«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու Օհայօ նահանգի Սփրինկֆիլտ քաղաքին դէմ տասնեակ հազարաւոր ագռաւներու «յարձակումը» տեղացիներուն կը յիշեցնէ Ալֆրետ Հիչքոքի «Թռչունները» յայտնի շարժանկարը:
Թէեւ ագռաւները մարդոց վրայ յարձակում չեն գործեր, ինչպէս շարժանկարին մէջ, սակայն անոնց կեղտը եւ ներկայութիւնը կը վնասէ շինութիւններուն եւ վտանգ կը ներկայացնէ բնակչութեան առողջութեան համար:
Քաղաքին մէջ, ուր կ՛ապրի շուրջ 60 հազար մարդ, «բնակութիւն» հաստատած են առնուազն 50 հազար ագռաւներ, որոնք դաշտերու մէջ սնունդ փնտռելէ ետք կը վերադառնան քաղաքի կեդրոն:
Փորձագէտները տակաւին չեն կրցած նշել պատճառը, թէ ինչո՛ւ ագռաւները ընտրած են Սփրինկֆիլտ քաղաքը:


