Նիժնի Նովկորոտի Վոլքայի պաշտօնական կայքին մէջ տեղի ունեցած հարցախոյզին արդիւնքներուն համաձայն, 2014-ի լաւագոյն կոլի հեղինակ ճանչցուած է Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Արթուր Սարգիսով, որ գեղեցիկ հարուածով մը պարտութեան մատնած էր Թիւմենի բերդը:
Այս կոլին օգտին քուէարկած են հարցախոյզին մասնակցողներուն 42,4 առ հարիւրը, կը յայտնէ Armsport.am:
Երկրորդ դիրքին վրայ է Էտուարտ Սուխանովի կոլը` Սոքոլի բերդին մէջ, իսկ լաւագոյն եռեակը կ՛եզրափակէ Շինիք – Վոլքա մրցումին Սարգիսովի նշանակած կոլը:


