Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Սուրիա
Հալէպի Բարձրաստիճան Պատասխանատուներ
Շնորհաւորեցին Հայ Առաքելական
Համայնքին Ս. Ծննդեան Տօնը
Երեքշաբթի, 6 յունուար 2015-ի կէսօրին, յետ Ս. պատարագին, Ս. Ծննդեան տօնին առիթով Հալէպի պետական բարձրաստիճան պատասխանատուներ շնորհաւորական այցելութիւն տուին Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ «Սուրէնեան» դահլիճին մէջ: Անոնց կարգին էին` Հալէպի նահանգապետը, Պաաս կուսակցութեան Հալէպի կուսակցապետը, Հալէպի քաղաքապետը, ոստիկանապետը, Հալէպի պետական համալսարանի Պաաս կուսակցութեան եւ համալսարանի տնօրէնութեան ներկայացուցիչները` իրենց շքախումբերով: Չորեքշաբթի, 7 յունուարին Հալէպի կրթական տնօրէնն ու մասնակի ուսման բաժանմունքի տնօրէնը եւս նոյն նպատակով այցելեցին սրբազան հօր: Այս առթիւ, անոնք սրբազան հօր եւ հայ համայնքին իրենց բարեմաղթութիւնները յայտնեցին:
Ատրպատական
Ճարտարապետներու Պետական Խորհուրդի
Այցելութիւնը`
Ազգային Առաջնորդարան
Դեկտեմբեր 6-ին Ատրպատականի Ազգային առաջնորդարան ժամանեց Ճարտարապետներու խորհուրդի պետական յանձնաժողովի անդամներէ կազմուած պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ խորհուրդի ընդհանուր տնօրէնի տեղակալ ճարտարապետ Պաղայիի եւ ընկերակցութեամբ ճարտարապետներ` Ֆարզիի, Ղաֆֆարիի եւ Էֆթեխարիի:
Ազգային առաջնորդարանի «Էմիլ Յակոբեան» սրահին մէջ անոնք հանդիպում ունեցան Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեանի հետ: Անդրադարձ կատարուեցաւ թեմին կողմէ նախաձեռնուած շարք մը շինարարական ծրագիրներու, որոնք պիտի իրականացուին Թաւրիզի մէջ մօտիկ ապագային: Առաջնորդ սրբազանը վստահեցուց, որ բոլոր նախաձեռնութիւնները Իրանի մէջ հաստատուած քրիստոնեաներուն եւ, յատկապէս, հայերուն կարեւոր ներկայութեան նպաստող աշխատանքներ են:
Այնուհետեւ ճարտարապետ Պաղայի շնորհակալութիւն եւ ուրախութիւն յայտնեց ընդունելութեան համար եւ խոստացաւ օգտակար հանդիսանալ առկայ բոլոր դժուարութիւնները հարթելու համար:
Դպիրներու Եւ Կիսասարկաւագներու
Ձեռնադրութիւն
Դեկտեմբեր 4-ին Թաւրիզի Լիլաւա թաղամասի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ դպիրներու եւ կիսասարկաւագներու ձեռնադրութիւն` ձեռամբ Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեանի:
Անցնող չորս ամիսներու ընթացքին Կրօնական խորհուրդի տնօրինումով հաստատուած յատուկ դասարանի մէջ, գլխաւորութեամբ Թաւրիզի հոգեւոր հովիւ Առաքել քհնյ. Տմտմեանի, վեց թեկնածուները սորվեցան Հայ եկեղեցւոյ խոնարհ աստիճաններու պարտականութիւնները եւ ապա, փորձ-քննութիւն տալէն ետք, արժանացան դպրութեան աստիճան ստանալու, իսկ անոնցմէ երկուքը նաեւ կիսասարկաւագութեան աստիճան ստանալու իրաւունքին:
Ձեռնադրութեան արարողութեան աւարտին սրբազանը բացատրեց Հայ եկեղեցւոյ նուիրապետական կարգերու փոքր աստիճանները, որոնցմէ բարձրանալով` նուիրեալը կրնայ հասնիլ բարձրագոյն կարգերուն: Ան շնորհաւորեց ծնողները` շեշտելով, որ ասկէ աւելի բարձր պատիւ չեն կրնար երեւակայել իրենց զաւակներուն համար, որոնք եկեղեցւոյ սպասաւորներ կը դառնան: Ան նկատել տուաւ, որ եկեղեցին հեզութիւն, ծառայասիրութիւն եւ խոնարհութիւն կը սորվեցնէ մեզի:
Նոր Ջուղա
Յոբելենական Հանդիսութիւն` Նուիրուած
Բաբգէն Արք. Չարեանի Քահանայական Օծման
30-Ամեակին Եւ Սպահանի
Հայոց Թեմի Առաջնորդ Ընտրուելու 10-Ամեակին
Դեկտեմբեր 20-ին Նոր Ջուղայի Հայ Մ. Մ. «Արարատ» միութեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յոբելենական հանդիսութիւն` նուիրուած Սպահանի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեանի քահանայական ձեռնադրութեան եւ օծման 30-ամեակին, ինչպէս նաեւ` Սպահանի հայոց թեմի առաջնորդ ընտրուելու 10-ամեակին:
Ձեռնարկի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ սրբազան հօր գործունէութեան ու արժանիքներուն, նաեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդական փոխանորդ Մակար եպս. Աշգարեան կարդաց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին ոսկետառ կոնդակը` ուղղուած թեմի առաջնորդին` յոբելենական տարեդարձներուն առթիւ: Կոնդակին մէջ վեհափառ հայրապետը բարձր գնահատելով սրբազան հօր ծառայական կեանքը` անոր կը շնորհէր արքութեան մեծ տիտղոսն ու պատիւը: Հանդիսութեան ընթացքին ելոյթ ունեցան Վարուժան արք. Հերկելեան, Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան, Հայաստանի դեսպան Գրիգոր Առաքելեան եւ Սպահանի հայոց թեմի Պատգամաւորական ժողովի դիւանի ատենապետ Վարուժ Մինասեան:
Աւարտին շնորհակալական խօսքով ելոյթ ունեցաւ յոբելեար Բաբգէն արք. Չարեանը, որ իր հպարտութիւնը յայտնեց հայ ծնելուն, հոգեւորական դառնալուն եւ հայ ժողովուրդին ծառայելուն համար:
Միացեալ Նահանգներ
Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Խորհրդանիշի
Մրցանք` Ֆրեզնոյի Համալսարանին Մէջ
Վերջերս, նախաձեռնութեամբ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին մէջ գործող Հայագիտական ծրագիրի վարիչ փրոֆ. Պարլօ Տէր Մկրտիչեանի եւ համագործակցութեամբ գծանկարչական ձեւաւորման բաժանմունքին, տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի խորհրդանիշի մրցանք մը:
Մրցանքը շահեցաւ աւարտական դասարանի ուսանող Քրիսթըֆըր Օրազքօ, որ իր պատրաստած խորհրդանիշին մէջ ի մի բերած էր Ծիծեռնակաբերդի յուշարձանի բոցը եւ յաւերժութեան հայկական խորհրդանիշը:
Շերըն Քալեմգիրեան` Սան Տիէկօ
Գաւառի Գերագոյն Ատեանի Դատաւոր
Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Ճերի Պրաուն վերջերս Սան Տիէկօ գաւառի Գերագոյն ատեանի դատաւոր նշանակեց Շերըն Քալեմգիրեանը, որ 2000-էն ի վեր իրաւաբանական Էշուըրթ, Պլանշեթ, Քրիսչընսըն եւ Քալեմգիրեան հիմնարկի գործակիցներէն մէկն էր:
2010-2014 Շերըն Քալեմգիրեան իրաւագիտութիւն դասաւանդած է Սան Տիէկոյի համալսարանի իրաւագիտական բաժանմունքին մէջ, ուրկէ ան իրաւաբանի վկայականը ստացած էր:
Քալեմգիրեանի տարեկան վարձատրութիւնը 184,610 տոլար պիտի ըլլայ:
Տիգրան Մանսուրեանի Ծննդեան 75-րդ
Տարեդարձին Նուիրուած Նուագահանդէս
Դեկտեմբեր 6-ին «Քառնըկի» համերգասրահի «Ուէյլ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ նուագահանդէս` նուիրուած Տիգրան Մանսուրեանի ծննդեան 75-ամեակին:
Տիգրան Մանսուրեան իր գնահատանքը գրաւոր յայտնեց` ըսելով, որ իր ստեղծագործութիւնները պատճառ կը դառնային համախմբելու երաժշտասէր հասարակութիւնը:
Ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը բերին Նիւ Եորքի «Ճիւլիըրտ» երաժշտանոցէն, Լոնտոնի Արքայական երաժշտութեան հիմնարկէն, Միշիկընի նահանգային համալսարանէն, Սկովտիոյ Արքայական երաժշտանոցէն եւ Մոնրէալի համալսարանէն շրջանաւարտ խումբ մը տաղանդաւոր երիտասարդ երաժիշտներ:
Առաջնորդ Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Կատարեց
«Էճեմոնթ Մետիքըլ Քլինիք»-ի Պաշտօնական Բացումը
Դեկտեմբեր 7-ին առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան կատարեց Հոլիվուտի «Էճեմոնթ մետիքըլ քլինիք»-ի պաշտօնական բացումը:
Սրբազան հօր կ՛ընկերանային Հոլիվուտի Ս. Կարապետ մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեան եւ հոգաբարձութեան անդամներ:
Առաջնորդ սրբազանը շնորհաւորեց կեդրոնի երկու սեփականատէրերը, որոնցմէ մին Ս. Կարապետ մայր եկեղեցւոյ նուիրեալներէն Մանուկ սրկ. Չուլեանն է, ապա յաջողութիւն մաղթեց անոնց ժողովրդանուէր աշխատանքին:
Թատրերգութեան «Սարոյեան» Մրցանակը`
Սենսապելլային
Կազմակերպութեամբ Հայ թատերական արուեստներու միութեան, 6 դեկտեմբերին «Փասատինա Փլէյհաուս» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ուիլիըմ Սարոյեանի անուան թատերական գործերու 2014-ի մրցանքին մրցանակաբաշխութիւնը:
Ելոյթ ունեցան միութեան պատուոյ ատենապետ Տայեան Փիլիպոսեան եւ միութեան գործունէութան մասին զեկոյցով մը` միութեան նախագահ Պիանքա Պաղաթուրեան: Խօսք առին նաեւ Փասատինայի քաղաքապետ Պիլ Պոկարթ եւ քոնկրեսական Էտըմ Շիֆ: Ուիլիըմ Սարոյեանի անուան «Մարդկային իրաւանց եւ ընկերային արդարութեան» 2014-ի մրցանակը յանձնուեցաւ Լաուրա Մարիա Սենսապելլային` անոր «Քարլա Քուքս տը Ուօր» թատրերգութեան համար:
Մրցանակը յանձնեց Լոս Անճելըսի «Սենթրըլ թիեթըր կրուփ»-էն Փիեռ Քարլօ Թելենթին, որ նաեւ յայտարարեց, թէ իրենց թատերախումբը յառաջիկայ տարուան ապրիլ ամսուան ընթացքին, Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով «Քըրք Տակլըս» սրահին մէջ կը ծրագրէ ներկայացնել Հայոց ցեղասպանութեան մասին թատերական գործերու ընթերցումներ` ոգեկոչելու համար Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը:
Հայկական նիւթով թատերական գործի յատուկ մրցանակին եւ անոր զուգահեռ հազար տոլարի վարձատրութեան արժանացաւ Կորիւն Ափրիկեանի եւ Էրիք տէ Ռոքֆոյի «Պոսֆըրըս» գործը, որ նուիրուած է Հրանդ Տինքի ոդիսականին:
«Հայ աստղ» մրցանակը յանձնուեցաւ բեմագիր Մարտիկ Մարթինին, որ գրած է Ցեղասպանութեան առնչուող «Տը քաթ» ժապաւէնին բեմագրութիւնը:
Այս տարուան մրցանքը կը կեդրոնանար մարդկային իրաւունքներու եւ ընկերային արդարութեան առնչուող նիւթերու վրայ: Այս պատճառով ելոյթներ ունեցան նաեւ «Միջազգային ներում» կազմակերպութենէն Թրէյսի Քարտաշ եւ «Վուտրօ Ուիլսըն» հիմնարկէն Տանըլտ Ուիլսըն Պուշ, որոնց յանձնուեցաւ Հայ թատերական արուեստներու միութեան գնահատագիրներ` միութեան խորհրդականներէն Քրիսթըն Լազարեանի կողմէ:
Ձեռնարկի աւարտին տեղի ունեցաւ դերասան Ալեքս Նեսթատերի լուսանկարչական գործերու ցուցադրութիւնը: Նշենք, որ ան գլխաւոր դերակատարն է Մեկ Ռայընի նոր «Իթաքա» ժապաւէնին, որ հիմնուած է Ուիլիըմ Սարոյեանի «Մարդկային կատակերգութիւն» գործին վրայ, որուն անունը կրող ժապաւէնի պատմութեան համար Սարոյեան «Օսքար» մրցանակին արժանացած էր 1943-ին:
Այս առիթով Հայ թատերական արուեստներու միութեան վարչութեան անդամ Լիսա Քիրազեան եւ անցեալին սոյն մրցանքի աւարտական հանգրուան հասած Պիլ Հովերսթըն յատուկ գնահատագիրներ յանձնեցին ժապաւէնը արտադրող Մեկ Ռայընին, Էրիք Ճենտըրսընին, Ճենեթ Պրենըրին եւ Լաուրա Այվիին:
Վիեննա
Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին
Նուիրուած Ձեռնարկ
Կազմակերպութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ձեռնարկները համակարգող Աւստրիոյ յանձնախումբին, նախագահութեամբ Աւստրիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Արման Կիրակոսեանի, 14 դեկտեմբերին «Հայաստան» կեդրոնի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ծրագիրը ներկայացնելու համար:
Իր ելոյթին մէջ դեսպան Կիրակոսեան ընդգծեց յանձնախումբին եւ անոր կազմին մէջ ընդգրկուած համայնքային կառոյցներու համընդհանուր ցանկութիւնն ու նպատակը` միացեալ ձեռնարկներու միջոցով նպաստել Հայաստանի հզօրացման, հայ ժողովուրդի պատմութեան եւ մշակոյթի հանրայնացման, Հայաստան-սփիւռք կապերու ամրապնդման եւ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման:
Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան ներկայացուց յանձնախումբին կատարած եւ կատարելիք աշխատանքները, ծրագրած ձեռնարկները, յատկապէս` թանգարան-հիմնարկին կողմէ հրատարակութեան պատրաստուող գիրքերու եւ պատկերազարդ ալպոմներու ցանկը:
Գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր: