Մինչեւ իր մահը, ամբողջ 102 տարի Լիբանանը սիրած եւ անոր գովքը հիւսած մեծ հայրենասէրը, ինչպէս նաեւ լիբանանեան գրականութեան ու բանաստեղծութեան սիւնը նկատուող մեծ բանաստեղծ Սայիտ Աքլ երէկ յանձնուեցաւ հողին:
Առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Սայիտ Աքլի յուղարկաւորութեան ինքնաշարժներու թափօրը «Էն. Տի. Եու.» համալսարանէն ուղղուեցաւ Կեդրոնական Պէյրութի Մար Ժըրժոս եկեղեցի, ուր կատարուեցաւ անոր յուղարկաւորութեան արարողութիւնը` նախագահութեամբ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին:
Յուղարկաւորութեան ներկայ գտնուեցան նախկին նախագահներ զօր. Միշել Սլէյման եւ Ամին Ժեմայէլ, խորհրդարանի նախկին նախագահ Հիւսէյն Հիւսէյնի, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, մշակոյթի նախարար Ռեմոն Արայժի, աշխատանքի նախարար Սըժաան Քազզի, մեծ թիւով երեսփոխաններ, ինչպէս նաեւ գրական մշակներ, արուեստագէտներ եւ մեծ թիւով սգաւորներ:
Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ Սայիտ Աքլի գրական ստեղծագործութիւնները զայն միշտ կենդանի պիտի պահեն մեր մտքերուն, սրտերուն եւ խղճերուն մէջ:
«Այդ ստեղծագործութիւնները պիտի դաստիարակեն լիբանանցի նոր սերունդները, եւ անոնք պիտի ուսանին անոր թողած հսկայ հարստութենէն», ըսաւ ան:
Ռայի պատրիարքը այդ առիթով մէջբերեց Սայիտ Աքլի արտայայտութիւններէն այն, որ ինք երբեք չի գիտեր ատել, սակայն իրեն համար ատելի են քաղաքական այն անձնաւորութիւնները, որոնք առիթը ունէին, սակայն Լիբանանի համար ոչինչ ըրին:
Յուղարկաւորութեան արարողութենէն ետք, Աքլ փոխադրուեցաւ իր ծննդավայրը` Զահլէ, ուր ընդունուեցաւ հազարաւոր քաղաքացիներու կողմէ:
Ամբողջ Զահլէի վաճառատուները փակեցին իրենց դռները եւ Զահլէի բնակիչները մասնակցեցան Սայիտ Աքլի թաղման արարողութեան` հնչեցնելով երգի վերածուած անոր տաղերը եւ կարդալով մեծ բանաստեղծին հեղինակած իւրայատուկ գործերը:
Զահլէի Մար Մարուն եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ աղօթք` Աքլի հոգւոյն, ապա անոր դագաղը փոխադրուեցաւ «Շարքիա» դպրոց, ուր ան ստացած է իր կրթութիւնը, իսկ գործադրելու համար Աքլի կտակը անոր դիակը փոխադրուեցաւ «Սայիտաթ Նաժաթ» եկեղեցի, ուր կատարուեցաւ անոր թաղման կարգը:
Ապա Աքլի մարմինը ամփոփուեցաւ իրեն համար կառուցուած յատուկ դամբարանին մէջ:


