
Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ Պելճիքայի լիբանանեան գաղութի ներկայացուցիչներուն հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին շեշտեց, որ առեւանգուած բանակայիններուն հարցով Լիբանան երբեք շանթաժի պիտի չենթարկուի` ընդգծելով, որ կառավարութիւնը բանակցութիւններուն սկսած է օրէնքի հիման վրայ եւ անկարելի է այդ օրէնքներէն ու տարազներէն անոր հրաժարիլը եւ այլոց գերիներուն վերածուիլը:
«Մենք յանձնառու ենք մեր 26 բանակայիններուն հոգիներուն, սակայն ոչ ոք թող յանդգնի չորս միլիոն լիբանանցի շանթաժի ենթարկել եւ կամ ամբողջ բանակը շանթաժի ենթարկել», ըսաւ ան:
Անդրադառնալով Լիբանանի մէջ տիրող ներկայ կացութեան` վարչապետ Սալամ յայտնեց, որ Լիբանանի իրավիճակը օրինակելի չէ, որովեհետեւ Լիբանան քաղաքական տագնապներ կը դիմագրաւէ եւ մերթ ընդ մերթ առիթ կու տայ, որ արտաքին միջամտութիւն կատարուի ներքին լիբանանեան հարցերուն մէջ:
«Մենք կարիքը ունինք նախագահական ու երեսփոխանական ընտրութիւններ
կատարելու եւ ոչ թէ խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելով երկրին տագնապը երկարաձգած ըլլալու», հաստատեց ան:
Վարչապետ Սալամ Պրիւքսելի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Եւրոպական Միութեան նախագահ Ժան Քլոտ Եունքըրի հետ` ներկայութեամբ Եւրոպական Միութեան արտաքին յարաբերութեանց յանձնակատար Ֆրետերիքա Մոկերինիի, նախարարներ Ալեն Հաքիմի եւ Նեպիլ տը Ֆրէյժի, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Անժելինա Էխհորեսթի:
Հանդիպումէն ետք վարչապետ Սալամ հաստատեց, որ Եունքըրի հետ իր հանդիպումին նպատակն էր անոր շնորհակալութիւն յայտնել Եւրոպական Միութեան կողմէ Լիբանանին մատուցուած օժանդակութիւններուն համար, ինչպէս նաեւ ընդգծել երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը:
«Եունքըր քաղաքական իր առաջին հանդիպումը փափաքեցաւ Լիբանանի հետ կատարել, որպէսզի շեշտէ Լիբանանի նկատմամբ Եւրոպական Միութեան զօրակցական կեցուածքները», ընդգծեց ան:
Վարչապետ Սալամ յայտնեց, որ հանդիպումը եղած է շատ մտերմիկ` աւելցնելով, որ Եւրոպական Միութեան եւ անոր դերակատարութեան կարեւորութեան մասին իրենք իրենց հաւատքը յայտնած են քաղաքական թէ այլ առումով:
Ան նշեց, որ Եունքըր քաջատեղեակ է Լիբանանի իրավիճակին եւ ճիգ պիտի չխնայէ անոր աջակցելու, յատկապէս Լիբանան հասած սուրիացի տեղահանուածներուն թղթածրարը լուծելու իմաստով: «Եւրոպական Միութիւնը Լիբանանի նկատմամբ նիւթական եւ տնտեսական իր օժանդակութիւնը պիտի շարունակէ», ըսաւ ան` շեշտելով նաեւ Լիբանանի մէջ նախագահական ընտրութիւն կատարելու կարեւորութիւնը:
Նշենք, որ վարչապետ Սալամ երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Քաթարի Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանի իշխանին հետ, որմէ խնդրեց աշխուժացնել առեւանգուած բանակայինները ազատ արձակելու առումով քաթարեան միջնորդութիւնը:
Իր կարգին, Քաթարի իշխանը շեշտեց, որ իր երկրին համար շատ կարեւոր է, որ այս հանգրուանին օժանդակէ Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն` ընդգծելով, որ ինք անմիջապէս ցուցմունքներ պիտի փոխանցէ այդ հարցին հետեւող կողմերուն, որպէսզի բազմապատկեն իրենց ջանքերը:
Միւս կողմէ, իր ունեցած հարցազրոյցներուն մէջ վարչապետ Սալամ հաստատեց, որ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ պատրաստակամ է լիբանանեան բանակը զինելու` աւելցնելով, որ այս ամիս արդէն իսկ լիբանանեան բանակը ֆրանսական զէնքեր պիտի ստանայ:
Վարչապետ Սալամ շեշտեց, որ ինք մօտէն եւ կատարեալ լրջութեամբ կը հետեւի առեւանգուած բանակայինները ազատ արձակելու բանակցութիւններուն` աւելցնելով, որ այդ իմաստով ուղղակի բանակցութիւնները որեւէ ատեն կրնան սկսիլ:
Վարչապետ Սալամ աւելցուց, որ ինք Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում մը ունեցած է նաեւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ եւ անկէ խնդրած օժանդակել առեւանգուած բանակայիններուն ազատ արձակումին հարցով: «Թէեւ Էրտողան խոստացաւ աջակցիլ, սակայն ցարդ ոչ մէկ քայլի դիմեց այդ իմաստով», ընդգծեց Սալամ:
Սալամ նշեց, որ Եւրոպական Միութեան նոր նախագահին հետ իր ունեցած հանդիպումին նպատակը պարզապէս շնորհաւորութիւնները չեն, այլ` Եւրոպական Միութեան հետ Լիբանանի յարաբերութիւններուն ամրապնդումը:
Վարչապետ Սալամ պահանջեց օժանդակել լիբանանեան բանակին, յատկապէս նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, որ Լիբանան չափաւորականութեան եւ ազգային համերաշխութեան խորհրդանիշն է եւ այդ իրականութիւնն է շրջանին գոյութեան երաշխիքը:


