հակառակորդին դիրքերը: Փոխգնդապետ Քամալեանի եւ փոխգնդապետ Յակոբեանի հետ կ՛ըմպենք հայկական բանակի համեղ սուրճը:

Անոնք կը հաստատեն, թէ հայկական յառաջապահ ստորաբաժանումները կը վերահսկեն իրադրութիւնը սահմանագիծի ամբողջ երկայնքով: Բաղդատելով յուլիս-օգոստոս ամիսներու պայթիւնավտանգ կացութեան` կրակոցներն ու դիպուկահարութեան դէպքերը զգալիօրէն նուազած են:

Մէկ բան յստակ է եւ այդ մէկը կը փաստեն սահմանը պաշտպանող հայ մարտիկներու վճռական նայուածքները, որ իրենք զգօն են, պատրաստ` թշնամիին սադրանքները դիմակայելու, զանոնք կանխարգիլելու եւ ի հարկին արժանի հակահարուած տալու:

Հրաժեշտ կ՛առնենք զինուորներէն, այն երիտասարդներէն, որոնք յուլիս-օգոստոսի թշնամիին կողմէ սանձազերծուած խափանարար գործողութիւնները ձախողութեան մատնեցին, որոնց գնդացիրներու դիպուկ հարուածներուն տակ թշնամին տուաւ տասնեակներով սպաննուած, եւ փաստեցին, որ հայ զինուորը իր մարտական եւ բարոյահոգեբանական բարձր պատրաստուածութեամբ ի վիճակի է պարտութեան մատնելու թշնամին: Հրաժեշտ կ՛առնենք այն երիտասարդներէն, որոնք Արցախի հիւսիս-արեւելեան մատոյցներուն վրայ թէժ մարտերու ընթացքին իրենց արեամբ վերագծեցին ու ամրագրեցին հայրենիքի սահմանները:

ԱԿՆԱ

 

Նախորդը

Մատթէոս Զարիֆեան (1894-1924) Սիրոյ, Թախիծի Եւ Քնքշանքի Անմահ Քնարերգակը

Յաջորդը

Բոցավառ «Շարլի Էպտօ»-ի Առասպելին Դիմաց

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.