Ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին մէջ քննարկուած է Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու նոր դեսպանի թեկնածուի առաջադրման հարցը:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Ազրպէյճանի մէջ դեսպանի պաշտօնին համար առաջադրած էր Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի առաջին տեղակալ Ռոպըրթ Ֆրենսիս Սեքութայի թեկնածութիւնը:
Նախապէս անոր առաջադրման հարցը քննարկուած էր Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններուն յանձնախումբին մէջ:
Դեսպանի թեկնածուն բաւական հարուստ դիւանագիտական փորձառութիւն ունի: Աշխատած է Թոքիոյի, Պերլինի եւ Քապուլի մէջ:
Ան Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ վարած է տարբեր պաշտօններ, որոնք հիմնականին մէջ ուղղուած եղած են ուժանիւթային, առեւտուրի եւ տնտեսութեան զարգացման մարզերուն:


