Լաւատեղեակ աղբիւրներ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ Քարոզչութեան ու մարդասիրական օժանդակութեան իսլամական համաշխարհային խորհուրդի հիմնադիր մարմինը հինգշաբթի օր իր գումարած ժողովին ընթացքին որդեգրած է որոշում մը, ըստ որուն, Եուսուֆ Քարտաուիի գլխաւորած Իսլամ կրօնաւորներու համաշխարհային միութեան` Իսլամ եղբայրներուն խորհուրդին անդամակցութիւնը կը ջնջուի:
Կը նշուի, որ Իսլամ եղբայրներու կազմակերպութիւնը Իսլամական խորհուրդի անդամ պետութիւններու, ներառեալ` Սէուտական Արաբիոյ եւ Եգիպտոսի կողմէ ահաբեկչական խմբաւորում կը նկատուի, որովհետեւ փաստուած է, որ քաղաքականութեամբ կը զբաղի եւ բարեսիրական աշխատանքներու քաղաքական շահագործում կը կատարէ:
Աղբիւրները նշեցին, որ Իսլամ եղբայրներու Գահիրէի մասնաճիւղը փակուած է եւ անոր աշխատանքները արգիլուած են, ինչպէս նաեւ յայտարարուած է, որ անոր հրապարակած կրօնական հրամանագիրներն ու գիտական աշխատանքները օրինական չեն, մանաւանդ անոնք, որոնք ոստիկանութեան ու բանակին դէմ հրահրում կը կատարեն եւ բռնարարքներ ու սպանութիւններ կը քաջալերեն:
Աղբիւրները «Շարք Աուսաթ»-ին յայտնեցին, որ Գահիրէ գիտէ, որ Իսլամ եղբայրները իրաւաբանական ծածկոյթ մը չունին, սակայն այդ խմբաւորումին անդամները զայն կ՛օգտագործէին Եգիպտոսի մէջ բնակելնուն պատճառով` նկատի ունենալով, որ այդ երկիրը իրաւական պաշտօնական էութիւն մըն է:


