Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վահանը` Վահանի Վրայ

Յունուար 3, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

010215_vahan10Շաբաթէն կիրակի լուսցող գիշերուան ժամը 1:00-ի մօտերը, ընկեր մը հեռաձայնիս վրայ արձանագրեց Վահան Յովհաննիսեանի մահուան բօթը: Շատերու ու իրեն պէս, ես ալ գիտէի, թէ իր կեանքին թելը մօտ է աւարտին: Կանխաւ «հաշտուած» էի, սակայն հիմա չեմ կրնար հաշտուիլ Վահան Յովհաննիսեանի մահուան հետ:

Մէկը, մեր ժողովուրդի վերջին 25 տարիներու պատմութեան ամէնէն փայլուն դէմքերէն: Իսկ փայլուն դէմքերը անոնք են, որոնք հետք կը ձգեն իրենց ետին, որոնց մասին խօսուածն ու գրուածը կրնայ գալ միայն սիրտերէն ու իմացական աշխարհէն ու ոչ թէ «յաւուր պատշաճի»-ի սովորութենէն:

Փայլուն դէմքերը անոնք են, որոնց բացակայութիւնը պարապութիւն մը կը ստեղծէ: Կը բաւէ ներկայ ըլլալ իր ելոյթներուն` հանրային բեմերու վրայ, կամ կազմակերպական միջավայրի մէջ, խորհրդարանի ամպիոնին վրայ կամ հանրահաւաքի ընթացքին, համոզուելու համար, որ ընթացիկ, սովորական անձի մը հետ չէ մեր գործը:

Սուր միտքի տէր, չարին նկատմամբ անխնայ, թիւրին ու թերիին նկատմամբ պարոնեանական սրամտութեամբ օժտուած անհատականութիւն մը: Ճառագայթող անձնաւորութիւն մը: Յեղափոխականի հոգիով ու յեղափոխող միտքով մէկը, որ գիտցաւ արագօրէն գործի վերածել իր համոզումներն ու հաւատամքը: Իր այն հաւատամքը, որուն անբաժանելի մասը դարձաւ Դաշնակցութեան գաղափարական աշխարհը:

Այս գաղափարի աշխարհին զինուորը եղաւ Վահան Յովհաննիսեանը ու իր այս համոզումն էր, որ զինք ուղարկեց Արցախ, ազատագրական պայքարի ամէնէն բուռն ժամանակաշրջանին: Հետեւաբար, ան եղաւ ոչ միայն գաղափարի զինուոր, այլեւ ազատագրական պայքարի մարտիկ: Ան հաւատաց, որ կա՛մ վահանի վրայ, կա՛մ վահանով պիտի վերադառնար: Այս գաղափարի աշխարհէն իր սորվածը իրեն թելադրած էր հետեւեալ պարզ տրամաբանութիւնը. «Հողը ազատագրե՞լ կ՛ուզէք, խնդրեմ. բայց պատրա՞ստ էք գերագոյն զոհաբերութեան»:

Վահան Յովհաննիսեան Արցախէն վերադարձաւ վահանով:

Հետագային, գաղափարի զինուորը եղաւ նաեւ պետականութեան կառուցման մասնակից: Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան պատասխանատու մարմիններէն կամ պետական զանազան օղակներէ ներս, Վահանը յատկանշուեցաւ քաջութեամբ ու միտքի փայլատակումներով, որովհետեւ ան իր մէջ ունէր Դաշնակցութեան գաղափարական աշխարհի ամբողջ զինանոցը:

Մարտահրաւէրները ճակատէն դիմագրաւող մարդը եղաւ ան, ոչ միայն Արցախի ազատագրական պայքարին ընթացքին, այլեւ խորհրդարանին մէջ` յանուն աւելի արդար Հայաստանի մը կերտումին: Նոյն այս մտածողութիւնն էր զինք առաջնորդողը Եւրոպայի մէջ թէ ուրիշ տեղ, հոն, ուր Հայաստանի շահերը պաշտպանելու եւ առաջ մղելու օրակարգ կար: Նոյն այս տրամաբանութեամբ էր, որ ան ստանձնեց Գերմանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանի պաշտօնը` իբրեւ պայքարի ուրիշ տեսակի խրամատի մարտիկ: Մինչեւ որ…

Հիմա Վահանը կը վերադառնայ… վահանի վրայ:

Լոս Անճելըս
28 դեկտեմբեր, 2014

 

 

Նախորդը

Հայաստան Դարձաւ Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Լիիրաւ Անդամ

Յաջորդը

Հայրենիքը Ձեզ Չի Մոռանայ, Ընկ. Վահան

RelatedPosts

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Դպրոցական Օրերէն Լաւ Յիշատակ Մը
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն «Թռչէի Մտքով Տուն»

Մայիս 10, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Գիտակից Մայրը (Մայրերու Օրուան Առթիւ)

Մայիս 10, 2025
Բնակա՞նը,  Թէ՞  Բնութիւնը
Անդրադարձ

Հերոսածին Մայրեր

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?