Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

December 13, 2014
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Սըժաան Քազզի յայտնեց, որ Լիբանան հասած սուրիացի տեղահանուածներուն համեմատութիւնը կը կազմէ Լիբանանի բնակչութեան 42 առ հարիւրը:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա մաղթեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի միջեւ հանդիպումը տեղի ունենայ ամէնէն մօտիկ ապագային:

ԵԼԵԿՏՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ընկերութիւնը պաշտօնապէս յայտարարեց, որ Պէյրութի եւ Հարաւային արուարձաններուն մէջ կատարած է նորոգութիւններ` լուծելով այդ շրջաններուն մէջ մնայուն կերպով ելեկտրականութեան հոսանքի ընդհատումի հարցը:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ պլոք կուսակցութեան նախագահ, նախկին նախարար Էլիաս Սքաֆ յայտնեց, որ Զահլէի մէջ ոչ ոք համաձայն է Ֆաթթուշ ընտանիքին կողմէ հիմնուելիք գործարանին:

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի տեղեկատուական բաժանմունքի պատասխանատու, իրաւաբան Սլէյման Ֆրենժիէ յայտնեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի չի փափաքիր Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահը հանրապետութեան նախագահ տեսնել:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Հապըր յայտնեց, որ նախագահական ընտրութիւնը խոչընդոտող քաղաքական հիմնական կողմը Հըզպալլան է, որ նախագահական ընտրութեան խորհրդարանի նիստերուն ներկայ չի գտնուիր:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ժոզեֆ Մաալուֆ շեշտեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հետ բաց երկխօսութիւնը ընթացքի մէջ է` մաղթելով, որ ան իր կեցուածքներուն մէջ ճկուն ըլլայ:

ՍՈՒՐԻ կրօնաւորներու հանդիպումի նախագահ շէյխ Ալի Եասին խստիւ դատապարտեց առեւանգուած բանակայիններու թղթածրարին նկատմամբ կառավարութեան վարուելակերպը:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան հարցը ոչ մէկ սակարկութեան կարելի է ենթարկել:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Եասին Ժապեր ընդգծեց, որ անհրաժեշտ է արագացնել նախագահական ընտրութիւնը, որովհետեւ անիկա երկրին մէջ որեւէ հարցի լուծման հիմնական բանալին է:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Քարամ շեշտեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հետ կատարուելիք երկխօսութեան կարեւորագոյն նուաճումը անոնց միջեւ կատարուելիք բանակցութիւններուն յաջողութիւնն է:

«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» օրաթերթին համաձայն, Վատիկանի զօրակցութեամբ Ֆրանսա ամէն ջանք ի գործ կը դնէ լուծելու համար նախագահական ընտրութեան թղթածրարը:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Ուաթան» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Մուսթաքպալ հոսանքի աղբիւրներէն, հաստատեց, որ Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ երկխօսութիւնը յետաձգուած է յառաջիկայ տարուան:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Օքազ» օրաթերթին համաձայն, Արսալի շրջափակումը խզելու առումով լիբանանեան ներքին երկխօսութիւն գոյութիւն չունի:

ՊՔԵՐՔԷԻ տեղեկատու գրասենեակի տնօրէն Ուալիտ Ղայեատ շեշտեց, որ Պքերքէ կը զօրակցի եւ կ՛օրհնէ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի միջեւ տեղի ունենալիք որեւէ հանդիպում:

Նախորդը

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը Որդեգրած Է Ռուսիոյ Դէմ Նոր Պատժամիջոցներու Մասին Օրինագիծը

Յաջորդը

Միքաթի. «Առեւանգուած Բանակայինները Ազատ Արձակելու Համար Առաջնահերթութիւնը Կառավարական Արագ Ծրագիր Մը Մշակելուն Մէջ Կը Կայանայ»

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.