Ղազախստանի Պավլոտար քաղաքին մէջ տեղի կ՛ունենայ ճատրակի միջազգային մրցաշարք մը, որուն կը մասնակցին նաեւ հայազգի մարզիկներ:
Կրանտմասթըր Զաւէն Անդրէասեան 9 հանգրուանէ ետք կրցաւ հաւաքել առաւելագոյնը 9 կէտերէն 6,5-ը: Միւս կողմէ, միջազգային վարպետ Վահէ Պաղտասարեան ունի միայն 5 կէտ:
Պարագլուխի դիրքին վրայ կը գտնուի ռուս կրանտմասթըր Սերկէյ Վոլկով, որ հաւասարելով վերջին խաղին, առաւելագոյնը 9 կէտերէն կրցած է հաւաքել 8 կէտ:


