Նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ կոչ ուղղեց վարչապետ Թամմամ Սալամին ամէն ջանք ի գործ դնելու` ազատ արձակելու համար առեւանգուած բանակայինները եւ անտեսելու այս թղթածրարին կապուած անձնական բոլոր հարցերը:
Միքաթի հաստատեց, որ առաջնահերթութիւնը առեւանգուած բանակայինները ազատ արձակելու համար կառավարութեան կողմէ արագ ծրագիր մը մշակելուն մէջ կը կայանայ:
Միքաթի ընդգծեց, որ այս թղթածրարը զուտ ազգային է եւ ոչ ոք կրնայ պետութեան հեղինակութիւնն ու արժանապատուութիւնը խոցելի դարձնել:


