– ԹՈՒՐՔԻՈՅ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով նշած է, որ «ծայրայեղական խմբաւորումները թուրք-սուրիական սահմանին մօտ գտնուող Այնթապ քաղաքին մէջ սուրիական ընդդիմադիր կառավարութեան կեդրոնատեղիին դէմ յարձակում կը ծրագրեն»: Դեսպանատունը ամերիկացի քաղաքացիներուն կոչ ուղղեց խուսափելու «Թուրքիա-Սուրիա սահմանին մօտ գտնուող թրքական շրջաններ այցելելէ»:
– ՄԻԱՑԵԱԼ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնեց. «Իրաքի մէջ իրանեան օդային հարուածները թիրախ դարձուցին վայրեր, ուր ամերիկեան օդանաւերը չեն գործեր»:
– ԹՐՔԱԿԱՆ լրատուամիջոցները հաղորդեցին, որ թրքական ապահովական ուժերը «Սի.Այ.Էյ.»-ի եւ ՄԻԹ-ի հետ համագործակցաբար ձերբակալած են Լիպիոյ մէջ Քայիտայի ղեկավար Ապտել Պասիթ Ազուզը, որ մեղսակից է Պենկազիի մէջ ամերիկացի դեսպանին սպանութեան: «Սի.Այ.Էյ.»-ը ՄԻԹ-ը տեղեակ պահած է, որ Ազուզ Պոլիս մուտք գործած է կեղծ անցագիրով` Աուատ Ապտալլա անուան տակ: Թրքական գաղտնի սպասարկութիւնը Լիպիոյ քաղաքացին հսկողութեան տակ առած է եւ կազմած զինք ձերբակալելու խմբակ մը: Ան ձերբակալուած է 13 նոյեմբերին` Եալովա քաղաքին մէջ իր բնակարանէն դուրս գալու ատեն:


