Շաբաթավերջին Փերուի բաժակի խաղի մը ընթացքին, որ իրարու դէմ հանած էր Սփորթ Աքիլան եւ Ֆուերցա Միներան, կայծակի զօրաւոր հարուածի մը պատճառով վնասուած էին Սփորթ Աքիլա ակումբի ֆութպոլիստ 21-ամեայ Ժուան Քոնթրէաս եւ մրցավարին օգնականը:
Խաղը դադրած էր եւ ֆութպոլիստը փոխադրուած էր հիւանդանոց:
Սակայն երէկ անգլիական «Տը Կարտիըն» օրաթերթը յայտարարեց, որ Քոնթրէասը ողջ մնացեր է եւ անոր վիճակը շատ աւելի լաւ է, բայց տակաւին պիտի մնայ հիւանդանոց:
Յիշեցնենք, որ այսպիսի դէպք առաջին անգամը չէր, որ կը պատահէր ֆութպոլի դաշտերուն վրայ:


