
«Ֆրանս 24» կը հաղորդէ, որ 2006-ին գրականութեան Նոպելեան մրցանակի արժանացած թուրք գրող Օրհան Փամուք հարցազրոյցի մը մէջ դատապարտած է իր երկրին մէջ իշխող «վախի» մթնոլորտը:
«Ամէնէն վատը այն է, որ վախ կայ: Ես կը տեսնեմ, որ բոլորը վախցած են, ատիկա բնական չէ… Խօսքի ազատութիւնը ինկած է շատ ցած մակարդակի», ըսած է Փամուք` «Հիւրրիյէթ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցին մէջ:
Ան մեղադրած է կառավարութիւնը լրատուամիջոցներու դէմ ճնշումներուն համար եւ յատկապէս ափսոսանք յայտնած ընդդիմադիր լրագրողներու նկատմամբ հետապնդումներուն համար:
«Ընկերներէս շատեր ինծի կ՛ըսեն, որ այս կամ այն լրագրողը կորսնցուցած է իր աշխատանքը: Այժմ մինչեւ իսկ այն լրագրողները, որոնք շատ մօտ են կառավարութեան, հետապնդումներու կ՛ենթարկուին», ըսած է աշխարհահռչակ արձակագիրը:


