Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զարմիկ Տեմիրճեանի Յիշատակին. Օրինակելի Հայուհին

Յունուար 3, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Zarmig-DemirdjianԱնակնկալ բօթ մը ցնցած էր ԼՕԽ-ի «Նայիրի» մասնաճիւղը եւ առհասարակ ԼՕԽ-ի մեծ ընտանիքը եւ բոլոր բարեկամները. «Ընկերուհի Զարմիկը հեռացած է»: Ան մեզմէ անդարձ հեռացած էր, անդարձ` ֆիզիքապէս, բայց հոգեպէս անոր շունչն ու ոգին միշտ առկայ է ու այդպէս պիտի մնայ անոր սիրելիներուն, հարազատներուն եւ յատկապէս ԼՕԽ-ի մեծ ընտանիքի յիշողութեան մէջ:

Լիբանանահայ գաղութի, յատկապէս Պուրճ Համուտի եւ ապա Անթիլիասի գործունեայ  ԼՕԽ-ի այս անդամը կանուխ տարիքէն լծուած էր ազգային, միութենական, հասարակական գործունէութեան: Եղած է ՀՄԸՄ-ական եւ ԼՕԽ-ի զանազան բաժանմունքներու, յատկապէս` Շրջանային ընկերային յանձնախումբի անդամ, «Նայիրի» մասնաճիւղի վարչական եւ ի պահանջել հարկին` պատնէշի վրայ ազգին ու ժողովուրդին ծառայելու միշտ պատրաստ անձնդիր հայը: Մասնակցած է ԼՕԽ-ի Պատգամաւորական ժողովներու` իր օգտաշատ ներդրումը արձանագրելով անոնց յաջողութեան մէջ: Անոր շէնշող, զուարթ ու համեստ նկարագիրը կը վարակէր ու կ՛ոգեւորէր բոլորը, ուր որ ըլլար, երբ որ ըլլար: Ծանօթ էր բոլորին ու քաջատեղեակ, հայութեան ու յատկապէս ԼՕԽ-ի ու առհասարակ հայկական միութենական պատմութեան մանրամասնութիւններուն: Շփոթի թէ մոռացումի պարագային հաւաստի աղբիւր էր, «ընկերուհի Զարմիկին հարցուցէք, ան գիտէ՛» կ՛ըսէին զինք ճանչցողները: Կեանքի ու աշխատանքի պայմաններու բերումով, որոշ ժամանակ մը ընտանեօք տեղափոխուած էր Յունաստան, ուր սակայն դարձեալ ընկհ. Զարմիկ «հանգիստ չէր նստած», միշտ գործի վրայ էր` հաւատալով իր քայլերու արդիւնաւէտութեան ու անոնց խթան հանդիսացած ՀՕՄ-ի, ինչպէս նաեւ ԼՕԽ-ի հայակերտ առաքելութեան: Ան կարեւոր ներդրում ունեցած էր յունահայ գաղութի ու յատկապէս ՀՕՄ-ի` Յունաստանի մասնաճիւղի գործունէութեան մէջ:

Արտաքին երեւոյթով մեղմ, ժպտուն ու համեստ այս հայուհին ունէր հաստատ նկարագիր, սկզբունքային մօտեցում եւ հեզաբարոյ խառնուածք, հեռու` սնոտիապաշտ, ինքնակեդրոն,  կրաւորական մօտեցումներէ: Նախաձեռնող էր ազգաշունչ ոգիի ստեղծման թէ փոխանցման մէջ: Գաղութային, տեղայնական կեանքի եւ ապրելակերպի պայմաններն ու անոնց նորանոր բարքերը չէին կրցած խաթարել անոր հայաբոյր նկարագիրը: Աշխարհասփիւռ հայութեան դիմաց ծառացող  վտանգները` այլասերում, տեղայնացում, օտարամոլութիւն, ազգուրացութիւն, մարտահրաւէրներ էին (եւ են), զորս յաղթահարելը իւրաքանչիւր հայու ճիտին պարտքն է: Ընկերուհի Զարմիկը յաջողած էր յաղթահարել այդ մարտահրաւէրները: Իր հայեցի դաստիարակութեամբ յաջողած էր կազմել ու պահպանել իր ընտանեկան ջերմ բոյնը: «Արդիականացում»-ի պիտակին տակ հայկական աւանդական բարքերուն խոտոր համեմատող գաղափարներն ու սովորութիւնները չէին կրցած շեղել զինք իր ազգային կեանքի ուղեգիծէն:

Ընկերուհի Զարմիկ Տեմիրճեանի բաժանումը մեծ կորուստ է ոչ միայն ԼՕԽ-ի «Նայիրի» մասնաճիւղին, այլեւ ԼՕԽ-ի մեծ ընտանիքին ու առհասարակ հայութեան համար, ուր օր ըստ օրէ կը շեշտուի անշահախնդիր, անձնուրաց, զոհաբերող, «ես»-ը հաւաքականին զոհող, հայ աւանդական ընտանիքի պատկերն ու մթնոլորտը հարազատօրէն պահպանելու նախանձախնդիր հայու եւ հայուհիներու պահանջը:

Սակայն Զարմիկին եւ իր նմաններու ուղին շարունակող եւ անոնց տեսլականներուն հետեւող անձնուրացներու ներկայութեան մէջ է մեր մխիթարութիւնը:

Վարձքդ կատար, սիրելի՛ ընկերուհի Զարմիկ: Յիշատակդ յաւե՛րժ մնայ:

ԼՕԽ-Ի «ՆԱՅԻՐԻ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Նախորդը

Ոդիսական Արշաւ Մը

Յաջորդը

«Ազդակ»-ը 2014-ին. Արագընթաց Արհեստագիտութեան Հետ Քայլ Պահելու Առաջադրանքով

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?