
Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց ապահովական ընդարձակ նիստի մը, որուն ներկայ գտնուեցան փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել, ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ, առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր, արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆի եւ ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք, բանակի հրամանատար զօր. Քահուաժի, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ, ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իպրահիմ Պասպուս, պետական անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ժորժ Քարաա, Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար հազարապետ-զօրավար Մոհամետ Խէյր, գաղտնի սպասարկութեան ընդհանուր տնօրէն գնդապետ-զօրավար Էտմոն Ֆատել եւ ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքի ընդհանուր տնօրէն գնդապետ-զօրավար Իմատ Օսման:
Նիստին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները:
Միւս կողմէ, առեւանգուած բանակայիններուն ընտանիքները երէկ երեկոյեան հրապարակեցին հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ մերժեցին Ռիատ Սոլհի վրայ իրենց կատարած բաց նստացոյցին վերջ տալու հաւանականութիւնը: Անոնք հաստատեցին, որ այդ նստացոյցը վերջ կրնայ գտնել միայն իրենց զաւակներուն տունդարձով:
Նշենք, որ բանակի հրամանատարութիւնը յայտնեց, որ բանակը Քաայի մէջ ձերբակալած է սուրիացի քաղաքացի Օմար Սալեհ Ամերը, որ անդամ է ահաբեկչական կազմակերպութեան մը եւ գործած է բազմաթիւ ոճիրներ:


