
Ելեկտրականութեան ընկերութեան սարակները երէկ վերջ տուին ընկերութեան կեդրոնական շէնքին մէջ իրենց սկսած նստացոյցին, որ տեւած էր 125 օր:
Սարակները մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեցին, որ նկատի ունենալով Ելեկտրականութեան ընկերութեան աշխատանքները եւ անոր պաշտօնեաները, ինչպէս նաեւ ընդառաջելով պատկան մարմիններուն հետ գոյացած համաձայնութեան, որ արդիւնք էր անոնց կողմէ Ելեկտրականութեան ընկերութեան եւ անոր պաշտօնեաներուն նկատմամբ նախանձախնդրութեան, իրենք վերջ կու տան իրենց նստացոյցին:
«Նկատի ունենալով, որ այս համաձայնագիրին շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ ապահովել սարակներուն իրաւունքները, որոշած ենք վերջ տալ մեր քաղաքակիրթ նստացոյցին եւ Ելեկտրականութեան ընկերութեան վարչութեան ու պաշտօնէութեան դիմաց բանալ ընկերութեան դռները` մաղթելով, որ այդ համաձայնագիրը իր բոլոր կէտերով գործադրուի», նշեցին սարակները:
Նշենք, որ ուժանիւթի եւ ջուրի նախարարութեան կեդրոնին մէջ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեան` ընկերակցութեամբ երկրագործութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպի եւ Ելեկտրականութեան ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Քամալ Հայեքի, հրաւիրեցին մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին շեշտեցին, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի կողմէ առաջադրուած նախաձեռնութեան հիման վրայ սարակներուն հետ գոյացած է համաձայնութիւն մը:
Նախարար Ա. Նազարեան աւելցուց, որ այդ նախաձեռնութեան համաձայն գտնուած են խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի եւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն:
Նախարարը շեշտեց, որ իրենք համաձայնած են լուծումի մը շուրջ, որ հիմնուած է օրէնքները յարգելու եւ սարակներուն մտահոգութիւնները փարատելու վրայ:
Ա. Նազարեան ընդգծեց Ելեկտրականութեան ընկերութեան աշխատանքը եւ ժողովուրդին ծառայելու անոր առաքելութիւնը վերահաստատելու կարեւորութիւնը:
Իր կարգին, Ա. Շեհայէպ յայտնեց, որ այս համաձայնութեան նպատակն է յանձնառու մնալ սարակներուն թղթածրարին նկատմամբ եւ պահպանել Ելեկտրականութեան ընկերութեան բոլոր պաշտօնեաներն ու անոնց իրաւունքները:
Իր կարգին, Հայեք շեշտեց, որ այդ համաձայնութեան մէջ հիմնականը օրէնքի գործադրութիւնն է, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական ծառայութեան խորհուրդին որոշումներուն եւ թիւ 287 օրէնքի գործադրութիւնը:
Հայեք մաղթեց, որ Ելեկտրականութեան ընկերութեան մէջ ստեղծուած այդ կացութիւնը երբեք չկրկնուի` աւելցնելով, որ ելեկտրական հոսանքի սպառման յատուկ ստացագիրները բնակարանները պիտի ուղարկուին եւ անոնք յոռեգոյն պարագային պիտի ըլլան երկու ամսուան համազօր ստացագիրներ:


